Փորձութիւնները Աստուծոյ ամէնէն սիրած վայրերն են մեզի հետ հանդիպելու: Այս միտքը կրնայ տարօրինակ թուիլ առաջին մօտեցումով, բայց Յիսուս եւս իր մկրտութենէն յետոյ, երբ յայտնի էր այլեւս իր վրան Երկնաւոր Հօր հաճութեան օրհնութիւնը, գնաց անապատ որպէսզի փորձուի եւ իր ճշմարիտ մեսիական ընտրութիւնը հաստատուի:
Փորձութեան ատեն մեր ինքնավստահութիւնը կը խախտի, եւ լքումի ծանր միայնութիւնը կը ծանրանայ մեր հոգիներուն եւ մարմնին վրայ: Մինակ կը զգանք փորձութեան մէջ: Կարեւոր է այդ միայնութիւնը, որովհետեւ փորձութեան լռութեան եւ լքումին մէջ մեր մարդկային բնութեան կարողութիւնները կը բացուին լսելու համար Աստուծոյ ձայնը եւ տեսնելու համար անոր ներկայութիւնը:
Փորձութեան միայնութեան մէջ Աբրահամ գտաւ Աստուած (Ծննդոց 22): Գնաց, եւ բարձրացաւ լեռը որպէսզի միայնութեան մէջ զոհէ իր որդին Իսահակ, որուն ծնունդը Ինք Աստուած աւետած էր Մամբրէի կաղնիին տակ՝ այցելելով Աբրահամի (Ծննդոց 18): Աբրահամ քարերով բարձրացուց զոհասեղանը, դրաւ փայտը վրան, եւ կապելով իր որդին՝ դրաւ զայն փայտին վրայ, եւ առաւ սուրը զոհելու համար իր որդին, որուն մէջ Աստուած տուած էր իրեն յոյս եւ յաջորդութիւն:
Փորձութեան այդ կատարին եղաւ վայրը ուր Աբրահամ բարձրացաւ Աստուծոյ ներկայութեան եւ ճանչցաւ ինքզինք, գտաւ այն պատկերը որուն համաձայն Աստուած ստեղծած էր զինք: Եւ Աստուած հանդիպեցաւ Իր պատկերին՝ Աբրահամի մէջ, եւ հաճեցաւ անոր, Աբրահամ եւ Աստուած տեսան զիրար: Արդարեւ, Աբրահամ այդ վայրին անունը կոչեց “Աստուած տեսաւ:” (Ծննդոց 22.14):
Ամէն անգամ որ մենք բարձրանանք մեր մէջ տպաւորուած Աստուծոյ պատկերին նմանութեան, Աբրահամի նման Աստուծոյ առատ օրհնութեամբ պիտի լիանանք. դեռ աւելին՝ Տէր Յիսուսի նմանութեամբ, որուն պատկերով մկրտուած ենք եւ անոր մահուան հաղորդութեան մէջ թաղուած ենք–ինչպէս Պօղոս Առաքեալ շատ յստակ բառերով կը նկարագրէ (Հռոմայեցիս 6.3-8), պիտի յաղթանակենք յաւիտենական կեանքով, որովհետեւ Աստուած մեռեալներուն Աստուած չէ, այլ՝ անոնց որոնց Ինք կեանք տուած է. (Մատթէոս 22.32):
Փորձութեամբ Աստուած կը քննէ մեզ, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կը պարծենար (1 Կորնթացիս 4.4), եւ չենք իյնար մարդոց դատաստանին տակ: Աստուծոյ դատաստանն է որ մեզ պիտի արդարացնէ, եւ ոչ մարդոց կարծիքները: Այդ փորձութիւնը պիտի յայտնէ մեզի որ ոչինչ ստացած ենք եթէ ոչ այն՝ ինչ որ մեզի շնորհուած է: Դիւրին չէ այս միտքը հասկնալ. այս խօսքերուն ստոյգ տարողութիւնը Աստուծոյ միտքով հասկնալու համար պէտք է փորձութեան դպրոցը յաճախենք եւ յաջողութեամբ աւարտենք զայն, որպէսզի մեր հաւատքը զուտ ոսկեղնիկ ըլլայ, եւ ոչ թէ չոր փայտի կամ յարդի նման առաջին իսկ կայծէն բռնկի եւ ոչնչանայ: