Ո ՜վ Աստուած Պապա
Ո ՜վ Աստուած Պապա
Անուշ Նագգաշեան
Ո ՜վ Աստուած Պապա
Անուշ նագգաշեան
Ո ՜վ Աստուած Պապա
Ամէն գիշեր ես
Կ՚աղօթեմ քեզի,
Կը լսե՞ս ինծի։
Տուեր ես ինծի
Դուն ամէն բարիք,
Հայրիկ եւ մայրիկ,
Եղբայր եւ քոյրիկ։
Ունիմ խաղալիք,
Գնդակ եւ պուպրիկ,
Ամէն օր կ՚ուտեմ
Շատ համով ճաշիկ։
Բայց ինչու ոմանք
Աղքատ են ու խեղճ,
Մէկն առանց հայրիկ,
Միւսն առանց մայրիկ։
Չունին լաւ ճաշիկ
Չունին խաղալիք.
Արդեօք չե՞ն գիտեր
Քեզի հետ խօսիլ…
Ո ՛վ Աստուած Պապա
Չ՞է որ դուն կրնաս
Բոլորին սիրել
Պարգեւ շնորհել։
Այցելէ իրենց,
Որ ես կարենամ Հանգիստ խաղ խաղալ
Եւ ճաշիկ ուտել…։