Թող Աստուած Փայլի Մէջդ

Սուրբ Պատարագին մասնակցելով եւ հաղորդուելով Տէր Յիսուսի Մարմնին եւ Արեան, պէտք է գիտակցինք որ պարտաւորութիւնը կը ստանձնենք կրելու մեր մէջ եւ անաղարտ կերպով պահպանելու աստուածային այդ ներկայութիւնը:


Գոհութեան աղօթքներով շնորհակալ կ’ըլլանք որ Երկնաւոր Հայրը մեր փրկութեան համար պատրաստած է Եկեղեցին, որուն անդամակցելով կը փառաբանենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը: Սուրբ Հոգիէն կը խնդրենք՝ որ միշտ նորոգէ մեզ որպէս անդամներ այս Եկեղեցիին, Քրիստոսի ճշմարիտ Մարմնին: Գոհութիւն կը յայտնենք Տէր Յիսուսի, որ իր կեանք պարգեւող Մարմնով եւ Արեամբ մեզ կը սնուցանէ. կը խնդրենք որ մեզ պահէ սուրբ եւ անարատ՝ բնակութիւն հաստատելով մեր մէջ իր աստուածային խնամքով: Սորվեցնէ մեզի՝ ճանչնալու Իր ձայնը եւ հետեւելու իւրաքանչիւրիս ցոյց տուած ուղղութեան:


Ահաւասիկ մեր շաբթուան ամէնօրեայ կեանքին ծրագիրը՝ մինչեւ յաջորդ կիրակի: Ի՞նչպէս կը փոխարկենք մեր յանձն առած այս սուրբ ուղղութիւնները իրական գործերու եւ շնորհքներու: Ի՞նչպէս կը հաղորդենք մեր բնութեան մէջ Սուրբ Հաղորդութեամբ բնակութիւն հաստատած Ամենասուրբ Երրորդութիւնը մեր գործերուն ընդմէջէն:


Մեր կենցաղավարութիւնը կը բաշխէ՞ աստուածային Նախախնամութեան գուրգուրոտ սէրը մեր շրջապատին: Ի՞նչ պտուղ կու տանք մեր գործերով. բարի եւ կեանքի առատ պտու՞ղը սիրով օծուն, թէ՞ հրեշտակներու եւ մարդոց լեզուներով հմայիչ բայց պարապ խօսքեր: Պօղոս Առաքեալ կը խրատէ որ լոյսի որդիները կը բաշխեն լոյսի պտուղներ՝ բարութեան, արդարութեան եւ ճշմարտութեան մէջ ընտրելով միայն այն ինչ որ հաճելի է Տիրոջ (Եփեսացիս 5.8 եւ 10):


Բայց որպէսզի կարող ըլլանք ընտրելու այն ինչ որ հաճելին է Տէր Յիսուսի՝ պէտք է լաւ ճանչնանք մեր Տէրը. ընտանութիւն պէտք է ունենանք Անոր անձին եւ նախասիրութիւններուն, Անոր միտքը պէտք է ունենանք (1 Կորնթացիս 2.16), պէտք է Քրիստոսի Հոգին ունենանք եւ Քրիստոսի պատկանինք (Հռոմայեցիս 8.10), որպէսզի մեր առօրեային ընթացքին գործենք այդ Հոգիով բեղնաւորուած՝ որպէս Աստուծոյ որդիներ (Հռոմայեցիս 8.14): Այնպէս որ՝ Երկնաւոր Հայրը տեսնէ իւրաքանչիւրիս մէջ իր պատկերին անաղարտ կերպարանքը եւ հաճի. հաճի, ոչ ինքնասիրութեամբ, այլ որովհետեւ այդտեղ կը տեսնէ Իր իսկ պատկերը՝ հարստացած իւրաքանչիւրիս Իր ձայնին հնազանդութեամբ եւ կամակցութեամբ, հարազատ փայլը Իր արարչագործ խնամածութեան՝ լեցուն առատ եղբայրսիրութեամբ, զեղուն ուրախութեամբ, համատարած խաղաղութեամբ, աներկմիտ վստահութեամբ, աստուածային բարութեամբ: (Գաղատացիս 5.22):

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment