Ամէն կիրակի Յիսուսի յարութեան յիշատակը կը տօնենք: Յարութեան ժամամուտին հռչակած հրաշքը կ’ապրինք եւ այդ աստուածային գործով կը դառնանք նոր արարածներ: “Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբ իւրով մեզ կեանս պարգեւեաց. նմա փառք յաւիտեանս. ամէն:” “Քրիստոս յարութիւն առաւ մեռելներէն. իր մահով յաղթեց մահուան, եւ իր յարութեամբ մեզի կեանք պարգեւեց. յաւիտենական փառք անոր. ամէն:”
Հիմնուած մեր անցաւոր կեանքին փորձառութեան վրայ, մեր ապշած միտքը եւ ուշադրութիւնը կը դառնայ ապագային կայանալիք իրականութեան մը վրայ՝ այն ինչ հրեշտակները աւետեցին երկինքի ամպերուն վրայ յառած ուշադիր առաքեալներուն. “Ո՜վ գալիլիացիներ, ի՞նչ կեցած ակնապիշ երկինքը կը դիտէք” (Գործք 1.11), իբրեւ շատ հեռու ապագային գալիք իրականութիւն մը: Երկնաւոր Հօր արքայութիւնը եկած, հասած է, եւ Յիսուսի յարութեամբ Հայրը հաստատած է օրը՝ երբ աշխարհը վերջնական արդարութեամբ պիտի դատէ, ինչպէս Պօղոս առաքեալ քարոզեց Աթենքի մեծ հրապարակին մէջ (Գործք 17.31):
Չարին եւ բարիին մասին առաջին բանական բացատրութիւններէն մին է Սբ. Գրական անհնազանդութեան պատմութիւնը (Ծննդոց 3.1-19), որուն հետեւանքով մահը իբրեւ “անէծք” կը դրուի. անէծք մը, որ իր մէջ չի կրեր “պատիժ”ին հասկացողութեան մէջ ծրարուած փրկութեան նշոյլը: Այս անէծքն է զոր Յիսուս իր մահով վերացուց, եւ մեզի կեանք պարգեւեց:
Տիրոջ մահուան մէջ մեր մահը կը ստանայ իր ժամանակաւոր չափը եւ ստոյգ իմաստը. մեր մահը մասնակցութիւն կը դառնայ Աստուծոյ Որդիին մահուան, եւ այդ մասնակցութեան շնորհիւ կը կրէ փրկարար զօրութիւն: Այդ մասնակցութեան շնորհիւ՝ մեր մահը կը կրէ իր մէջ յաւիտենական դատաստանին արդարութիւնը, նմանելով ցորենի հատիկին, որ ոչ թէ նախ կը մեռնի եւ ապա կը թաղուի, այլ՝ կը թաղուի եւ ապա կը մեռնի, որովհետեւ կեանքի սկզբունք է. պիտի ծլի եւ պտղաբեր դառնայ: Տիրոջ մահուան մէջ՝ մեր մարմնական մահը կը դադրի յաւիտենական ըլլալէ, եւ կը դառնայ դուռը վերջնական եւ յաւիտենական արդարութեան եւ փրկութեան դատաստանին:
Յիսուսի մահուան մէջ մեր մահը մեզի առիթը կու տայ ճշգրիտ հասկացողութիւն կազմելու Աստուծոյ կամքին մասին, պատիժին իմաստին մասին, կարեւորը անկարեւորէն ջոկելու անհրաժեշտութեան մասին, յաւիտենական եւ տեւողական արժէքի հասկացողութեան մասին, Աստուծոյ “Ուխտ”ին մասին, զոր կնքեց իր մարդուն հետ, այն կտակին մասին՝ որով մարդը դարձաւ Հօր որդի եւ ժառանգ՝ Քրիստոսի մարմնին Եկեղեցիին մէջ:
Յիսուսի մահուան իրականութեան մէջ՝ երբ մտածենք մահուան մասին, կը գտնենք այնտեղ սկիզբ մը եւ վերջ մը, կ’իմանանք Տիրական զոհին անհուն արժէքին մասին, նուիրումի եւ սիրոյ փրկարար զօրութեան մասին, զատիկի փոխարկութեան հզօր ուժին մասին, կեանքի մասին: Յիսուսի մահով Հայրը մեր մէջ յայտնեց իր սէրը, կը գրէ Պօղոս Առաքեալ հռոմայեցիներուն (5.8-11). ոչ թէ մեզի, այլ՝ մեր մէջ: Այսինքն՝ իր սէրը սփռեց մեր մէջ, (Հռոմայեցիս 5.5) որպէս ի՛ր իսկ աստուածային անմահ կեանքին սերմը, այնպէս որ՝ այնտեղ ուր մեղքը աճեցաւ, եւս աւելի առատ կեանք բերաւ աստուածային այս շնորհքը:
Տիրոջ մահուան մէջ՝ մեր յարութիւնը կը հռչակէ նոր եւ յաւիտենական կեանքին գիտութիւնը, մեր Տիրոջ անմահութեան բուրումը կը տարածէ ամէն տեղ, կը գրէ Պօղոս Առաքեալ կորնթացիներուն երկրորդ նամակին մէջ (2.14–16): Դրախտին մէջտեղը տնկուած ծառին պտուղն է Տիրոջ մահը, որ մեզի կու տայ ոչ միայն չարին եւ բարիին ստոյգ գիտութիւնը, այլ նաեւ կու տայ կեանք, յաւիտենական կեանք՝ կրճատելով մարմնական մահուան տիրապետութեան ժամանակը:
