Գանձ եւ Սիրտ—Ու՞ր են

Արդի ընկերութեան թէ՛ անձնական եւ թէ մանաւանդ ելեկտրոնական բազմակողմանի յարաբերութիւններու միջավայրին մէջ՝ հասարակաց բարիքը եւ մեր անձնական ինքնութիւնը սահմանելու համար շատ կարեւոր է որ մշակած ըլլանք կարողութիւնը ընտրելու դիրքորոշումներ որպէս մարդ:


Ի՞նչ դիրք ունինք բարեկամութեան մասին։ Ի՞նչ դիրք ունինք գողութեան մասին: Ի՞նչ է մեր դիրքը մարդասպանութեան մասին: Ի՞նչ է մեր ընտրութիւնը դպրոցական կամ համալսարանական քննութիւններուն մէջ խարդախելու կարողութեան դիմաց: Մրցումներու ժամանակ եթէ կարողութիւնը ունինք նենգամտելու՝ ի՞նչ որոշում կ’առնենք: Տուրքերը խորելու կարելիութեան առջեւ ի՞նչ կ’որոշենք: “Սպիտակ” սուտեր կը խօսի՞նք:


Նոյն այս հարցերուն վերաբերեալ ի՞նչ է մեր կեցուածքը որպէս Քրիստոսի աշակերտներ: Արդեօք կը տառապի՞նք բազմաբեւեռ ինքնութիւններու ինքնախաբէութեամբ՝ պատիր կերպով բաժնելով զմեզ որպէս մարդ, քրիստոնեայ, հայ, քաղաքացի, եւ նման ստորոգելիներով:


Քրիստոսի ճշմարիտ աշակերտը մէկ ինքնութիւն ունի, որպէս մարդ, որպէս քրիստոնեայ, որպէս քաղաքացի: Որովհետեւ իր մարդկութիւնը Աստուծոյ պատկերին վրայ ստեղծուած է:


Այս ինքնութիւնը մշակելու եւ սահմանելու համար Յիսուս կու տայ հիմնական կէտեր, որոնց վրայ կը կազմենք մեր խիղճը, այդ կողմնացոյցը՝ որ մեզի միշտ ճշմարիտ եւ հարուստ ուղղութիւնը պիտի տայ: Այս հաստատուն կէտերուն ցուցմունքներուն հիման շնորհիւ քրիստոնեայ աշակերտը կը մշակէ իր նկարագիրը եւ կը գտնէ իր ինքնութիւնը:

Ո՞վ է Յիսուսի աշակերտը:


Յիսուսի աշակերտն է այն՝ որ իր ձեռքը մաճին վրայ դնելէն յետոյ ետ չի նայիր (Ղուկաս 9.62): Յիսուսի աշակերտը իր խաչը կ’առնէ եւ կը հետեւի իր Տիրոջ (Մարկոս 8.34-38): Յիսուսի աշակերտը ցուցամոլ չէ (Մատթէոս 6.1-4): Յիսուսի աշակերտը կ’աղօթէ (6.5-13): Յիսուսի աշակերտը չի դատեր (7.1-5), այլ կը ներէ, եւս աւելին՝ կը քաւէ ամէն անիրաւութիւն (6.14-15):


Յիսուսի աշակերտը գիտէ սուրբ բաները պահել սուրբերուն, եւ յարգի մարգարիտները խոզերու կոխան չըներ (7.6): Յիսուսի աշակերտը կը կատարէ Երկնաւոր Հօր կամքը (7.21-23): Յիսուսի աշակերտը ոչինչ կը դասէ Աստուծմէ վեր (Ղուկաս 9.23-26):


Յիսուսի աշակերտը իր գանձը ունի Աստուծոյ սրտին մէջ, որովհետեւ Աստուծոյ սիրտը կը ստեղծէ իր մէջ երբ իր ինքնութիւնը կը կազմէ աղօթելով, որ Աստուած ղրկէ իր ամենազօր Հոգին՝ հերկելու իր մարմնեղէն կարծրացած սրտին բանական անդաստանը, եւ ընդունի Միածին Որդիին Խօսքը եւ անոր հարուստ պտղաբերութիւնը (Նարեկ, 34.2):

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment