Աստուած Ոտքերուդ Մէջ

Աստուծոյ հետ մեր բարեկամութիւնը մշակելու ամէնէն արդիւնաւէտ պատկերներէն մին՝ որ Յիսուս գործածած է՝ ճանապարհին պատկերն է: Ճանապարհը հնազանդութիւն կ’ենթադրէ, որովհետեւ անոր վրայ մնալով՝ օրինաւոր ընթացքէն դուրս չենք ելլեր. նպատակին հասնելու ապահովութիւնը կու տայ մեզի ճանապարհը՝ եթէ յարատեւենք քալել անոր գծած ուղիով: Վտանգներէ եւ արկածներէ հեռու մնալու համար, կարեւոր է հետեւինք ճամբու օրէնքներուն: Յիսուսի առաջին աշակերտներուն համար “Ճանապարհ”ը ինքնին Յիսուսի վարդապետութեան անունն էր (Տես Գործք 24.14 եւ 22), հիմնուելով Տիրոջ իսկ խօսքին վրայ՝ ի պատասխան Թովմասի հարցումին, թէ “Ի՞նչպէս կրնանք ճամբան գիտնալ” (Յովհաննէս 14.5–6) “Ես եմ ճանապարհը, ճշմարտութիւնը, եւ կեանքը:”


Մկրտութեան սրբարար խորհուրդով՝ Երկնաւոր Հայրը եւ երեխան ուխտ կը կնքեն որդեգրութեան դաշինքով: Ուխտաւորին համար էական է քալել այն ճանապարհով, որ կը տանի դէպի իրականացումը դաշինքին զոր կնքած է իր ուխտով: Դրոշմի սրբարար խորհուրդը կը կնքէ քրիստոնեայ ուխտաւորին ոտքերը, որպէսզի մնայ այս սուրբ ճանապարհին մէջ,“Յանուն Տէր Յիսուս Քրիստոսի՝ անապական երկնաւոր պարգեւներուն այս անուշաբոյր իւղը կնքէ եւ ուղղէ քու ճանապարհդ դէպի յաւիտենական կեանք, որպէսզի չսասանիս:”

Երբ քահանան կ’օծէ երեխային ոտքերը, ինքնին Տէր Յիսուս է, որ Վերջին Ընթրիքի պատրաստութեան նմանութեամբ՝ կը հանէ իր հագուստները եւ կը կապէ ծառայական ղենջակը. Իր արարչագործ ձեռքերուն մէջ կ’առնէ ամէն քրիստոնեայ երեխայի ոտքերը, այդ նորաստեղծ աշակերտին տալով Սուրբ Հոգին՝ որպէս կողմնացոյց, որպէսզի երբեք չգայթէ եւ մնայ Յիսուս-Ճանապարհին մէջ:


Տէր Յիսուս դրոշմած է իւրաքանչիւր քրիստոնեայի ոտքերուն մէջ այն յատուկ շնորհքը, որով ան կոչուած է շինելու Երկնաւոր Հօր Եկեղեցին. ոմանց՝ որպէս մարգարէներու, ուրիշներու՝ որպէս առաքեալներու, կամ ուսուցիչներու, ոմանք աղքատներ, ուրիշներ՝ սգաւոր, ոմանք արդեամբ մասնակիցներ իր գերագոյն զոհին մարտիրոսական վկայութեամբ, բայց ամէնքը, ամէնքը անխտիր որպէս հաւատարիմ աշակերտներ Իր վարդապետութեան:


Տէր Յիսուս մեր իւրաքանչիւրիս ոտքերուն մէջ ցանած է Իր աստուածային քարոզութիւնը, որպէսզի մեր ամէն մի քայլը Սաղմոսերգուին նկարագրած գեղեցկութիւնը յայտնէ՝ աւետելով Երկնաւոր Հօր բարի լուրը Սուրբ Հոգիին իւրաքանչիւրիս տուած շնորհքին համաձայն: Ալեսսանտրո Տէհո՛ ճգնաւորին խօսքերով՝ Յիսուսի աշակերտիլ կը նշանակէ զգալ որ մեր ոտքերը Տիրոջ ձեռքերուն մէջ են: Այս միտքով, ահա, կը մաղթեմ որ Աստուած ապրի մեր ոտքերուն մէջ: Ուղղէ մեր քայլերը իր սիրոյն կենսատու նոր դրախտին՝ Եկեղեցիին սահմաններուն մէջ, անխոնջ կերպով տարածելու Երկնաւոր Հօր շնորհքին չափը:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment