Բղխումն ի Հօրէ

Սբ. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին հոգեւոր կեանքը վեր բռնող հաստատուն սիւներէն մին է գիտակցութիւնը թէ մենք չենք մեր մէջ ծագած լոյսին աղբիւրը, այլ՝ մեր մէջ ճառագայթող լոյսին ակունքը Միածին Խօսքն է զոր Հայրը կը խօսի մեր մէջ:


Տէր Յիսուսի հետ Մկրտութեան սրբարար խորհուրդին զօրութեամբ հաստատուած այս խոր կապը հաղորդ կը դարձնէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ Անոր բնութեան եւ նկարագիրին՝ որպէս անդամներ Իր Մարմնին: Այս կապը ամէնէն հաւատարիմ նմանութեամբ միշտ կը ճգնի կերպաւորել մեր դիմագիծը որպէս պատկերներ Աստուծոյ, որովհետեւ գերազանց խոնարհութեամբ Աստուծոյ Միածին Որդին ինքզինք ունայնացուց, սահմանեց, ժամանակի մէջ դրաւ, մարմնացաւ, մարդացաւ, ծնաւ մեր նիւթական աշխարհին մէջ: Եղաւ Սամարացին, որ կանգ առաւ մեր վիրաւոր բնութեան ի տես, իջաւ գետին բուժելու համար մեր վէրքերը: Տուաւ մեզի Իր Սուրբ Հոգին որպէս սպեղանի եւ զօրութիւն՝ ապաքինելու եւ մնալու առողջ՝ մինչեւ Իր երկրորդ անցքը, վերադարձը՝ դեռ աւելի մեծ շնորհքներով օծելու մեր առողջացած բնութիւնը, մարելու համար յաւելեալ ամէն պարտք որ մենք կը բարդենք մեր վրայ առողջանալու մեր ընթացքին մէջ:


Հոգեւոր կեանքին հիմերը կը դրուին այս խոնարհ լռութեան մէջ՝ որուն ընթացքին կը սորվինք ճանչնալ Աստուծոյ ձայնը մեզ շրջապատող աղմուկին մէջ: Այդ ձայնին ընտելանալէն յետոյ, կը սորվինք հետեւիլ անոր տուած խորհուրդներուն, կը սորվինք Աստուծոյ լեզուն, կը հասկնանք Աստուծոյ միտքը եւ նպատակը, եւ ապա կարող կը դառնանք խօսելու Իր իսկ Խօսքը՝ Տէր Յիսուս, մեր կեանքին օրինակով:


Երբ աճինք քրիստոնէական կեանքին այս աստիճանին՝ Երկնաւոր Հօր հաճութիւնը կ’իջնէ մեր վրայ, եւ կը վայելենք Սուրբ Հոգիին հովանին եւ զօրութիւնը, որ կը լիացնէ մեզ իր պտուղներով: Արդարեւ, պիտի հաղորդ ըլլանք յաւիտենական կեանքի ծառին, պիտի դանանք այդ ծառը եւ տանք կեանք պարգեւող պտուղներ, ինչպէս Տէր Յիսուս կ’ակնկալէ իր աշակերտներէն (Մատթէոս 7.16-20):


Լռութեան այս դպրոցին մէջ կը գտնենք մեր իսկական ինքնութիւնը, այն ճշգրիտ պատկերը Աստուծոյ, զոր ինքն իսկ մեր Երկնաւոր Հայրը պաճուճած է մեր մարդկային բնութեան կտաւին վրայ: Չենք փորձուիր այլեւս կարծելու մենք զմեզ բաներ որ չենք (Գաղատացիս 6.3), կը խօսինք միայն Աստուծոյ Խօսքը:


Կը մտնենք Սուրբ Հոգիին շունչին տակ, ուր ոչ մէկ օրէնք եւ չափ կայ սիրելու, խաղաղութիւն բերելու, քաղցր եւ համբերող ըլլալու, հաւատարիմ մնալու կեանքի եւ ճշմարտութեան Ճանապարհին ուղղութեան, ազնիւ եւ բարեխնամ ըլլալու բոլորին հանդէպ: Կը դառնանք, այսինքն, կատարելապէս ազատ, որպէսզի կարենանք հնազանդիլ Սուրբ Հոգիին շունչին, բանալ Անոր մեր առագաստները եւ սլանալ դէպի յաւիտենական Բարիին խորհուրդը, ապրելով Հոգիին մէջ, քալելով Հոգիին մէջ (Գաղատացիս 5. 23, 25):

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment