Աւետարաններուն մէջ երեք միջավայրներ կան, որոնց ընթացքին Յիսուս իր աշակերտներուն կ’ուղղէ հետեւեալ խօսքերը. “Աշակերտը աւելի չէ քան իր վարդապետը, եւ ոչ ալ ծառան՝ քան իր տէրը: Աշակերտին հերիք է, եթէ իր վարդապետին նման ըլլայ, եւ ծառային՝ իր տիրոջ”:
Մատթէոս (10.24–25) Յիսուսի այս խօսքերը կու տայ տասներկու Առաքեալները ղրկելու քարոզին մէջ, իսկ Ղուկաս կը յիշէ Յիսուսի այս խօսքերը “Դաշտավայրի Քարոզ”ին մէջ (6.40): Իսկ Յովհաննէս (13.16) կը դնէ այս խօսքերը Վերջին Ընթրիքին բացման՝ յետ Յիսուսի իր աշակերտներուն ոտքերը լուալուն. “Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ծառան աւելի մեծ չէ քան իր տէրը, եւ ոչ ալ առաքեալը՝ զայն ղրկողէն”:
Երեք յիշողութիւններն ալ հանդիսաւոր են, եւ Յովհաննէս աւելի շեշտուած կերպով կ’ընդգծէ կարեւորութիւնը, “Ճշմարիտ, ճշմարիտ” ներածութեամբ: Այս շրջապատը կարեւոր է նկատի առնել, որովհետեւ յատուկ կերպով կ’ընդգծէ Յիսուսի ուսուցման այս կէտը՝ ըմբռնելով զայն որպէս պատուիրական ուղեցոյց իր աշակերտներուն եւ հետեւորդներուն: Մենք մեր Վարդապետէն եւ Տէրէն աւելի չենք կարող ըլլալ. որովհետեւ աշակերտ ենք, ծառայ ենք, առաքեալ ենք: Աշակերտի, ծառայի, եւ առաքեալի մեր ինքնութիւնը կը հիմնուի, ճիշդ, մեր Վարդապետին եւ Տիրոջ հաւատարիմ ըլլալուն վրայ, Անոր նման ըլլալուն՝ ոչ աւելին, եւ ոչ նուազը:
Հոգեբանական ժամանակակից հետազօտութիւնները ցոյց կու տան որ մարդուն բնութիւնը–մարմին եւ ոգեղէն–ամէնէն հիմնական եւ հզօր ազդակն է որ կը վարէ անոր վերաբերումը անարդարութեան հանդէպ: Չարիքին դէմ կենալը ամէն բանէ առաջ հաստատուած է մեր մարմնական եւ ոգեղէն խառնուածքին–մեր բնութեան–անխարդախ բնազդին վրայ, եւ միայն յետոյ՝ այս բնութեան ուժերը դաստիարակող եւ ազնուացնող սկզբունքներուն վրայ:
Այս կարեւոր անդրադարձութիւնը աչքի առաջ ունենալով՝ կը տեսնենք թէ որքան կարեւոր է քրիստոնեային համար ընտանենալ Քրիստոսի Մարմնին՝ Եկեղեցիին մէջ ստացած իր նոր բնութեան, որպէսզի կարենայ այդ բնութեան ոչ միայն անխարդախ, այլ սուրբ նկարագիրէն բխղեցնել անարդարութեան եւ չարին դէմ իր գործերը:
Վերջին Ընթրիքի նկարագրութեան մէջ, Յովհաննէս կը յիշէ նաեւ Յիսուսի հետեւեալ խօսքերը. “Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ ով որ կը հաւատայ ինծի՝ ինք եւս պիտի ընէ այն գործերը որ ես կ’ընեմ, եւ անոնցմէ աւելի մեծերն ալ պիտի ընէ, որովհետեւ ես Հօր կ’երթամ:” (14.12):
Առաջին ակնարկով հակասական կրնան թուիլ Յիսուսի հանդիսաւոր այս խօսքերը մտածականին սկիզբը յիշած խօսքերուն. բայց երբ մտնենք Տիրոջ Սուրբ Հոգիին խորհերուն մէջ՝ իբրեւ ընդունողներն այդ Հոգիին, իբրեւ այդ նոր բնութեան կրողները՝ կը տեսնենք Յիսուսի խօսքերուն ստոյգ տարողութիւնը:
Սուրբ Հոգիին խորհերուն մէջ կը մտնենք “հաւատալով” Յիսուսի, անցնելով, մտնելով այդ աստուածային ամենակալ զօրութեան յաւիտենական դռներուն սեմերէն ներս: Դռներ՝ որոնց սեմերն ու բարաւորը կնքուած են Տիրոջ խաչելութեան զոհին արիւնով, եւ կը վայելեն Երկնաւոր Հօր հաճութիւնը, որ անքուն աչքերով կը հսկէ եւ կը պահէ իր Եկեղեցին եւ կը լիացնէ իր Միածին Որդիին այդ Մարմինը արարչագործ զօրութեամբ:
Եւ ահա՛, այս շնորհքներուն մատակարարը կ’ըլլայ քրիստոնեան, երբ պահէ Յիսուսի սիրոյ պատուիրանը, եւ այդ սիրոյն մէջ–այդ նոր բնութեան մէջ–Յիսուսի գործած հրաշքներէն աւելի մեծերն ալ կարող պիտի ըլլայ իրագործել, որովհետեւ անկարելի է որ Աստուծոյ խօսքը սուտ ելլէ (Յովհաննէս 10.35):
