Անգամ մը որ հաւատքի դռներէն ներս մտնենք՝ Աստուծոյ արքայութեան տէրութեան մէջ, մէկդի պէտք է դնենք մարդկային հնութիւնը եւ յառաջ նկրտինք մեր նոր բնութեամբ: Պօղոս Առաքեալին բառերով՝ այս նոր բնութեան մէջ կը մերկանանք հին մարդը իր գործերով, եւ կը զգենունք նորը, այն՝ որ նորոգուած է Աստուծոյ պատկերին գիտութեամբ: Կը մտնենք տարածք մը, ուր այլեւս գոյութիւն ունի միայն Քրիստոս ամէնուն մէջ (Կողոսացիս 3.11): Կը մտնենք աշխարհ մը, որ էապէս տարբեր է “այս” աշխարհէն, որ տակաւին կը հեծէ չարին փորձութիւններուն տակ. աշխարհ՝ որուն տուած խաղաղութիւնը տարբեր է մեր նոր Թագաւորին պարգեւած խաղաղութենէն, ըլլայ պարունակութեամբ, ըլլայ զայն ստանալու ուղիներով:
Երկու աշխարհներ, միոյն մէջ խաղաղութիւնը ձեռք բերելու համար կը պատերազմինք, իսկ միւսին՝ Աստուծոյ աշխարհին մէջ՝ պէտք է ծառայենք. մէկուն մէջ գանձեր կը դիզենք, պաշար կ’ամբարենք ապահով ապրելու համար, միւսին մէջ պէտք է տանք ձրիաբար, բաշխենք ամէն հարստութիւն՝ քալելու համար կեանքի եւ ճշմարտութեան ճանապարհին մէջ: Մէկուն մէջ մեր ինքնութիւնը կը սահմանենք մեր անձին գիտակցութեամբ եւ յիշատակներով, իսկ միւսին մէջ՝ Աստուծոյ պատկերն է որ կը նկարէ մեր նոր անձնաթուղթը:
Աստուծոյ պատկերին մասին խորհրդածութեան մէջ ակնարկեցինք այն հարցումներուն մասին, որոնց պէտք ենք պատասխանել, որպէսզի այս պատկերը կերպաւորէ մեր անհատական խառնուածքը, եւ մեր նկարագիրը կերտէ: Աստուծոյ շնորհքը մեծագոյն պարգեւ է, որ կը տրուի մեզի ո՛չ որպէս յաղթանակի եւ յաջողութեան պսակ, այլ՝ որպէս զօրութիւն, որով կարող ենք շահարկել մեր մէջ տպաւորուած աստոաւծային պատկերին տաղանդը:
Այս զօրութիւնը մեզի չէ տրուած որպէս հեռաւոր բարիքի մը նպատակը, այլ է կենսունակ ոյժ, որ Աստուծոյ պատկերով կը խմորէ եւ իրականութիւն կը դարձնէ երկնաւոր արքայութիւնը: Լոյս է որ պէտք է շողայ մեր ամէն գործերով, ոչ թէ անողորմ դատողութեամբ՝ այլ Աստուծոյ սիրով, ոչ թէ յախուռն ինքնավստահութեամբ՝ այլ Աստուծոյ յոյսով, ոչ թէ գիտութեան հպարտութեամբ՝ այլ Աստուծոյ հաւատքով: Այս զօրութիւնն է մեր ինքնութիւնը:
Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած այս ինքնութիւնը մեր խօսքերը հաւատարիմ արտայայտութիւնը կը դարձնէ Աստուծոյ արքայութեան քարոզութեան, եւ միեւնոյն ատեն կը պահանջէ որ մեր գործերը ցոյց տան Աստուծոյ պատկերին իսկական չափը: Աստուծոյ մէջ Խօսքը եւ արարչագործ զօրութիւնը գոյացական նոյնութիւն ունի. որովհետեւ Հայրը կ’ըսէ, եւ կ’ըլլայ. կը սիրէ եւ փրկութիւնը կը մարմնանայ. կը մեռնի եւ յաւիտենական Կեանքը յարութիւն կ’առնէ. կ’օրհնէ, եւ Իր խաղաղութեան Հոգին կը հաստատուի: Այս է մեր իսկական բնագիր պատկերը որուն նման ստեղծուած ենք, եւ մեր խօսքերուն ու գործերուն միջեւ ամէնէն դոյզն իսկ տարբերութիւնը կը խեղաթիւրէ մեր ինքնութիւնը: