Ի՞նչ Չափով Կու Տանք

Յիսուսի քարոզութեան ամէնէն յատկանշական կէտերէն մին եղած է քաջալերել իր աշակերտները հասնելու գերագոյն բարիին՝ Երկնաւոր Հօր. ըլլալ անոր նման ներող, անոր նման արդար, անոր նման անոխակալ եւ բարեգութ: Յիսուս այս յատկութիւնը նկարագրած է “չափ”ի միտքով: Ղուկասի Աւետարանին մէջ Յիսուս կը պատկերացնէ այս “չափ”ը հետեւեալ խօսքերով. “Տուէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի. ձեր գիրկը պիտի լեցնեն՝ առատ, թաթաղուն, շարժուն եւ զեղուն չափով:” (6.38):


Այս “չափ”ին որպէս օրինակ՝ Մարկոս եւ Ղուկաս աւետարանիչները արձանագրած են այրի կնոջ լումային դէպքը. Յիսուս, Երուսաղէմ մտնելէն ետք, կը մաքրէ տաճարը՝ դուրս վտարելով վաճառականներն ու լումայափոխները, եւ ամէն օր տաճարին մէջ կը քարոզէ Երկնաւոր Հօր արքայութեան հասած ըլլալը: Քարոզութենէն դադարի մը ընթացքին՝ գանձանակին դիմաց նստաւ, եւ կը դիտէր թէ ի՛նչպէս ուխտաւորները դրամ կը ձգէին գանձանակին մէջ: Տեսաւ աղքատ այրի մը, որ երկու լումայ՝ այսինքն մէկ նաքարակիտ, ձգեց գանձանակին մէջ: Յիսուս կանչեց իր աշակերտները եւ անոնց ըսաւ, “Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ այդ աղքատ այրին աւելի դրաւ գանձանակին մէջ քան բոլոր միւսները որ դրին. որովհետեւ ամէնքը իրենց աւելորդէն տուին, բայց ան՝ իր չքաւորութեամբը դրաւ ինչ որ ունէր, իր կեանքն իսկ գոյիւ չափ:” (Մարկոս 12.43–44):


Այրի կինը լրիւ չափով տուաւ իր կեանքն իսկ՝ գոյիւ չափ: Շատ թարգմանութիւններ չեն ուզեր հասկնալ այս բացատրութեան մեծութիւնը, եւ կը վերածեն իրենց սահմանափակ իմացութեան չափով՝ որպէս “ապրուստ” կամ նման սին բացատրութիւններով: Այրի կինը Երկնաւոր Հօր չափ կատարելութեան հասաւ այդ երկու լումաները գանձանակին մէջ նետելով, որովհետեւ այդ չափը յուզեց Հայրը, որպէսզի փոխարէն տայ անոր Իր հաճութիւնը՝ առատ, թաթաղուն, շարժուն եւ զեղուն չափով:


Յիսուս Երկնաւոր Հօր աջ կողմը նստած՝ կը դիտէ թէ մեզմէ իւրաքանչիւրս ի՛նչպէս կ’ապրինք մեր Մկրտութեան խոստումները. թէ՝ ի՛նչպէս կու տանք մենք զմեզ Աստուծոյ: Մեզմէ բաժին չհանենք Աստուծոյ, այլ՝ տանք մենք զմեզ Աստուծոյ ամբողջովին, այ՛նպէս՝ ինչպէս Աստուած կու տայ: Արդարեւ, Աստուած չի բաշխեր, չի բաժներ իր շնորհքները. Ան կու տայ. Հայրը կու տայ իր Որդին. անսպառ կերպով կու տայ. կու տայ առանց ինքն իրեն մաս մը պահելու:


Սորվինք այ՛սպէս տալ: Ոչ թէ՝ բաժին հանենք մեր աւելորդէն, այլ՝ տանք մեր կեանքն իսկ գոյիւ չափ, եւ Երկնաւոր Հայրը պիտի լիացնէ մեզ իր առատ, թաթաղուն, շարժուն եւ զեղուն չափով, պատճառանք առնելով մեր փոքր աղերսը տալու համար Իր հարուստ փրկանքը, ինչպէս կ’աղօթէ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին (3.1):


Մեր նուէրին մեծութիւնը իր ճշգրիտ չափը կը գտնէ, երբ Երկնաւոր Հայրը կ’ընդունի զայն, ոչ թէ երբ մենք կը նուիրենք զայն: Շնորհք պիտի գտնենք Աստուծոյ առջեւ, որովհետեւ մեր Հայրը պիտի լիացնէ մեզ իր առատութեան շնորհքներով, որովհետեւ Ան զուարթ կը յայտնուի մեր փրկութիւնը կատարելու տենչանքով (Նարեկ 3.1):

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment