Աստուծոյ մասին մեր հասկացողութիւնները կը մշակենք մեր մարդկային փորձառութիւններէն: Անհատական մակարդակին վրայ՝ այդ հասկացողութիւնները կու գան իւրաքանչիւրիս անձնական փորձառութիւններէն, եւ կ’ընդլայնին ու կը կերպաւորուին մեր շրջապատին հետ մեր ունեցած խօսակցութենէն: Այս շրջապատը ուժական է եւ կ’աճի ու կը զարգանայ մեր ընթերցումներով, դաստիարակութեամբ, տածած բարեկամութիւններով: Որու՞ հետ կը խօսակցինք. ի՞նչ բարեկամութիւններ կը մշակենք. մեր ապրուստը հոգալու համար ի՞նչպէս եւ ի՞նչ միջավայրի մէջ կը պատրաստուինք. մեր շրջապատը, մեր ընկերութիւնը ի՞նչ կարելիութիւններ կը դնէ մեր առջեւ:
Որպէս Քրիստոսի աշակերտներ, մենք ի՞նչ շրջապատ կը կազմենք՝ որպէսզի աստուածային շնորհքի կեանքը, զոր ստացած ենք Մկրտութեան սրբարար խորհուրդով, մարմին առնէ, աճի եւ զարգանայ մեր մէջ: Խորհրդածելով Սերմնացանին առակին միտքերուն մասին՝ մեր ուշադրութիւնը բնականաբար կը կեդրոնանայ սերմին ուժական եւ կեանքով լեցուն կարողութեան վրայ, որ բարի եւ պարարտ հողին մէջ իյնալով՝ կը ծլի, կ’աճի առոյգ կեանքով, եւ բարի պտուղը կու տայ:
Բայց ի՞նչ է այդ պարարտ հողին դերը՝ որ կ’ընդունի աստուածային Խօսքը եւ կը կազմէ այդ Խօսքին կեանքի գալու միջավայրը: Պօղոս Առաքեալ այս իրականութիւնը կը նկարագրէ քարոզութեան խորհուրդով: Երբ կը լսենք Աստուծոյ Խօսքին քարոզութիւնը, կը հանդիպինք Աստուծոյ, կ’ընդունինք Իր Հոգին, կը հաստատէ Առաքեալը (Գաղատացիս 3.2 եւ Հռոմէացիս 10.14): Աստուած մեզի այցելութեան կու գայ քարոզութեան այս խորհուրդին շնորհիւ՝ դնելու մեր մէջ Իր Հոգին, որ Իր Խօսքին իմաստն ու միտքն է:
Ի՞նչպէս կ’ընդունինք մեր Տէրը, ի՞նչպէս կը խօսակցինք մեր Տիրոջ եւ Արարիչին հետ: Ինք կը ցանէ Իր Խօսքը մեր մէջ, այո, բայց մենք ի՞նչ կը պատասխանենք այդ խօսքին: Մե՛նք ի՞նչ խօսք կը ցանենք Աստուծոյ մէջ: Մեզի հետ հաղորդութիւն հաստատելով՝ Աստուած մեզի կու տայ մեծ եւ ահաւոր շնորհքը խօսելու իրեն հետ: Ի՞նչ կ’ըսենք: Բանավէճի՞ կը վերածենք մեր խօսակցութիւնը: Մրցումի՞ կ’ելլենք թէ ո՛վ իրաւունք ունի բոլոր հարցերուն մասին՝ որոնք այդ խօսակցութեան ընթացքին կը դնենք: Արդեօք Մարիամի նման Տիրոջ հետ խօսակցութիւնը բան մը կը սորվեցնէ՞ մեզի:
Թոյլ կու տա՞նք, որ Աստուծոյ այցելութիւնը դառնայ բնակութիւն մեր բնութեան մէջ, եւ ոչ թէ րոպէական հանդիպում մը: Կը պատրաստե՞նք մենք զմեզ որպէս բնակարաններ Աստուծոյ, ուր Ան հանգիստ զգայ, մտնէ եւ ելլէ, եւ ճարակ տայ մեզի եւ բարձրանանք Իր մակարդակին: Կը հասկնա՞նք որ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կ’արդարացնէ եւ յարգի կը դարձնէ Երկնաւոր Հօր աչքերուն:
