Երանի սգաւորներուն, որովհետեւ պիտի մխիթարուին: Որովհետեւ պիտի ստանան հրեշտակին աւետիսը՝ թէ հոս չէ, յարութիւն առաւ: Յարութեան լոյսը կը փարատէ խաւարը եւ կը ծագէ Աստուծոյ յաւիտենական օրը: Աստուծոյ այս յաւիտենական օրը կը ծագի Յիսուսի Երանիներուն եօթնարփեան լոյսով եւ կը բերէ կատարեալ մխիթարութիւն բոլոր անոնց որ բարի կամքով կը մասնակցին իրականացնելու Երանիներուն սահմանած նոր տրամաբանութիւնը:
Քրիստոսի մահուան մէջ քրիստոնեային ստացած մխիթարութեամբ երկնքի արքայութիւնը ժառանգելու համար պէտք է աղքատ ըլլալ. երկիրն ու երկինքը եւ ասոնց բոլոր հրաշալի զարդերը վայելելու համար պէտք է հեզ ըլլալ. միայն անոնք որ ծարաւի են եւ քաղցն ունին արդարութեան՝ կրնան յագենալ արդարութեամբ. ողորմութիւն կը գտնեն անոնք որ կ’ողորմին. զԱստուած կը տեսնեն անոնք որ սրտով մաքուր են. անոնք որ իրենց մէջ կը կրեն աստուածային լոյսին ջինջ ու պայծառ ճառագայթը՝ առատութեամբ կը տեսնեն եւ կը վայելեն աստուածային բարութիւնները:
Խաչին վրայ Յիսուս իր հոգին աւանդելով Հօր ձեռքերուն մէջ (Ղուկաս 23.46), լիացուց Հօր յաւիտենական եւ աստուածային սիրոյն նախանձայոյզ պահանջը՝ նոյնքան յաւիտենական եւ աստուածային սիրոյ երախտով եւ առատութեամբ. եւ ճիշդ Յիսուսի նուիրումին այս առատութեան մէջ է որ քրիստոնեային մխիթարութիւնը կեանք կ’առնէ:
Տէր Յիսուսի մահուան մէջ մնալու գիտակցութեամբ՝ քրիստոնեան երբեք պէտք չէ մոռնայ իր Տիրոջ մահը. միշտ պէտք է յիշէ զայն: Պօղոս Առաքեալին հրահանգին հետեւելով՝ քրիստոնեան միշտ պէտք է պատմէ Յիսուսի մահը (1 Կորնթացիս 11.26), միշտ վառ պահէ իր Տիրոջ ծանօթութիւնը: Սբ. Գրիգոր Նազիանզացիին խօսքերով՝ միայն անոնք որ կը ճանչնան եւ գիտեն իրենց զօրութեան աղբիւրն ու սկիզբը կարող են հրճուիլ եւ զուարթանալ քնարական ներդաշնակ նուագով զոր ստեղծագործութեան հրաշալիքները անպակաս եւ անթերի ամէն օր կը ծագեն մեր իմացութեան ունկնդրութեան մէջ:
Մեր մխիթարութիւնը իր արմատներն ունի Երկնաւոր Հօր կամքին մէջ, եւ Անկէ կը ստանայ իր սնունդն ու գոյացութիւնը: Արդարեւ, Հայրը տիրացաւ իր արքայութեան, եւ վերացուց մարդուն անգիտութեան եւ անծանօթութեան ժամանակները՝ բանալով ապաշխարութեան ճանապարհը իր Որդիին մէջ՝ կեանքով եւ ճշմարտութեամբ լեցուն: Սահմանեց դատաստանի օր մը, երբ իր անբեկանելի եւ վերջնական վճիռով իւրաքանչիւր մարդու արդարութեան փրկութիւնը պիտի հաստատէ, բոլոր արարչութեան հնազանդութեամբ լրումին հասցնելով փրկութեան աւետիսին իր խոստումը (Հռոմայեցիս 8.22-25):
Հայրը կնքեց դատաստանի այս օրը սահմանելու իր վճիռը՝ յարուցանելով Յիսուս մեռելներէն (Գործք 17.31). այս է ահա Երկնաւոր Հօր խորագոյն եւ տիեզերական կամքը, որուն կատարումը խնդրել Յիսուս սորվեցուց մեզի, որպէսզի փառաւորուի Հօր անունը (Յովհաննէս 12.28), եւ մենք ըլլանք լոյսի որդիներ եւ քալենք մկրտութեան սրբարար խորհուրդով մեր մէջ լուցուած այս լոյսին մէջ (Անդ, 12.36): Յիսուսի այս խօսքերը լոյսին պատկերով կը ներկայացնեն սիրոյ իր պատուէրը (Անդ 13.34 եւ 14.21–24), որուն գործադրութիւնը խաչէն իսկ աւելի հզօր՝ քրիստոնեային նշանն է (Անդ 13.35):
Միայն զիրար սիրելով մենք պիտի կարենանք ընդունիլ Հօր եւ Յիսուսի ճշմարտութեան Հոգին, իսկական Մխիթարիչը որպէս առհաւատչեայ եւ կնիք աստուածային խոստումներուն իրականացումին, որովհետեւ միայն սիրոյ այս պատուիրանը պահելով է որ մենք կը սրբուինք եւ կը հաստատուինք ճշմարիտ որթատունկին վրայ՝ բերելու առատ պտուղ եւ փառաւորելու Հայրը (Յովհաննէս 15.1–8):
