Շատ անգամներ բարեկամներու եւ ծանօթներու հետ խօսակցութիւններու ընթացքին կը լսեմ, որ բարի ըլլալը, ուրիշին չվնասելը, առատաձեռն ըլլալը, օրինապահ եւ կառուցողական միտք ունենալը, վերջապէս՝ մարդկային ամէնէն բարձր եւ գեղեցիկ առաքինութիւններ ունենալը բաւարար են Երկնաւոր Հօր արքայութիւնը ժառանգելու համար:
Այս հասկացողութիւնը կը յիշեցնէ Աւետարանին մէջ նկարագրուած դէպքը, երբ երիտասարդ մը մօտեցաւ Յիսուսի եւ հարցուց թէ ինչ աւելի պէտք էր ընել՝ ժառանգելու համար այդ արքայութիւնը: (Մատթէոս 19.16-26): Յիսուսի պատասխանը՝ կարճ եւ կտրուկ՝ էր, “Պատուիրանները գիտես:” Մեծահարուստ երիտասարդը, կարծես մի քիչ վիրաւորուած՝ պատասխանեց Յիսուսի, որ մանկութենէն ի վեր այդ իսկ էր եղած իր աբողջ կեանքը. գուցէ այն համոզումով՝ որ իր բարեկեցիկ հարստութիւնը նշան էր աստուածահաճոյ օրհնութեան եւ հովանիին:
Եւ սակայն, Յիսուսի կտրուկ պատասխանը կը միտէր կանխել այդ երիտասարդին ինքնաբաւ վստահութիւնը՝ ցոյց տալով թէ՝ այո՛, Աստուծոյ օրէնքը մանկութենէն իսկ պահելը տակաւին չի լեցներ պարապ մը մեր մարդկեղէն բնութեան մէջ, չի յագեցներ իրականութիւ՛ն դարձնելու հրամայականը ժառանգելու Հօր արքայութիւնը, որ մեր մէջ տպաւորուած է Աստուծոյ պատկերին նմանութեամբ:
Այդ երիտասարդը ինչու՞ եկած էր Յիսուսի: Արդեօ՞ք սորվեցնելու համար, որ Օրէնքը պահելը բաւարար էր ստանալու աստուածային օրհնութիւնը–ինչպէս իր հարստութիւնը եւ առաքինի կեանքը առատօրէն կը փաստէին: Եկած էր Յիսուսի՝ որպէսզի ցոյց տար թէ անիմաստ էր Անոր հրաւէրը ապաշխարելու, որովհետեւ Օրէնքը բաւարար է՞ր: Թէ՞ թաքուն կասկած մը կը կրծէր իր հոգին՝ եւ ինք կ’ընդվզէր այդ մտքին դէմ՝ որ ապաշխարութեան ճանապարհը ուրիշ բան էր քան յանկուցիչ ապահովութիւնը Օրէնքին հովանիին:
Ի՞նչ էր այդ աւելին, որուն պակասը կը զգար այդ երիտասարդը: Ի՞նչ էր աստուածային շնորհքին գերազանցութիւնը որմէ երիտասարդին մարդկային առաքինութեան զօրութիւնը պարապ կը մնար: Ի՞նչ էր անոր մարդկային բարութեան անբաւարարութիւնը հասնելու Երկնաւոր Հօր:
Երբ ճանչնանք եւ ընդունինք մեր սահմանը եւ մնանք մեր չափին մէջ, ինչպէս կ’աղօթէ Գրիգոր Նարեկացին (Բան 6.4), Աստուծոյ շնորհքը կը փոխարինէ մեր առաքինութիւններուն մարդկային զօրութիւնը արարչագործ Ի՛ր զօրութեամբ. աստուածային արարքներու կը փոխարկէ մարդկային մեր գործերը, եւ կը լիացնէ մեզ իր Սուրբ Հոգիին յաւիտենական կեանքի շունչով: Կը կերպաւորէ մեզ նոր արարածներ ոչ թէ վերանորոգ հողով, այլ Իր փրկագործ տնօրինութեան համեղ աղով:
Մարդկային հաւատքը կը լիացնէ Իր Միածին Որդիին փրկագործութեամբ եւ կը բանայ իր արարածին առջեւ սիրոյ նոր երկինք եւ նոր երկիր՝ ուր այլեւս սիրել չի նշանակեր գրաւել եւ սեփականացնել, այլ՝ տալ եւ ծառայել. ուր յոյս չի նշանակեր երազել պատուիրանափակ հեռաւոր խոստումներ, այլ կեանքի այդ կապով լեցուիլ մեր Երկնաւոր Հօր իսկ բնութեամբ՝ որդեգրութեան սրբարար շնորհքին զօրութեամբ: