Աստուած Ձեռքերուդ Մէջ

Մարդկային ձեռքը նախնիներուն տեսութեան համաձայն մարդը սահմանող ամէնէն յատկանշական իրականութիւնն էր. ձեռքերով է որ մարդը կը գերազանցէր բոլոր արարածները, որովհետեւ ձեռքերով ան կարող էր կառուցանել եւ շինել, ձեռքերով ան կարող էր կործանել եւ սպաննել: Ձեռքերը մարդը աստուածներուն նման կ’ընէին: Հին Կտակարանին մէջ (1 Թագաւորաց 5.4) կը նկարագրուի հետեւեալ դէպքը. երբ փղշտացիները գերի կը տանին Աստուծոյ Ուխտին Տապանակը, կը դնեն զայն իրենց տաճարին մէջ, Դագոն աստուծոյն կուռքին մօտ. բայց յաջորդ առաւօտ, կը տեսնեն որ  Դագոնի արձանը գետին թաւալած էր. ետ կը կանգնեն Դագոն իր տեղը, եւ յաջորդ առաւօտ՝ այս անգամ ոչ միայն Դագոնի արձանը տապալած կը գտնեն, այլ արձանին գլուխն ու ձեռքերը կտրուած:


Գլուխն ու ձեռքերը կը սահմանէին մարդուն ինքնութիւնը: Ձեռքերու շարժումով մենք Աստուծոյ կը նուիրենք մեր աղօթքը՝ բարձրացնելով զանոնք արդարութեան գործերով եւ անկեղծ նուիրումի ճշմարտութեամբ: Ձեռքերով կը պաղատինք ստանալու համար Աստուծոյ ողորմութիւնը, ինչպէս յայտնի է մեր հայրապետներուն գրած աղօթքներէն: Մեր դիտաւորութիւններուն մաքրութիւնը եւ անսակարկ սիրոյն նուիրումը ցոյց տալու համար՝ մեր խօսակիցը պէտք ունի տեսնել մեր ձեռքերը:


Յայտնի է ուստի թէ որքան կարեւոր բնակարան է մեր ձեռքը Աստուծոյ ներկայութեան: Գործնական արտայայտութիւնն է մեր բոլոր համոզումներուն. խօսքերէն գործի անցնելու միակ համոզիչ դատաստանն է մեր ձեռքը: Աստուած կը բնակի մեր ձեռքերուն մէջ:


Աստուած մեր ձեռքերով կը բաշխէ Իր արդարութիւնը բոլոր արարածներուն. մեր ձեռքերով մենք կը միանանք Աստուծոյ Ձեռքերուն՝ յաւիտենական Ուխտին զօրութեամբ՝ դնելու մեր Ուխտը սուրբ Աւետարանին վրայ, եւ ընդունելու մեր Երկնաւոր Հօր ձեռնադրութեամբ՝ Անոր հաճութեան գրաւականը՝ Իր Սուրբ Հոգին:


Մաքրութեան իբրեւ նշան՝ կը լուանք մեր ձեռքերը ոչ թէ արարածական ջուրով, այլ Աստուծոյ արարչական սրբութեամբ, եւ այդ լուացումը կու տայ մեր ձեռքերուն զօրութիւնը կատարելու աստուածային զոհին գերագոյն պաշտամունքը. այդ ձեռքերուն միջնորդութեամբ կը նորոգենք Տէր Յիսուսի Խաչին սուրբ պատարագը՝ տալով Երկնաւոր Հօր Իր իսկ Միածին Որդին: Այդ ձեռքերով կը խաչակնքենք մենք զմեզ, եւ կամ կ’օրհնենք անոնք որ կը դիմեն մեր ողորմութեան եւ սիրոյն:


Ամէն անգամ որ նայինք մեր ձեռքերուն՝ տեսնենք այդտեղ բազմած մեր Աստուծոյ ներկայութիւնը եւ ուղղենք ըստ այնմ մեր գործերն ու դիտումները: Ամէն անգամ որ բարեւենք մէկը՝ փոխանցենք անոր մեր քրիստոնէական սիրոյն ճշմարիտ համոզումները, աստուածային գեղեցկութեամբ բարձրացնելով մարդկային բարեկրթութեան այդ արարքը իր շնորհքի աղբիւրին, որուն պտուղն է խաղաղութիւնը:


Եկեղեցւոյ Նոր Դրախտին մէջ՝ Մկրտութեան սրբարար շնորհքին կարողութեամբ զօրացած՝ մեր այս ձեռքերով շինենք Աստուծոյ քաղաքը, արդարութեան եւ ողորմութեան հրաշքով հաց դարձած քարերով, որպէսզի յագեցնենք մեր մարդկային ընկերութիւնը Տէր Յիսուսի տենչալի ներկայութեամբ:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment