Դուն Մայր Բոլորին Անուշ Նագգաշեան Աստուծոյ ընտրեալ, Դուն կին վեհագոյն, Դուն Աստուածամայր, եւ Մայր բոլորին, Չկրցայ մօրըս իմ ցաւը յայտնել, Ես Քեզի եկայ, պատկերիդ առաջ Ծնրադրեցի լուռ, աղօթեցի Քեզ, Քանզի եկայ ես, որ աղօթքիս հետ Սիրտդ մայրական իմ սիրտը կարդայ… …