“Մարմինիդ ճրագը աչքդ է. երբ աչքդ յստակ է՝ ամբողջ մարմինդ ալ լուսաւոր կ’ըլլայ:” (Ղուկաս 11.34):
Կը կարծենք յաւիտենականը տեսած ըլլալ երբ մեր ակնարկը հանգչի մեր չափաւոր բնութեան փակ սահմաններուն վրայ. ամէն երեկոյ կ’աղօթենք սաղմոսին խօսքերով՝ թէ կը բարձրացնենք մեր աչքերը դէպի վեր, այն բարձունքները որոնց վրայ կը հանգչի Աստուած, եւ կը հասնի օգնելու մեր տկարութիւններուն: Կը լեցնէ մեր աչքերը իր լոյսով, որպէսզի իր Խօսքին ճշմարտութեամբ առաջնորդուինք դէպի Հօր անսպառ բարութիւնը՝ հեռու ամէն վտանգէ:
Ահա՛, այ՛ս է Յիսուսի աւետիսը, որ ընդարձակ յաւիտենականութիւն մը կը բանայ մեր առջեւ. յաւիտենականութիւն մը, որ չի սպառիր նիւթին եւ ժամանակի ծաւալներէն դուրս ելլելուն մէջ միայն, այլ “զատիկ” մըն է, անցք մը, դէպի նոր երկինք եւ նոր երկիր. նոր լոյսի տակ տեսնել մըն է: Յստակութեան բերած առատութեամբ լեցուն ամբողջութեան մը մէջ մտնել է:
“Տեղ” մըն է այս, ուր Աստուած կը թագաւորէ. Իր արքայութիւնն է. մեր աչքերուն մէջ Իր կամքը կը գոյանայ, հաղորդ կը դառնայ աստուածային “եղիցի”ին զօրութեան եւ կը լուսաւորէ մեր ամբողջ մարմինը, մեր մտածելակերպը, մեր կեանքը, մեր գործերը. մարմին կը դառնայ մեր մէջ՝ որուն աղօտ նկարագրութիւնն է Ադամի եւ Եւայի առաջին հանդիպման պատկերը (Ծննդոց 2.23-24):
Մարմնական աչքին իրականութիւնը կամուրջ մըն է, զոր Տէր Յիսուս կը գործածէ կապելու համար ամբողջ մարդկային մեր վիճակը՝ Աստուծոյ ներկայութեան. Աստուած՝ որ կը փնտռէ մեզ, ոչ միայն որպէս հանուր մարդկութեան եւ տիեզերքի Արարիչ, այլ իւրաքանչիւրիս անհատապէս փրկիչը, տալով իւրաքանչիւրիս մարգարէական առաքելութիւն մը՝ կրելու Իր Խօսքը, Տէր Յիսուսի Մարմնին եւ Արեան հաղորդութեամբ: Ի՛նչ է մեր վերաբերումը աստուածային այս կոչումին հանդէպ:
Ի՞նչ է մեր կեցուածքը երբ ճշմարտութիւնը կը յայտնուի, եւ կու գայ այցելութեան մեր առօրեայ վիճակին մէջ: Ուրախութեամբ եւ յուզումով առաջ կ’երթա՞նք դիմաւորելու Աստուծոյ ծագումը մեր կեանքին մէջ: Թէ՞ իւղերնիս սպառած լապտերներով կը փորձենք լուսաւորել մենք զմեզ:
Յիսուս լոյս ըսելով կը պատկերացնէ մեր հասկացողութեան համար Աստուծոյ դատաստանը ճանչնալու ամէնէն կարեւոր ազդակը: Երբ մէկուն գործերը բարի նպատակներ չունին, ան չ’ուզեր քալել լոյս միջավայրի մէջ. կը նախընտրէ խաւարը, որպէսզի իր ծածուկ նպատակները չյայտնուին (Յովհաննէս 3.19–21), ինչպէս Յիսուս կ’ամփոփէ Նիկոդեմոսի հետ ունեցած խօսակցութիւնը: Լոյսը Աստուծոյ դատաստանը չէ, այլ այդ դատաստանը յայտնաբերող ազդակն է. Աստուծոյ դատաստանը կը յայտնուի լոյսի ոլորտին մէջ, ո՛չ խաւարի. Աստուած ծածուկ չի գործեր, որովհետեւ բարի են Անոր գործերը, եւ երբ մենք կը գործենք Աստուծոյ հետ միացած, այսինքն Իր օրէնքին համաձայն, այն ատեն հաղորդ կը դառնանք Աստուծոյ ամենաբարի բնութեան: Այն ատեն մեր աչքերը կը լեցուին Աստուծոյ լոյսով, եւ մեր դատողութիւնը՝ ճրագը որ կը լուսաւորէ մեր միտքն ու ամբողջ մարդկային բնութիւնը՝ լուսաւոր կ’ըլլայ: Բարի ըլլայ քու լոյսդ, եւ Աստուած թագաւորէ քու աչքերուդ մէջ: