Աստուած Սրտիդ Մէջ

“Բարի մարդը իր սրտին բարի գանձերէն կը հանէ բարին, եւ չար մարդը՝ չար գանձերէն կը հանէ չարը:” (Ղուկաս 6.45)


Մարդուն սիրտը Յիսուսի խօսքերուն համեմատ գանձարան է. բարի բաներու եւ չար բաներու: Մեր մարդկային բնութեան ամբողջութիւնը կը նկարագրէ այդ “սիրտ”ը: Երբ մարդը ինք բարի է, այդ գանձարանէն բարի բաներ կը հանէ բաշխելու համար: Երբ մարդը չար է՝ չար բաներ կը հանէ բաշխելու համար: Ի՞Նչ պէտք է, ուրեմն, ընել որ մեր մարդկային բնութիւնը բարիին մէջ հաստատուի, այսինքն փրկուի չարին հետեւելու վտանգէն, կամ գերութենէն:


Աստուծոյ եւ մարդուն յարաբերութիւնը այս լարուած վիճակին մէջ կը մշակուի. Պօղոս Առաքեալ յստակ կերպով կը նկարագրէ Հռոմէացիներուն՝ իր—եւ առհասարակ ամէն մարդու—ներքին պայքարը ընդմէջ բարիին եւ չարին: Ներքին գիտակցութեամբ հաճած եմ Աստուծոյ բարի օրէնքին, բայց մարմնիս կարողութիւններուն մէջ ուրիշ օրէնքներ կը տեսնեմ, որ զէնք վերցուցած են Աստուծոյ բարի օրէնքին դէմ՝ որուն ներքին գիտակցութեամբս հաճած եմ: Ո՞վ պիտի ազատէ զիս այս մահական կարգէն՝ եթէ ոչ Աստուծոյ շնորհքը, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով: (Հռոմայեցիս 7.14–25):


Տէր Յիսուս կ’երկարէ իր ձեռքը եւ կը դպչի մեր մարդկային բնութեան, եւ այդտեղ կը “դնէ” իր Սուրբ Հոգին, որպէսզի յարդարէ եւ պատրաստէ մեր “սրտեր”ը Ամենասուրբ Երրորդութեան անճառելի բնակութեան: Կ’ազատէ, կը փրկէ մեզ ցոյց տալով թէ ի՛նչպէս կարելի է ընտրել բարին, որովհետեւ եթէ չարը ընտրենք անպայման պիտի մեռնինք. մահ մը, որ մարմնական մահէն աւելի սարսափելի է եւ աղետալի, որովհետեւ կը խլէ մեզ Աստուծոյ խնամքէն եւ գերի կը դարձնէ Աստուծոյ թշնամի չարին. կը վանէ մեր մէջէն Աստուծոյ Սուրբ Հոգին:


Մկրտութեան սրբարար շնորհքին զօրութեամբ, Երկնաւոր Հայրը Իր Միածին Որդւոյն ձեռքով փրկած է մեզ՝ տալով մեզի Իր Սուրբ Հոգին որդեգրութեան զօրութեամբ. տուած է մեզի կարողութիւնը մենք մեզմէ ընտրելու ուղիղը, ինչպէս Յիսուս յատուկէն կը շեշտէ:


Արդարեւ, Աստուծոյ արքայութեան հասած ըլլալուն ամէնէն պայծառ նշանն է մեր կարողութիւնը մենք մեզմէ ընտրելու ուղիղը. երբ հարաւէն հովը փչէ՝ կ’ըսենք թէ խորշակ պիտի ըլլայ, եւ այ՛դպէս ալ կ’ըլլայ, կը բացատրէ Յիսուս, եւ կը զարմանայ՝ որ գիտենք երկինքի եւ երկրի երեւոյթները քննել, բայց չենք գիտեր Աստուծոյ շնորհքին կշիռը գործածել եւ ընտրել ուղիղն ու ճշմարիտը (Ղուկաս 12.54–57):


Լեռան քարոզին մէջ Մատթէոս Աւետարանիչը կ’արձանագրէ Յիսուսի հրաւէրը ըլլալու կատարեալ մեր Երկնաւոր Հօր նման (5.48), որպէսզի մենք ալ ՝ մեր Հօր նման ըլլանք բարի չարերուն եւ ապերախտներուն հանդէպ (Ղուկաս 6.35): Այս է, ահա, լաւագոյն ձեւը “դնելու” մեր մարդկային բնութեան մէջ Աստուծոյ բնակութիւնը, եւ դարձնելու համար զայն գանձարան Աստուծոյ բոլոր բարութիւններուն. հանելու մեր սրտերէն միայն բարի բաներ:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment