Ներէ՛ Մեզի եւ Պիտի Արդարանանք

Պօղոս Առաքեալի օրինական արդարացումին հասկացողութիւնը—հաւատքով մեզի հասած արդարութիւնը—եւ Երկնաւոր Հօր հաճութիւնը ստանալու արդարացումը երկու տարբեր քայլեր են դէպի աստուածային ողորմութիւնը տանող ճամբուն վրայ:


Հաւատքը պէտք ունինք՝ հասնելու համար արդարութեան, բայց եթէ չներենք մեզի դէմ եղած անարդարութիւնները եւ չթողունք մեզի պարտապաններուն, Աստուած պիտի չողորմի մեզի եւ իր արդարութեան հաճութեամբ մեզ իրեն որդիներ պիտի չընդունի:

Պայմանը շատ յստակ է եւ կէս հասկացողութիւններու տեղիք չի կրնար տալ. բայց պատմութեան մէջ չեն պակսիր այս ճշմարտութեան ոչ միայն կէս այլ նոյնիսկ քառորդ եւ եւս նուազ հասկացողութիւններ:


Հայրը զեղչով չէ տուած իր սէրը մեզի, ոչ ալ կը հաճի որ մենք զեղչելով շնորհենք իր բոլորական քաւութեան եւ թողութեան շնորհքը, որուն մեզ արժանի ըրած է Յիսուսի խաչելութեան զոհին զօրութեամբ: Եթէ տարակոյս ունինք այս կէտի մասին՝ կը բաւէ դարձեալ կարդանք տէրունական աղօթքին այս տողը. “Ներէ մեզի մեր պարտքերը ինչպէս եւ մենք կը ներենք մեզի պարտք ունեցողներուն:”


Հաւասարութիւն մը դրած է Յիսուս այստեղ, զոր մենք իրաւունք չունինք թերահաւատութեամբ փոխելու, ոչ ալ կարողութիւնն ունինք անոր համեմատութեան օրէնքը լուծելու, որովհետեւ ներգործող ուժը Հօր ողորմութիւնն է, ոչ թէ մեր կամքը: Այո, Յիսուս մեզի տուաւ Հօր աստուածային իշխանութիւնը իրարու մեղքերը թողլու, բայց չտուաւ որեւէ համարձակութիւն այդ թողութիւնը շնորհելու պարտաւորութեան հրամայականը դրժելու:


Մենք պարտաւոր ենք ներելու մեզի հանդէպ եղած ամէն մեղք եւ անարդարութիւն: Ապա թէ ոչ՝ պիտի չարդարանանք Հօր առջեւ, պիտի չընդունինք մեր մեղքերուն թողութիւնը:


Ահաւասիկ այս է մեր դատարանը: Այս է Յիսուսի ձեռքը եղած հեծանոցին իմաստը եւ անոր զօրութիւնը (Մատթէոս 3.12), որով ան պիտի զատէ յարդը իր հացահատիկէն, որպէսզի սրբագործէ իր այդ հացը եւ իր Մարմնին փոխարկէ Սուրբ Հոգիին իշխանութիւնը կրող իր արարող խօսքին զօրութեամբ:


Ապաշխարութեան մկրտութեամբ պատուաստուած ենք Քրիստոսի վրայ. իր սիրոյ պատուիրանը պահելով, հաղորդ կը մնանք իր Սուրբ Հոգիին, եւ այդ Հոգիին հոսուն աւիշով մեր բնութիւնը—հոգի եւ մարմին—կը փոխարկենք Եկեղեցիին բնութեան: Յիսուս ցորենի հատիկին առակով գծեց իր աշակերտներուն հետեւալիք ուղին. նոյն առակը կը բացայայտէ աստուածային Խօսքին զօրութիւնը. մեր բնութեան մէջ արմատ արձակելով՝ այդ Խօսքը կը սնանի մեր բնութիւնը փոխարկելով նոր ցորենի, երեսնաւոր, վաթսնաւոր, նոյնիսկ հարիւրաւոր պտղաբերութեամբ:


Կը վայելենք, այսինքն, Հօր մշակութեան խնամքը եւ կու տանք առատ պտուղ. քաւելով եւ ներելով ամէն անարդարութիւն՝ հաղորդ կը դառնանք մեր Տիրոջ Յիսուսի քաւիչ զոհին, եւ ներկայ կը դարձնենք Հօր անսպառ արդարութիւնն ու ողորմութիւնը, որ կը կազմեն խաղաղութեան եւ երջանկութեան խարիսխները: Կենդանի վկաներ կը դառնանք Աստուծոյ սիրոյն:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment