Պայծառակերութիւն – (գոյական) – լուսափայլ կերպարանք – n. Transfiguration, brilliancy, splendor

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկն է:

Ըստ Աւետարանի` Քրիստոս իր քարոզչական գործունէութեան երրորդ տարուայ ամրան, իր մահուան եւ Յարութեան մասին առաքեալներուն յայտնած կանխասուցութիւնէն վեց օր յետոյ, Պետրոս, Յակոբոս, եւ Յովհաննէս առաքեալներուն հետ բարձրացաւ Թափոր լեռը աղօթելու: Աղօթքի պահուն, Յիսուս անոնց առջեւ կը պայծառակերպուի եւ կ’այլակերպուի “դէմքը փայլեցաւ ինչպէս արեգակը. Եւ անոր զգեստները դարձան սպիտակ` ինչպէս լոյսը” Մատթ. 17.2, հմմտ. Մարկ. 9.2, Ղուկ. 9.29

Ի յիշատակ այս իրադարձութեան` եկեղեցին կը հաստատէ տօնը, որ հայերու մէջ կը տարածուի նաեւ Վարդավառ անունով:

Վարդավառը տեղի կ’ունենար Օգոստոս ամսուան ընթացքին: Այդ առիթով վեց օր շարունակ տօնակատարութիւններ տեղի կ’ունենային: Ջրհեղեղէն վերջ երբ Նոյ նահապետը կ’իջնէ Մասիսի գագաթէն, կը պատուիրէ որդիներուն` ջուր ցoղել իրարու վրայ, որպէսզի մարդիկ չմոռնան Ջրհեղեղը: Ուրեմն աւանդական սովորութեամբ` մարդիկ իրարու վրայ ջուր կը սրսկէին, որովհետեւ ջուրը առատութեան մաղթանք էր եւ մաքրութեան խորհրդանիշ:

Շարակնոցի մէջ Վարդավառի Ա օրուայ կանոնը “Որ ի լերինն այլակերպեալ” կը վերագրուի Անանիա Շիրակացիի, իսկ Բ “Ճառագայթ փառաց” եւ Գ “Այսօր որ էն ի յերկինս բան” օրերու կանոններու երգերը հեղինակած է Ներսէս Շնորհալի: Գրչագիր Գանձարաններու մէջ պահպանուած են Վարդավառ-ին նուիրուած շարք մը տաղեր, որոնցմէ մի քանին տակաւին կը շարունակուին երգուիլ: Անոնցմէ են, Գրիգոր Նարեկացիի “Տաղ Վարդավառի”, ինչպէս նաեւ անանուն “Այսօր լեառն Թափոր” եւ “Լեառն ցնծա դու Թափոր” տաղերը:

Պատրաստեց՝ Կիլտա Պչաքչեան Քիւփէլեան

Աղբիւր` Քրիստոնեայ Հայաստան Հանրագիտարան