Աստուած Ցաւերուդ Մէջ

Ցաւը Աստուծոյ ներկայութեան ամէնէն դժուար ըմբռնելի իրականութիւններէն մին է մեր մարդկեղէն մտայնութեան համար: Կա՛յ, արդարեւ, Աստուծոյ միշտ նորոգող եւ արարչական մտայնութեամբ գոյութիւն ունեցող իմաստը՝ ցաւին իրականութեան, եւ ոչ թէ մարդկային հինցած պատմութիւններուն սահմանած վիպասանական պատկերներուն թիւր միտքերը:

Բայց ի՞նչպէս կարելի է Աստուծոյ միտքով մտածել այս կենսական հարցին մասին:


Մկրտութեան սրբարար խորհուրդին մէջ մեր Երկնաւոր Հայրը կը ծնի մեզ որպէս իր որդիները եւ մեր մէջ կը դնէ հաւատքի, յոյսի, եւ սիրոյ զօրութիւնները, որոնց շնորհիւ մենք կարող ենք Աստուծոյ պէս մտածելու, Աստուծոյ պէս ապրելու եւ եւ Աստուծոյ պէս սիրելու: Մեր Երկնաւոր Հօր հետ այս առաջին հանդիպումէն յետոյ մենք պէտք ենք աճիլ Իր նոր կեանքին օրէնքով, եւ ոչ թէ մարդկային հինցած պատուիրաններով:


Մարդկային մեր բնութեան քննութեամբ՝ մեր գիտակցութեան առաջին իսկ րոպէներէն փորձած ենք սահմանել եւ չափել սկզբունքներ, որոնց միջոցով բացատրած ենք մեր ոգեղէն եւ մարմնաւոր միութեան վիճակը, մեր մարդկային բնութիւնը: Սուրբ Գիրքին առաջին իսկ էջերուն մէջ չարին վրայ նետած ենք ամէն ինչ որ կապ ունի նիւթին եւ մարմնին իրականութիւնը չարաշահող մեր ընտրութիւններուն հետ, որոնց հետեւանքով կորսնցուցած ենք Աստուծոյ հետ մեր բարեկամութիւնը, եւ չենք դադրիր մենք զմեզ զայն կորսնցնելու վտանգին մէջ միշտ դնելէ: Մեղաւոր ենք, կ’ըսենք, այսինքն՝ Աստուծոյ նմանութեամբ մեր մէջ դրուած կարողութիւնը ընտրելու բարին՝ կը գործածենք ընտրելու ոչ-բարին: Եւ ճիշդ այս կէտն է որ կը զարմացնէ մեր Տէրը Յիսուս: 


Ղուկաս աւետարանիչ 12-րդ գլուխը կը փակէ Յիսուսի հետեւեալ պատգամով՝ փրկութեան ժամանակը ճանչնալու պատասխանատուութեան մասին. “Երբ տեսնէք որ արեւմուտքէն ամպ կ’ելլէ, իսկոյն կ’ըսէք թէ անձրեւ պիտի գայ, եւ ա՛յնպէս ալ կ’ըլլայ: Եւ երբ հարաւի հովը փչէ՝ կ’ըսէք թէ խորշակ պիտի ըլլայ, եւ ա՛յնպէս ալ կ’ըլլայ:”  Ապա կը հետեւին Յիսուսի խիստ խօսքերը. “Կեղծաւորնե՛ր, երկնի եւ երկրի երեւոյթները դատել գիտէք, իսկ ինչու՞ չէք գիտեր ներկայ ժամանակը: Ինչու՞ դուք անձամբ չէք ընտրեր ինչ որ ուղիղն է:”

Մենք անձամբ պէտք է ընտրենք ինչ որ ուղիղն է, եւ չարին վրայ չնետենք մեր թերացումը կիրարկելու Աստուծմէ ստացած այս մեծ զօրութիւնը, որ մեզ նման կը դարձնէ Աստուծոյ, Անոր պատկերն ու կնիքն է մեր մարդկային բնութեան վրայ:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment