Հաւատք Ունի՞ս

Մեր առօրեային ընթացքին ամէն տեսակ առիթներու կը յայտնենք մեր մարդկային հաւատքի կարողութիւնը նիւթական բաներու վրայ. կը հաւատանք որ վերելեակը պիտի աշխատի անվրէպ. կը հաւատանք որ մեր ուղղութեամբ եկող ինքնաշարժը պիտի կենայ կարմիր լոյսին. կը հաւատանք որ վարորդները մայթերուն վրայ պիտի չգան. կը հաւատանք որ հանրակառքը պիտի հասնի կայարան եւ մենք պիտի կարենանք հասնիլ գործի. կը հաւատանք որ այսօր պիտի չմեռնինք:


Ի՞նչ են այն բաները որոնց չենք հաւատար, կամ որոնց կը մօտենանք տարակոյսով, եւ կամ Սառայի նման մեր կեղծիքի վրանին վարագոյրին ետեւ պահուած՝ գաղտնաբար կը ծիծաղինք (Ծննդոց 18.12) երբ մէկը մեր օգնութեան դիմէ: 


Չենք հաւատար ամէն բանի որ մեր կարողութենէն անդին կը գտնուի. չենք հաւատար Աստուծոյ գոյութեան, եւ մեծ յաւակնոտութեամբ կը յայտարարենք այդ, եւ եւս աւելի մեծ հեղինակութեամբ կը սորվեցնենք ուրիշներու: Մեր գործերով ցոյց կու տանք որ հաւատք չունինք որ սրբութիւններ կան մեր կեանքը վեր բռնող արարչութեան մէջ: Այդ սրբութիւնները պահպանելու համար մեր բնութեան մէջ Աստուծոյ դրած պատուիրանները չենք պահեր: Մի՛ սպաններ. մենք կը սպաննենք: Մի՛ գողնար. կը գողնանք: Սուտ մի՛ վկայեր. սուտ կը վկայենք ամէն տեսակ հնարքներով: Աւելի լաւ է չշարունակել եւ այսքանով գոհանանք՝ փաստելու համար որ մեր անհաւատութեան ցուցակը շատ երկար է, եւ մեր ինքնահաւան կարողութեան սահմանները բաւականին ոչ միայն ցած՝ այլ եւ ստոր:


Մկրտութեան սրբարար խորհուրդով ստացած ենք հոգեւոր հաւատք՝ որ հիմնուած է Աստուծոյ կարողութեան վրայ: Բայց որպէսզի այս հոգեւոր հաւատքը ծաղկի եւ փոխարինէ մեր մարդկային հաւատալու կարողութիւնը, մանուկներու նման ջինջ ու պայծառ հաւատք ունենալու ենք. մեր աստուածային հաւատքին կեանքը որպէսզի ծաղկի եւ առատ պտուղ տայ, պէտք է սորվինք յանձնել մենք զմեզ Երկնաւոր Հօր խնամքին:


Բայց այս նոր գիտութիւնը սորվելու համար պէտք է յաճախենք շնորհքի դպրոցը: Արդարեւ Աստուծոյ մեզի պարգեւած շնորհքները չեն փոխարիներ մեր մարդկային բնութեան խառնուածքը, այլ իրենց փրկարար զօրութեամբ կը բարձրացնեն զանոնք, սրբագրելով թերութիւնները եւ զարգացնելով բարեմասնութիւնները. սակայն այս գործը կատարելու համար՝ Աստուծոյ շնորհքները պէտք ունին մեր գործակցութեան: Պօղոս Առաքեալ  երբ կը պատմէր իր դարձի պատմութիւնը Ագրիպպաս թագաւորին՝ կարեւոր մանրամասնութիւն մը կը յիշէ Յիսուսի իրեն ուղղած խօսքերէն. “Խիստ է քեզ ընդդէմ խթանի աքացել.” (Գործք 26.14). Դու՛ն պիտի տուժես խթանին դէմ աքացելով, որովհետեւ խթանը աւելի հզօր է.


Աստուծոյ շնորհքին մղումները չեն տուժեր երբ մենք դիմադրենք անոնց կամ անտեսենք զանոնք. մե՛նք կը տուժենք, որովհետեւ կը փախցնենք առիթը յառաջ երթալու մեր կատարելութեան ճամբուն վրայ, ճամբայ մը, որուն վրայ կարելի չէ կանգ առնել. կա՛մ յառաջ կ’երթանք, եւ կամ կը նահանջենք. տեղքայլի ինքնախաբէութիւն չկայ այս ճամբուն վրայ:

Մի՛ աքացեր Աստուծոյ շնորհքներուն դէմ. գործակից եղիր անոնց:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment