Յովհաննէս Աւետարանիչ կ’աւետէ մեզի Բարի Լուրը՝ որ մեր կեանքը լոյսի մէջ կը սկսի. Աստուծոյ լոյսը, զոր ունինք երկրաւոր այս կեանքէն իսկ. այս լոյսը չի գտնուիր հեռաւոր կէտի մը վրայ, որուն պէտք ենք հասնիլ առաքինի կեանք մը վարելով: Տէր Յիսուսի աւետիսը ստոյգ կերպով հասկնալու համար պէտք է սորվինք մտածել ոչ թէ մարդկային բնութեան մէջ սահմանափակուած մեր միտքերով, այլ՝ միտքերով որոնք կարող են խորհիլ Աստուծոյ Հոգիով: Իր մարդեղութեամբ Յիսուս բերաւ այս լոյսը մեզի եւ մեր օրը կը սկսի այս լոյսով: Պէտք ենք ընդունիլ լոյսը եւ քալել այդ լոյսին մէջ, վայելել այդ լոյսին գեղեցկութիւնն ու ջերմութիւնը այս երկրէն իսկ:
Ի՞նչպէս կրնանք ապահով ըլլալ թէ ո՛րն է ճշմարիտ վարքը, որ կը պահէ մեզ առաւօտեան ծագող այս լոյսին մէջ: Բարի խորհուրդի եւ բարի օրինակներու հետեւիլը կ’օգնէ մեզի գտնելու եւ պատրաստելու մեր ճանապարհները լոյսի մեր կանքին մէջ: Բայց գիտակից ըլլալու ենք նաեւ՝ որ մեքենաբար այդ օրինակներուն հետեւիլը չ’ապահովեր մեր ուղին գտնելը. որովհետեւ Աստուած իրւաքանչիւրս կը կոչէ անձնապէս: Տէր Յիսուսի հետեւելու կոչը ընդհանուր կանչ մը չէ, այլ՝ իւրաքանչիւր անձի ուղղուած յատուկ եւ անփոխարինելի շնորհք՝ որուն նպատակն է բուժել եւ մխիթարել, դարձնել իւրաքանչիւրս աւետարանիչներ Բարի Լուրին՝ սփռելու համար զայն իւրաքանչիւրիս յատուկ շրջապատին մէջ, եւ ժամանակներուն կարիքներուն համաձայն:
Աստուածային եւ երկնաւոր այդ շնորհքը կը հոգայ Եկեղեցիին կարիքները եւ Քրիստոսի այդ Մարմնին սրբութեան եւ կեանքին աղբիւրն է: Մեզմէ իւրաքանչիւրս պէտք է գիտակից ըլլայ, որ շնորհքի այս ձայնը կը կանչէ մեզ գործակցելու Աստուծոյ արարչագործ զօրութեան՝ կառուցանելու ամէն օր Իր Միածին Որդիին գեղեցիկ Մարմինը, որուն անդամները կը դառնանք Մկրտութեան սրբարար խորհուրդին զօրութեամբ:
Երբ խոնարհութեամբ տանք մեր պատասխանը Տէր Յիսուսի մեզի ուղղած հրաւէրին՝ թէ կը սիրենք զինք միւսներէն աւելի, կը բանանք մեր ամբողջ բնութիւնը ընդունելու շնորհքի առաւօտեան այդ պայծառ լոյսը, եւ անսայթաք հետեւելու արդարութեան արեգակին մեր առջեւ գծած ընտրութեան ճամբուն: Կը դառնանք շինողներ Աստուծոյ Եկեղեցիին, Սուրբ Հոգիին կենարար զօրութիւնը կը բաշխենք մեր չորս բոլորը, բարի օրինակ կը դառնանք ուրիշներու՝ որ անոնք եւս հետեւին իւրաքանչիւրը իր յատուկ կոչումին: Մեր ներկայութիւնը կը ծագէ լոյսի առաւօտներ մեր շրջապատին մէջ, օրինակ տալով՝ ոչ թէ խօսքերով, այլ շատ աւելի ազդու եւ յարգի՝ մեր բարի ու սուրբ վարքով:
Մեր առօրեայ ցուցակին մէջ հաւատարիմ տեղ պէտք ենք տալ Հասարակաց Կարգաւորութեան Աղօթքները Աստուծոյ մատուցանելու: Ժամերգութիւնը միայն վանքերուն մէջ ապրող նուիրեալներուն համար չեն կազմած մեր հայրապետները, այլ՝ ինչպէս անունը կ’ըսէ՝ հայ եկեղեցին կազմող բոլոր հասարակութեան աղօթքագիրքն է այդ: Այդ աղօթքներով է որ մեր հոգեւոր նոր դրախտը, ուր մտած ենք Մկրտութեան սրբարար խորհուրդին զօրութեամբ, կրնայ ծաղկիլ եւ պտղաբեր ըլլալ: