Աստուած Խօսքերուդ Մէջ

Ի՞նչպէս պէտք են ըլլալ մեր խօսքերը: Մեր խօսքերուն կատարեալ օրինակը ինքնին մեր Փրկիչն է, Յիսուս Քրիստոս. ան խօսած է իր կեանքով, իր գործերով, եւ իր վարդապետութեամբ, որոնց կը ծանօթանանք Աւետարաններուն եւ Առաքեալներուն քարոզութեան միջոցով:


Այս բոլորը շատ աղէկ, բայց ի՞նչպէս պէտք ենք կիրարկել այս Խօսքը մեր ամէնօրեայ կեանքին պայմաններուն մէջ: Տեւական թարգմանութեան կարիքն ունինք՝ աստուածային մեր Փրկիչը լսելի դարձնելու նախ եւ առաջ մենք մեզի՝ մեր կեանքի օրերուն, ապա մեր շրջապատին՝ մեր կեանքին օրինակով, մեր գործերով եւ մեր խօսքերով:


Որպէսզի Աստուած մեր խօսքերուն մէջ կեանք առնէ եւ յայտնուի մեր շրջապատին մէջ, մենք պէտք ենք սորվիլ Աստուծոյ լեզուն, պէտք է ընտանենանք Անոր բառամթերքին, պէտք է լաւ սորվինք այդ լեզուին քերականութիւնը, որպէսզի ուղիղ կերպով խօսինք զԱստուած:


Չըլլայ թէ բարեպաշտութեան պատրուակով՝ մեր թարգմանութիւնը պարպէ Աստուծոյ Խօսքը Իր Ինքնութենէն, Իր Միածին Որդիին մարդեղացած իրականութենէն. չըլլայ թէ փոխարինենք զայդ մարդկային մեր տափակ եւ նիւթապաշտ մշակոյթին սիրած իմաստներով. իմաստներ՝ ուր կարելի չէ այլեւս տեսնել տարբերութիւնը չարին եւ բարիին, կարծելով որ այդ է ճամբան վերակազմելու Աստուծոյ Խօսքին դրախտային անմեղութեան վիճակը, մինչ՝ ընդհակառակը՝ կը թունաւորենք զայն մարդկային մեր անկեալ հասկացողութեան անընտրող թուլութեամբ:


Մարդկային խօսքերով՝ քար քարի վրայ կը բարձրացնենք մտածելակերպ մը, ուր շատ թիւրին է ընտանեցնել, սանձել Աստուծոյ Խօսքին հզօր կանչը՝ մարդկային անզօր խոհեմութեան կեղծ խաղաղութեամբ: Ամէն տեղ Տէր Յիսուսի Խաչը կը քանդակենք, որպէսզի զայն չառնենք մեր ուսերուն վրայ. Քրիստոսի քարոզութիւնը կը “թարգմանենք” պարպելով զայն Իր մարգարէական աւիշէն, եւ փոխարէնը կը խճողենք այդտեղ գեղեցիկ նպատակներ, յանկուցիչ փափաքներ՝ թմբիր գաղջութեան մը համը կորուսաց աղերով: Կը կարծենք որ մարդկային ճաշակին համաձայն ինչ որ քաղցր է, ստուգիւ քաղցր է նաեւ Աստուծոյ ճաշակին համաձայն:


Մեր խօսքերը պէտք է կրեն Աստուծոյ Խօսքը, որովհետեւ Մկրտութեան որդեգրութեամբ մեր Երկնաւոր Հայրը տուած է մեզի զօրութիւնը ըլլալու աւետարանիչներ Իր բարի լուրին, քարոզիչներ Իր Խօսքին: Այդ կերպով տաճարներ պիտի դառնանք աստուածային բնակութեան եւ իսկական թարգմանիչներ Իր Խօսքին: Պիտի չզեղչենք կամ արժէզրկենք այդ Խօսքին արարչագործ զօրութիւնը մարդկային առաքինութիւններուն սահմանափակ հաւատքով: Պիտի չմարենք այդ Խօսքին բերած լուսաւոր յոյսը՝ դարձնելով զայն հեռաւոր փարոսի մը, այլ պիտի կրենք այդ յոյսը մեր մէջ եւ սփռենք անոր լոյսը մեր իւրաքանչիւր խօսքով: Պիտի չփոխարինենք Աստուծոյ սիրոյ կրակը սնուցանող յաւիտենական բարութիւնը մարդկային մեր սառ բնութեան գաղջութեամբ, այլ անաղարտ պիտի պահենք Աստուծոյ Խօսքը, որպէսզի վառէ մեզ Իր կրակով եւ բորբոքի այս երկրի վրայ: 

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment