Աստուծոյ Խնամքին Ղեկը Ձեռքերուդ Մէջ

Մաշտոցին մէջ–այն գիրքը որ կը պարունակէ Հայ Եկեղեցւոյ ծիսակատարութիւններուն աղօթքները–մեր հոգեւոր կեանքին համար ամէնէն գործնական եւ սննդառատ աղօթքները թաղման կարգին մէջ կը գտնենք: Արդարեւ, մահը ամէնէն ազդու ղեկն է զոր Աստուած դրած է մեր ձեռքերուն մէջ՝ որպէսզի կարենանք ուղղել մեր կեանքը դէպի Երկնաւոր Հօր արքայութիւնը: Այս ահաւոր եւ մեծ զօրութիւնը մասնակցութիւն է Աստուծոյ խնամքին: Խնամք, զոր կ’իրականացնենք Աստուծոյ օրհնութիւնները Իր ստեղծուածներուն վրայ բաշխելով խոհեմութեամբ եւ արդարութեամբ, գիտակցելով այս մեծ պատասխանատւութեան ծանրութեան:


Տան կարգին աղօթքները կը նկարագրեն ստոյգ իրականութիւնը մեր մահկանացու բնութեան. մահացեալին դին նիւթական եւ իրական փաստն է աստուածադիր անսուտ պարտադրութեան՝ թէ պէտք ենք մեռնիլ: Բայց այդ նաեւ յուշարձանն է Յիսուսի սքանչելագործ յարութեան, զոր բերաւ իր աստուածութեամբ՝ փրկական Խաչին եւ անապական թաղման ձեռքով: (Տան Կարգի Աղօթք): Լուսաւոր ճշմարտութիւնն է՝ որ կը փայլեցնէ մեր մարդկային բնութեան մէջ Աստուծոյ նմանութեան պատկերը: Մահը հզօր պատիժն է, որուն միջոցով Աստուած մեր մարդկային բնութիւնը կը լարէ Իր գեղեցիկ կերպարանքին վրայ, որպէսզի այդ մերձաւորութեամբ համահունչ ըլլան մեր խօսքերն ու մանաւանդ մեր գործերը աստուածային Նախախնամութեան կենդանարար սիրոյն:


Այս սիրոյն զօրութիւնը կ’ընդլայնէ մարդկային մեր կարողութիւնները, բեղնաւորելով զանոնք Սուրբ Հոգիին օծութեամբ, եւ պտղաբեր կը դարձնէ մեր ամէնէն անյայտ եւ ջնջին համարուած գործերն անգամ, որովհետեւ կու տայ այդ գործերուն Երկնաւոր Հօր խնամիչ ներկայութիւնը: Խոտն անգամ, ինչպէս Յիսուս քարոզեց յայտնի յուզմունքով, որ այսօր կայ եւ վաղը այրելու կը տրուի, կը վայելէ Աստուծոյ այնքան գուրգուրանք եւ ուշադրութիւն՝ որ Սողոմոն թագաւորն անգամ բոլոր փառքովն ու հարստութեամբ չէր կարողացած այնքան գեղեցիկ ճոխութեամբ հագուիլ եւ զարդարուիլ: (Մատթէոս 6.30):


Սբ. Պատարագին ընթացքին, յատուկ կերպով կ’աղօթենք Երկնաւոր Հօր, որպէսզի առաքէ Իր Սուրբ Հոգին Տէր Յիսուսի զոհուած Մարմնին եւ Արեան վրայ, որպէսզի արդիւնաւէտ դարձնէ այդ զոհը մեր՝ զայն ընդունողներուս մէջ որպէս անդատապարտութիւն, քաւութիւն եւ թողութիւն: Այսինքն՝ ինչպէս Պօղոս Առաքեալ շատ յստակ կերպով կը սորվեցնէ, հաղորդուինք Տիրոջ Մարմնին եւ Արեան՝ կեանք ունենալու համար, եւ ոչ թէ մահ: Այո՛, որովհետեւ եթէ մեր խօսքերն ու մանաւանդ մեր գործերը աստուածային Նախախնամութեան կենդանարար սիրոյն արժանի չեն, պարտական կ’ըլլանք Տիրոջ մարմնին եւ արեան:(1 Կորնթացիս 11.27-29): Հին Ադամին նման՝ մեր դատապարտութիւնը՝ փոխան մեր փրկութեան՝ կ’ուտենք եւ կ’ըմպենք:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment