Երկնաւոր Հօր Խօսքն Ըլլանք

Յիսուս իր քարոզութիւնը սկսելէն առաջ Սուրբ Հոգիով լեցուն՝ անապատ քաշուեցաւ, ուր փորձուեցաւ սատանայէն, կ’ըսէ Ղուկաս աւետարանիչ (4.1): Չկերաւ ու չխմեց այդ օրերուն, եւ քաղց զգաց: Սատանան ըսաւ անոր, “‘Եթէ Աստուծոյ որդի ես, ըսէ՛ այդ քարիդ որ հաց ըլլայ.’ Յիսուս պատասխանեց անոր եւ ըսաւ. Գրուած է, որ ո՛չ միայն հացով կ’ապրի մարդ, այլ՝ Աստուծոյ խօսքին լիութեամբ:” (Ղուկաս 4.3–4):


Տէրունական աղօթքին սնունդը կը փոխակերպէ քրիստոնեան իր գերբնական բնոյթին՝ Քրիստոսի Մարմնին, Եկեղեցիին իրականութեան մէջ: Ամէն օր կ’աղօթենք զայն, որպէսզի կատարեալ կերպով նմանինք մեր Երկնաւոր Հօր, հաղորդուինք աստուածային բնութեան որպէս ճշմարիտ որդիներ:


Մեր հանապազորդեայ հացն է Աստուծոյ Միածին Խօսքը, որուն լիութեամբ մարդ կ’ապրի, որովհետեւ ի՞նչ օգուտ ունի ամբողջ աշխարհը շահիլ բայց մեր հոգիին յաւիտենական կեանքը կորսնցնել:


Սակայն, Յիսուսի դրած չափը շատ աւելի սաստիկ է քան ամէնօրեայ հացին ճաշակումով մեր առնելիք սնունդը: Այս հացը իր Մարմինն է, եւ այս բաժակը իր Արիւնն է Նոր Ուխտին, եւ այդ ճաշակելով քրիստոնեան պէտք է փոխակերպուի Աստուծոյ Խօսքին եւ կրէ այդ Խօսքը որպէս սրբութեան անօթ:


Յիսուս իր քարոզութեամբ ըսաւ մեր քարէ սրտերուն որ հաց ըլլանք, ըլլանք Աստուծոյ Խօսք: Գրեց Երկնաւոր Հօր սիրոյ օրէնքը մեր մարմնեղէն սրտերուն մէջ, այնպէս որ Հոգիին զօրութեամբ ըլլայ մեր հաւատքը, ոչ մարդկային իմաստութեամբ (1 Կորնթացիս 2.4–5), եւ մեր քարոզութիւնը բղխի հաւատքի Հոգիէն (2 Կորնթացիս 4.13) որպէսզի ըլլանք Քրիստոսի պատգամաւորներ (5.20):


Երբ փոխարկուինք տէրունական աղօթքին խօսքերուն, այն ժամանակ պիտի սկսինք աղօթել մեր ամբողջ բնութեամբ, մեր ըլլալով: Պիտի դառնանք յաւիտենական կեանքի ծառին ուռեր եւ Երկնաւոր Հայրը պիտի խնամէ մեզ որպէսզի առատ պտուղ տանք եւ զինք փառաւորենք (Յովհաննէս 15րդ գլուխ): Այն ատեն պիտի կարողանանք բաշխել Յիսուսի խաղաղութիւնը՝ աստուածային ինքնութեան ատոք եւ թաթաղուն լիութեամբ, եւ ոչ որպէս ծիսական նիւթեղէն ձայնի ամուրի հնչում մը լոկ:


Մեր քարոզութիւնը  պէտք է հիմնուած ըլլայ ոչ թէ մեր խօսքին վրայ, այլ՝ Աստուծոյ (1 Կորնթացիս 14.36): Երկնաւոր Հօր Խօսքը պիտի կազմէ մեր բնութիւնը Եկեղեցիին իրականութեան մէջ, եւ Սուրբ Հոգին որպէս աւիշ պիտի շրջագայի մեր երակներուն մէջ եւ աստուածային կեանք ու ծաւալ պարգեւէ մեր ամէն շարժումին,(Գաղատացիս 5.25), այնպէս որ Պօղոս Առաքեալի հետ պիտի կարենանք վկայել, որ մենք չէ որ այլեւս կ’ապրինք, այլ՝ Քրիստոս կ’ապրի մեր մէջ (Գաղատացիս 2.20). պիտի կարենանք հաստատել որ մարդիկ մեր վերաբերումին մէջ ոչ միայն Քրիստոս պիտի տեսնեն արքունական փառքով, այլ՝ զմեզ փոխարկուած, սրբագործուած պիտի տեսնեն որպէս Քրիստոսներ (Գաղատացիս 4.19):


Ի՞նչ ըսենք Եկեղեցիին մէջ մարդկային տկարութիւններուն, անկատարութիւններուն, նոյնիսկ մեղքերուն ի տես: Մեր մարդկային տկարութիւնները ունինք որպէս մարմնական խայթ՝ սատանային հրեշտակը կռփելու մեզ, որպէսզի չհպարտանանք, մնանք ապաշխարութեան մկրտութեամբ սկսած մեր ճամբուն մէջ եւ միշտ մտածենք որ Տիրոջ շնորհքը պէտք է բաւական ըլլայ մեզի (2 Կորնթացիս 12.7–9) որպէսզի մեր գոյութեամբ կարենանք կեանքի բերել Հօր Խօսքը, դրախտին մէջ տնկուած յաւիտենական կեանքին ծառը՝ Աստուծոյ արքայութիւնը:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment