Ո՞վ է Յիսուսի Աշակերտը

Յիսուս իր աշակերտները ղրկեց որպէսզի քարոզեն ապաշխարութեան մկրտութիւնը, որովհետեւ ինք Աստուծոյ արքայութիւնը բերած էր, եւ իր աշակերտները պիտի ընդլայնէին իր քարոզած աւետիսը տանելով զայն բոլոր մարդոց բոլոր ժամանակներու ընթացքին: Յիսուսի յարութեան շարունակութիւնն է քրիստոնեային տիեզերական առաքելութիւնը, ինչպէս Մատթէոս կը բնութագրէ զայդ. “Ինչպէս Հայրը ղրկեց զիս–կ’ըսէ յարուցեալ Յիսուս–ես ալ կը ղրկեմ զձեզ աշակերտելու բոլոր հեթանոսները:” (28.18–20):


Տէր Յիսուսի քարոզութիւնն է իր աշակերտը: Ամէն քրիստոնեայ առաքեալ է Յիսուսի, եւ ամէն քրիստոնեայ–անխտիր–շարունակութիւն է Տէր Յիսուսի՝ Եկեղեցիին բնութեան հաղորդութեամբ: Քրիստոնեայ աշակերտը Մկրտութեան սրբարար խորհուրդով Եկեղեցիին բնութեան մէջ կը թաթախուի եւ կը պատուաստուի Քրիստոսի Մարմնին վրայ՝ հաղորդ դառնալով Անոր աստուածային բնութեան եւ գործին:


Տաճարին վերանորոգումը նշող Նաւակատիքի տօնն էր Երուսաղէմի մէջ, եւ այս առիթով է որ Յիսուս կը սորվեցնէ այս ճշմարտութիւնը–պատահական զուգադիպութիւն չէ որ Յիսուս այս տօնը կ’առնէ որպէս շրջապատ իր քարոզութեան: Տէրը կը քակէ այդ տաճարը, երեք օրէն կառուցանելու համար իր Եկեղեցին: Յովհաննէսի յիշողութեան մէջ տպաւորուած են մանրամասնութիւններ, նշան՝ որ մեծ էր քարոզութեան ազդեցութիւնը ամէնուն վրայ: Աւետարանիչը կը յիշէ որ Յիսուս կը ճեմէր Սողոմոնեան սիւնազարդ սրահին մէջ. եւ թէ ձմեռ էր. եւ թէ հրեաները հաւաքուեցան անոր շուրջ. եւ ըսին, “մինչեւ ե՞րբ մեր հոգին պիտի հանես. եթէ դուն ես Քրիստոսը, համարձակ ըսէ՛ մեզի:” (10.24):


Ո՞ր կասկածը հրեաներուն հոգին կը հանէր. Յիսուսի պատասխանը կ’օգնէ մեզի հասկացողութիւն մը կազմելու հրեաներուն կասկածին հիմերուն մասին. Յիսուսի գործերն էին անոնք, որ կը հաստատէին Տիրոջ քարոզութիւնը. “Ըսի ձեզի, եւ չէք հաւատար. այն գործերը որ ես Հօրս անունով կը կատարեմ՝ անոնք կը վկայեն իմ մասին. ես եւ Հայրը մէկ ենք:” (Յովհաննէս 10.25, 30): Այդ գործերէն հրեաները կը հասկնային որ այստեղ Աստուծոյ ներկայութիւն մը կար, բայց կը մերժէին տեսնել այդ ներկայութիւնը, եւ կ’ուզէին իրենց ուրիշ հասկացողութիւնը պարտադրել Աստուծոյ վրայ: Յիսուսի պատասխանը չէր կարելի աւելի յստակ ըլլալ, եւ հրեաները շատ լաւ հասկցան զայդ, այնքան որ քարեր վերցուցին քարկոծելու համար Յիսուս: “Շատ բարի գործեր կատարեցի. ո՞ր բարի գործին համար այդ քարերը ձեռքերնիդ առեր էք քարկոծելու համար զիս” հարց տուաւ Յիսուս, ծուղակ լարելով՝ որ հրեաները իրենց իսկ բերնով բարձրաձայն հաստատեն իրենց հասկացողութիւնը. “Բարի գործերուդ համար չէ որ քարկոծելու ենք, այլ հայհոյութեանդ համար, որովհետեւ դուն մարդ ես եւ ինքզինքդ Աստուած ըլլալ կը հաստատես:


Սուրբ Գրական երկու մեծ դէպքերու հետ զուգահեռ հաստատելով–դրախտին մէջ առաջին զոյգին եւ անապատին մէջ իր իսկ փորձութիւններուն–Յիսուս պատասխանեց. “Ձեր օրէնքին մէջ չէ՞ գրուած ‘Ես ըսի որ աստուածներ էք:’ Իսկ եթէ աստուածներ կը կոչէ զանոնք որոնց Աստուած կ’ուղղէ իր Խօսքը–եւ անկարելի է որ Գիրքը եղծուի–ապա որքան աւելի՝ զայն որ Հայրը սրբացուց եւ աշխարհ ղրկեց:” (Հմմտ. Յովհաննէս, 10.34–38): 


Երկնաւոր Հօր իշխանութեամբ Յիսուս կը շարունակէ գրել Սուրբ Գիրքը՝ սրբացնելով եւ աշխարհ ղրկելով իր աշակերտները. եւ քրիստոնեան–աշակերտը–իր գործերով վկայութիւն պարտի տալ այս սքանչելի նոր արարչութեան հրաշալի իրականութեան: Աշակերտը մէկը չէ որ միայն կը սորվի, կը հասկնայ, կ’ընդունի, այլ է այն՝ որ կը շարունակէ, կը մարմնացնէ, իրական կը դարձնէ իր Վարդապետէն սորված եւ ժառանգութիւն ստացած ճշմարտութիւնը, որովհետեւ այդ ճշմարտութիւնը կենդանութիւն է եւ ոչ գաղափար, յաւիտենական կեանքի բարի գործ է, եւ ոչ վերացական իղձերու մահկանացու փունջ:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment