Ո՛չ ամէնքս մարմնական մեր կեանքը ստացած ենք անթերի եւ կատարեալ առողջութեամբ, կամ խառնուածքի գաղափարական հարստութեամբ. ոմանք ուրախ ու շէն ներկայութիւն ունին, ուրիշներ՝ զգուշաւոր եւ շրջահայեաց մօտեցում, դարձեալ՝ ուրիշներ եկած են այս աշխարհ ողբալու եւ լալու համար միայն, մինչ ուրիշներ հանգիստի կոչուած են ծնած րոպէէն, աշխատանքի ոգի կրողները ու կորով ունեցողները չեն կարող սպասել եւ անգործ նստիլ, եւ այսպէս՝ մարդկային ընկերութիւնը հրաշալի զանազանութեամբ ծաղկած պարտէզի կը նմանի, յիշեցնելով Սուրբ Գրքի առաջին իսկ տողերուն մէջ նկարագրուած Աստուծոյ տնկած եդեմական ընտրութեամբ լեցուն գեղեցիկ դրախտը:
Մկրտութեան աւազանին հոգեւոր կեանքի ծնունդով եւս մենք կը ստանանք սրբարար շնորհքին լիութիւնը, սակայն հաւասար եւ արդար՝ առանց խտրութեան եւ անհաւասարութեան, լիառատ հաւատք, աստուածային բարիքներուն լուսաւոր շողով փայլուն յոյս, եւ ինքնին Աստուծոյ բնութեան հաղորդ ամենազօր սէր:
Մարմնական ծնունդով ստացած մեր կեանքը մեծ զոհողութեամբ կը պատրաստենք որպէսզի հասնինք յաջողութեան, եւ բարի օրինակ եւ յիշատակ թողունք մեր շրջապատին մէջ: Ի՞նչ կ’ընենք մեր հոգեւոր կեանքը հասցնելու իր լրումին: Ո՞րքանով կը պատրաստենք մեր հոգիները ի գործ դնելու մեր ստացած լիառատ հաւատքը. ի՞նչ քայլեր կ’առնենք մեր փայլուն յոյսին շողը տարածելու մեր չորս բոլորը. իսկ՝ որ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու ամէնէն սքանչելի փաստը պիտի տար՝ ի՞նչպէս շնորհքի կեանքը կու տանք մեր մարմնաււոր գործերուն մեզ Աստուծոյ հետ կապող սիրոյն զօրութեամբ:
Պօղոս Առաքեալը քրիստոնեային հոգեւոր կեանքը կը նմանցնէ ասպարէզին մէջ մրցումի իջած մարզիկի մը վազքին: (1 Կորնթացիս 9.24–27): Նպատակին հասած ըլլալու յաղթանակին պսակը ստանալու համար շատ լաւ պէտք է վազել, եւ շատ լաւ վազելու համար պէտք է շատ լաւ մարզուիլ: Ի՞նչպէս կը մարզուինք մեր հոգեւոր կեանքը լիօրէն ապրելու համար. Աստուծոյ տուած յաւիտենական այս արժէքը չվատնելու համար ի՞նչ քայլեր կ’առնենք:
Յիսուս իր քարոզութեան ընթացքին ցոյց տուած է թէ որո՛նք են այն հրահանգները զորս պէտք է հաւատարմօրէն կատարենք, որպէսզի հասնինք յաղթանակի այս պսակին. եւ տարօրինակ չեն այս հրահանգները, ոչ ալ անսովոր՝ մարդոց ուշադրութեան արժանի:
Օգնութեան հասնիլ օգնութեան պէտք ունեցողին. բաժակ մը ցուրտ ջուր տալ ծարաւ մէկու մը. ստէպ աղօթել, որ ամէնէն կարեւոր հրահանգերէն մին է: Օրինակ՝ ամէն անգամ որ մեր առձեռն հեռախօսիկները ձայն հանեն՝ սովորութիւն ընենք Յիսուսի անունը յիշել եւ խնդրենք որ մեզի տայ շնորհքը իրեն նման բարի ըլլալու: Ամէն անգամ որ ինքնաշարժի ճչակ մը լսենք՝ սովորութիւն ընենք միտքերնիս Աստուծոյ բարձրացնել եւ շուտով շնորհակալ պիտի սկսինք ըլլալ ճչակներով խօսողներուն՝ փոխանակ ուրիշ բաներ մտածելու:
Խաղաղութիւն միշտ ընդ քեզ:
