Եղելոց Խնամող

Քրիստոնեային նկարագիրին ամէնէն յատկանշական գիծերէն մին է ինքզինք յաձնելը իր Երկնաւոր Հօր խնամքին: Տէր Յիսուս յատուկ խանդաղատանքով կը վառի ամէն անգամ որ Իր եւ մեր Երկնաւոր Հօր մասին կը քարոզէ: Կարծես Իր էութեան մէջ անհուն եւ հզօր կարօտ մը կեանք կ’առնէ ամէն անգամ որ ‘հայր’ բառը գործածէ, կամ ‘հաց’, կամ ‘ջուր’, կամ երբ կ’աւետարանէ բարի լուրը՝ թէ հասած է Հօր արքայութիւնը:


Ամէն անգամ որ տեսնէ խնամքի կարօտ էակ մը, սիրոյ անհուն գորովով կը բորբոքի եւ անմիջապէս կը խնամէ, կը բուժէ, թոյլ կու տայ որ Իր զօրութիւնը առնեն Իրմէ, կ’արձակէ հոգիները չարին կապանքներէն, կու տայ ամէնուն Իր Սուրբ Հոգին: 

Կը բարեգործէ, այսինքն բարին կը ստեղծէ նոյնիսկ այնտեղ ուր բարին պակաս է, որովհետեւ նախանիւթի պէտք չունի մեր Հայրը իր ամենակալ զօրութիւնը ներգործելու համար:


Աստուածային խնամքին ամէնէն մեծ յայտնութիւնն է քաւութիւնն ու թողութիւնը որով բուժեց մեր մեղաւոր բնութեան վէրքերը: Մեզի կեանք պարգեւեց չարին գերութենէն ազատելով, եւ մեր մէջ սփռեց Իր սէրը՝ որպէս կեանքի դեղ՝ անսպառ աղբիւր բարի գործերու:


Մեր քրիստոնէական նկարագիրը իր գիծերը կը ստանայ Տէր Յիսուսի այս Սուրբ Հոգիէն եւ նոյն Հոգիին առատութիւնը պէտք է բաշխէ: Ամէնէն անմիջական եւ հաւատարիմ կերպով կը նմանինք աստուածային խնամող ներկայութեան, երբ տարածենք Իր խնամքը մեր շրջապատին մէջ: Այդ է ամէնէն ընտիր կերպը փաստելու որ Աստուծոյ հարազատ որդիներ ենք. խորթ չենք մեր արմատներուն ազնուական ծագումին:


Մեր օրուան բոլոր ժամերուն համար՝ Հասարակաց Աղօթքի Կարգաւորութիւնը պատրաստած է մեզի սաղմոսներու, աղօթքներու, եւ շարական երգերու ճոխ ընտրութիւն, որպէսզի սնուցանենք մեր մէջ Աստուծոյ խնամակալութեան նմանելու կարողութիւնը:


Ամէն օր բանանք մեր աչքերը Աստուծոյ լոյսին մէջ, որպէսզի մեր ամբողջ էութեամբ խնամք տանինք մեզի յանձնուած անձերուն, գործին, արարչութեան: Օրհնենք մեր Տէրն ու Արարիչը այսպիսի հրաշալի կոչում մը տուած ըլլալուն համար: Մեր վրայ Իր ունեցած վստահութիւնը ի թերեւ չհանենք՝ պայմաններ դնելով խնամքի գանձերէն բաժին հանելու անոնց, զորս Աստուած կը ղրկէ մեր ճամբուն վրայ: Երբ տեսնենք կարիք ունեցող մէկը՝ դարձնենք զայն մեր ընկերը, օգնելով եւ մեր խնամքը չզլանալով: Ոչ միայն, այլ՝ երախտագէտ սրտերով ընդունինք մեզի տրուած խնամքը եւ առաջնորդութիւնը, որպէսզի առիթ տուած ըլլանք ուրիշներուն նմանելու Աստուծոյ, իսկ մեզի՝ մարզուելու խոնարհութեան մէջ:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment