Դուռն Ողորմութեան

Ծաղկազարդի կիրակին կը տօնենք Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքին յիշատակը: Մուտք՝ որ կը բանայ դռները Աւագ շաբթուան խորհուրդին: Այս խորհուրդը դուռն է Աստուծոյ ողորմութեան, որովհետեւ մեզի կ’առաջնորդէ ապաշխարութեան ճամբով դէպի Աստուծոյ արքայութիւնը: 


Ինչու՞ համար ծիսական եղանակէն դուրս կը յիշեմ այս իրականութիւնը. որովհետեւ այս կը կազմէ աստուածային շնորհքին զօրութեամբ մեր մէջ ցանուած կեանքը, եւ այս կեանքը միշտ պէտք է աճի եւ զարգանայ, առանց նայելու թէ ի՛նչ եղանակի մէջ կը գտնուինք, կամ թէ ե՞րբ է ճիշտ ժամանակը Աստուծոյ փրկութեան:


Աստուծոյ ողորմութիւնը միայն մեր յանցանքներուն ու մեղքերերուն թողութիւն շնորհելու դերը չունի, այլ մեր հզօր պաշտպանութիւնն է՝ յանցանքներ գործելու դէմ, որովհետեւ կը դնէ մեր մարդկային բնութիւնը այն ճանապարհին վրայ՝ որ մեզ կը տանի դէպի մեր յաւիտենական կեանքին հանգիստը:


Երբ բանանք այս դուռը եւ մտնենք Աստուծոյ ողորմութեան ճանապարհը, դուրս կ’ելլենք մարդկային քաղաքէն եւ կ’ուղղուինք դէպի Աստուծոյ քաղաքը: Կը սկսինք մեր ուխտագնացութիւնը որպէս ճշմարիտ պանդուխտներ, առանց մեր հետ առնելու մարդկային խոհեմութեան թելադրած ռոճիկն ու պաշարը: Տէր Յիսուսի խօսքերով, միակ բեռը զոր պէտք է կրենք այս մաքրութեան ճանապարհին վրայ՝ է մեր խաչը (Ղուկաս 14.27): Ետին պէտք է թողունք ամէն ինչ (Ղուկաս 14.33), որպէսզի շահինք Աստուած՝ այդ գեղեցիկ եւ ամէնէն յարգի մարգարիտը՝ որպէս մեր Երկնաւոր Հայրը, եւ հասնինք մտնելու Անոր քաղաքը՝ մարգարտայեռ դռներէն (Յայտնութիւն 21.21):


Այս ճանապարհին վրայ կը սորվինք տալ մեր պտուղը, որպէսզի ճանչցուինք այդ պտուղէն (Մատթէոս 12.33): Կը սորվինք, այսինքն, ճանչնալ մենք զմեզ, եւ իմանալ մեր պտուղէն՝ եթէ բարին կու տանք մեզի մօտեցողներուն: 


Կը սորվինք չկեղծել մեր պտուղը, գաղջ եւ աննկարագիր շղարշի տակ ծածկելով զայն, եւ յենուելով ուրիշին դատողութեան վրայ՝ որոշելու եթէ մեր պտուղը ընդունելի է կամ խոտելի. կամ՝ ձեւացնելով որ առատ պտուղ կը կրենք, բայց երբ Ի՛նք, Տէր Յիսուս մօտենայ մեզի քաղելու զԻնք յագեցնող պտուղը, գտնէ սաղարդախիտ մեր պերճանքին տակ՝ դրախտէն արտաքսուածին մերկութեան ծածկոյթ մը միայն (Մարկոս 11.13):


Երբ պատենք մենք զմեզ Աստուծոյ ողորմութեան ծածկոյթով՝ կը ստեղծենք յաւիտենական կեանքը ծնող արգանդ մը, ուր մեր ճշմարիտ ինքնութիւնը կը կերպաւորուի. կը պատուաստուինք Աստուծոյ Միածին Որդիին Մարմնին վրայ, կը դառնանք Անոր Եկեղեցին, կը կազմենք մեր իսկական բնութիւնը, որուն շնորհիւ միայն կարող կը դառնանք տալու բարի պտուղը՝ յաւիտենական կեանքին պտուղը, մեր խաչին վրայ, այնպէս՝ ինչպէս Տէր Յիսուս տուաւ զայն Իր Խաչին վրայ:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment