Մեծ Պահքի կիրակիները մեր առջեւ կը դնեն անկատարութեան պատկերներ հանդիսացող տիպարներ՝ անառակ որդին, անիրաւ տնտեսը, անարդար դատաւորը, երբ մէկը պիտի ակնկալէր որ կատարելութեան տիպարներ դրուէին՝ որպէս խրախոյս եւ խթան՝ վեր բարձրանալու մեր տկարութիւններէն եւ դուրս գալու մեզի ընտել թերութիւններէն:
Բայց կատարեալ գաղափարները կը նմանին արուեստի ընտիր օրինակներու, որոնք հեռու կը մնան իրենց գեղեցկութեամբ եւ կատարեալ համաչափութիւններով. կրնան նոյնիսկ յուսալքել մեզ, երբ բաղդատենք մեր վիճակը անոնց բարձրութեան հետ:
Երբ, սակայն, տեսնենք թէ ի՛նչպէս տկարութիւններով համակուած տիպարներ կարող են, նոյնիսկ իրենց մեղաւոր վիճակին մէջ, գտնել եւ ընտրել աստուածային շնորհքին կայծը, եւ հրահրել իրենց կամքը այդ կայծին զօրութեամբ՝ ուղղելով իրենց ճամբան դէպի ամէն կեանքի աղբիւրը, վստահաբար կը քաջալերուինք մենք եւս հետեւելու անոնց օրինակին:
Ապաշխարութեան զօրութիւնը կը սկսի ներգործել մեր բնութեան մէջ՝ երբ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք մկրտութեան սրբարար խորհուրդով մեր մէջ ստեղծուած հաւատքի, յոյսի, եւ սիրոյ գերբնական առաքինութիւններուն լոյսին վրայ:
Որքան բախտաւոր պէտք է նկատենք մենք զմեզ, որ մեր ծնողները մեզի տուած են ոչ միայն բնական կեանքին հրաշալի նուէրը, այլ նաեւ ծնած են մեզ Եկեղեցւոյ մէջ՝ աստուածային գերբնական կեանքին: Դրած են մեր ափերուն մէջ Երկնաւոր Հօր արքայութեան գեղեցկագոյն մարգարիտը. Սուրբ Եփրեմ Ասորին տեսանք թէ ինչպէս վերացած հիացմունքով կը դիտէ իր ափին մէջ այդ մարգարիտը եւ այդեղ կը տեսնէ Յիսուսի գեղեցիկ դէմքը:
Աստուծոյ նոր արքայութիւնը ամէն կողմ է. ամբողջ արարչութեան վրայ կը տարածուի այդ, որովհետեւ մեր մէջն է, եւ կը տարածուի ամէն տեղ ուր մեր հոգին կը տարածէ Աստուծոյ սէրը, ամէն տեղ ուր մեր բարի գործերը կեանք կ’առնեն: Այս է Յիսուսի խօսքերուն իմաստը՝ թէ այստեղ կամ այդտեղ չէ սահմանափակուած Աստուծոյ նոր արքայութիւնը, այլ՝ մեր իսկութեան մէջն է: Մեր նոր բնութիւնն է, այն՝ որուն կը ծնինք սուրբ աւազանին մկրտութեան խորհուրդին արգանդէն:
Ապաշխարութեան կեանք, ուստի, չի նշանակեր միայն լալ ու ողբալ մեր թերութիւններուն եւ մեղքերուն վրայ, այլ՝ ինչպէս կ’ըսէ Սբ. Յովհան Ոսկեբերան հայրապետը՝ փափաքիլ զԱստուած, փնտռել զԱյն: Կը նշանակէ որ եթէ հասակնիս կարճ է Զակքէոսի նման—այսինքն ՝ մեր կարողութիւնները սահմանափակ են—մագլցինք թզենիի մը վրայ, փնտռելու եւ տեսնելու Յիսուս: Եւ առատօրէն պատասխանենք Տիրոջ հրամանին՝ վար իջնելու, ընդունելով մեր հասակին կարճութիւնը: Ա’յն ատեն միայն փրկութիւնը տեղի կ’ունենայ մեր տան մէջ: Հետեւինք Յիսուսի ցոյց տուած ուղղութեան՝ եւ հիմնենք մեր տունը Աստուծոյ ըլլալու կերպին ամուր ժայռին վրայ, ինչպէս կը սորվինք Լերան քարոզին փակման մէջ Յիսուսի տուած պատկերէն (Մատթէոս 7.24-27):
