[POEM] Աղօթքդ
Ժագ Ս. Յակոբեան
Աղօթքը զա՛րկն է զօրեղ որուն դիմաց կը բանայ
Երկինքն իր դուռն երկաթեայ.
Ել հայցագին կանչն է ան՝ որուն կուտայ պատասխան
Երկնանիստ Հայրն անպայման։
Աղօթքն արցունքն է՝ որուն ի լուր գութո՜վ կը շարժի
Մարդասէր սիրտն Յիսուսի.
Քնա՜րն է ան՝ որ կ՚երգէ փառքն ու բարիքն Արարչին,
Սուրբ բառն է ան սիրային։
Աղօթքն աղբիւրն է անդուլ՝ ուրկէ սիրտերն յուսահատ
Կ՚ըմպեն յոյսի անոյշ կաթ.
Ան ովասիսն է ծաղկուն՝ անապատին մէջ կեանքի,
Ուր խոնջ հոգին կը հանգչի։
Աղօթքն ուղին է անյայտ՝ որ խունկի պէս կ՚երկարի
Մինչեւ խորա՜նն երկնքի.
Ան արդարին մաքրագոյն եւ սուրբ համբո՜յրն է սիրոյ՝
Որ կ՚ընծայուի Աստուծոյ…