Սուրբ Հոգիին շունչին առաջնորդութեամբ կարող պիտի ըլլանք գտնելու Տէր Յիսուս, ողորմութեան ծածուկ Գանձը: Երբ գտնենք Աստուծոյ արքայութիւնը պատկերող շատ յարգի մարգարիտը, պիտի ծախենք՝ այս բառին հինգերորդ դարու հայերէն իմաստով պիտի սպառենք մեր բոլոր կարողութիւնները՝ ձեռք բերելու համար այս հրաշալի գանձը:
Եթէ, ինչպէս Յիսուս կը հրամայէ, երթայինք եւ սորվէինք՝ իմանալու համար թէ ի՛նչ կը նշանակէ Աստուծոյ խօսքը “ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ոչ զոհ”(Մատթէոս 9.13), պիտի գտնէինք որ Աստուծոյ արքայութիւնը եւ զայն նշանակող յարգի մարգարիտը ուրիշ Բան (Խօսք) չէ եթէ ոչ ինքնին Երկնաւոր Հայրը, ինչպէս կը խորհրդածէ Սբ. Եբրեմ Ասորին, Մարգարիտին մասին երգերուն մէջ:
Արդարեւ, “ողորմութիւն” կը կոչուէր Ուխտի Տապանակին վրայ դրուած ոսկեայ բարձը, որուն վրայ կը բազմէր Աստուած, եւ զոր կը հովանաւորէին քերոբէները իրենց ոսկեզօծ թեւերով (Ելից 25. 17 եւ 22), եւ ողորմութեան մէջ կը զուարթանայ Աստուած, որուն նմանը չկայ (Միքիա 7.18):
Նոյն այս ողորմութեան մէջ Պօղոս Առաքեալի հոգին կը խանդաղատի եւ յուզումով կը խնդրէ փիլիպեցիներէն, որ եթէ Քրիստոսի մէջ դոյզն իսկ մխիթարութիւն ունին, եթէ՝ սիրոյ սփոփութիւնը, եթէ՝ Հոգիին հաղորդութիւնը, եթէ՝ գութ եւ ողորմութիւն, լեցնեն Առաքեալին խնդութեան չափը, եւ խորհին ճիշտ այնպէս ինչպէս Յիսուս Քրիստոս կը խորհի, կը մտածէ, կը խօսի. (2.1-2 եւ 5): Երբ ողորմութեան միտքով սկսինք խորհիլ, հաղորդ կը դառնանք նոյնինքն Աստուծոյ միտքին, եւ կը սկսինք մտածել Աստուծոյ պէս, ինչպէս կ’ակնկալէ մեզմէ Յիսուս (Մատթէոս 16.23):
Գտած կ’ըլլանք, այսինքն, Աստուած՝ ողորմութեան Գանձը. եւ մեզի ուրիշ բան չի մնար՝ եթէ ոչ երթալ եւ սպառել, ծախել ամէն ինչ որ ունինք, որպէսզի կարենանք տեղ բանալ այս մեծ եւ հարուստ գանձին: Պէտք պիտի չունենանք նուազ յարգի ուրիշ որեւէ ինչքերու, զօրութիւններու, պատիւներու եւ պսակներու. պէտք պիտի չունենանք մեր դատաստաններուն, եւ ոչ՝ ընտրութիւններուն. ինչպէս Սբ. Գրիգոր Նարեկացին կ’անդրադարձնէ, այս Գանձը գտնելէ ետք՝ անիմաստ կը դառնայ դեգերիլ Աստուծոյ շուրջ շնորհքներ ողոքելու, որովհետեւ սեփականութիւն կ’ունենանք ճշմարիտ կեանքն ու Աստուծոյ Սուրբ Հոգիին շնչառութիւնը, կը տոչորինք Կենարարին ներկայութեամբ (Բան 12,1):
Անոր ներկայութենէն երբեք չենք բաժնուիր, որովհետեւ այլեւս սիրոյ կապերով կը կառավարուինք, դարձեալ կ’անդրադարձնէ Սբ. Գրիգոր Նարեկացին: Այն ատեն կը հասկնանք թէ ի՛նչ կը նշանակէ “միշտ աղօթել”–ոչ թէ խօսքերը այնքան երկարելով՝ որ մեր ժամացոյցներուն նայինք թէ երբ պիտի վերջ գտնէ այդ տաղտուկը, այլ՝ մտնելով Աստուծոյ յաւիտենական սիրոյն մէջ եւ այդտեղ զրուցելով մեր Երկնաւոր Հօր հետ, որպէս Անոր ճշմարիտ որդիները, Իր Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ Իր Միածին Բանին մարմին առած կերպարանքով Յիսուսացած: