[POEM] Սուրբ Ծննդատօնի Մաղթագիր
Ժագ Յակոբեան
Մոմեր վառենք մենք Հաւատքի,
Որ սիրտը մեր դառնայ ոսկի։
Վառենք մոմեր նաև Յոյսի,
Որ մեր հոգին՝ նման խունկի՝
Չորս դին սփռէ բոյրն Յիսուսի։
Բայց մանաւանդ մոմեր Սիրոյ՝
Վառենք նման տօնածառի,
Որ մեր ողջ կեանքն ողջակէզի
Պէս՝ Աստուծոյ ըլլայ հաճոյ,
Փառքին համար Իր՝ գովելի։
Աստղանման մոմեր որպէս՝
ՀԱՒԱՏՔ, ՅՈՅՍ, ՍԷՐ թող կեանքին մեր
Ըլլան շողերը օրհնաբեր,
Ծովն ի ծով ծագերն ի վեր։
Վառենք, փայլինք մոմերու պէս…։