Յիսուսի Յարութիւնը՝ մեր Հանապազորդ Հացը

Սուրբ Օգոստինոսի անդրադարձութիւնը՝ թէ Յիսուս ծնաւ յարութեան համար եւ ոչ թէ մահուան, կը խթանէ մեզ մտածելու թէ մենք ինչ բանի համար ծնած ենք:


Մկրտութեան սրբարար շնորհքը մեզ կը հաստատէ դէպի աստուածային կեանքը տանող ճանապարհին մէջ. եւ եթէ հաւատարիմ մնանք այդ ուղղութեան, նոյնպէս մենք պիտի հասնինք հաղորդուելու Յիսուսի յարութեան. մեր յարութիւնը մեզմէ չի գար, այլ՝ կու գայ Յիսուսէ. հաղորդութիւն է Անոր յարութեան, որովհետեւ կը ճաշակենք Անոր Մարմինը (Յովհաննէս 6.50–51) որպէս մեր հանապազօրեայ հացը (Մատթէոս 6.11), որ կեանքի աղբիւրն է:


Որպէս Երկնաւոր Հօր Խօսքը, այս Հացը արարչագործ զօրութիւն է, զոր ինքնութեամբ Երկնաւոր Հայրը մեր բնութեան մէջ կը ցանէ Մկրտութեան սրբարար շնորհքով՝ երրակի կարողութեամբ–հաւատք, յոյս եւ սէր: Ահա ա՛յս է Իր նորոգուած պատկերը մեր մէջ, ինքնին Իր Խօսքն ու Միածին Որդիին կերպարանքն ու նմանութիւնը, եւ Իր Սուրբ Հոգիին աստուածեղէն կենսունակ բոցը: Ան կու գայ բնակելու մեր մէջ՝ կազմելով մեզ Իր բնակութեան ամենասուրբ տաճարը:


Սուրբ հարսնարանին այդ երկնաւոր աւազանէն կը ծնինք մեր վերանորոգ ինքնութեամբ, եւ մեր Երկնաւոր Հայրը կը ծագէ մեզ՝ կայծեր աստուածային Իր մաքուր լոյսին, որպէսզի բաշխենք Իր փրկութեան առատ պարգեւը, որպէս Իր պատգամաւոր հրեշտակներ:


Այս սուրբ ծնունդին շնորհիւ, քրիստոնեան այլեւս չի կորսուիր չարին խաւարային ճամբաներով, այլ ունի զօրութիւնը հաստատուն քայլերով մնալու ինքնին Տէր Յիսուսի մէջ՝ ճշմարտութեամբ եւ կեանքով լեցուն մեր ճանապարհին մէջ: Քրիստոնեան այս Նոր Ուխտին սնունդը կը ստանայ իր Տիրոջ զոհական սեղանին անմահական հացէն, եւ արդարութիւնը՝ Անոր խաչին վրայ կամաւոր մահուամբ հեղած սուրբ արիւնէն: Որպէս որդիներ Նոր Սիոնի, մենք պատրաստ պէտք է ըլլանք ամէն օր մօտենալու մեր Երկնաւոր Հօր՝ սրբութեամբ եւ բարի գործերով:


Ինչպէս կ’աղօթենք ընծայաբերութեան ժամանակ, ամէն օր ցնծութեամբ վազենք դուրս՝ յաղթական հսկաներու նման՝ մեր աստուածային բնակարանէն, փայլեցնելու համար Աստուծոյ լոյսը զոր կը կրենք մեր մէջ մկրտութեան աւազանէն ի վեր, եւ զայն վառ պահած ըլլալու ենք իմաստուն կոյսերուն օրինակով՝ մեր Տիրոջ իսկ կազմած խորհրդական սեղանին հանապազօրեայ աստուածային սնունդով:


Աստուծոյ սիրոյն հաւատարիմ վկաներ ըլլալու համար՝ լաւագոյն եւ ամէնէն ուղիղ կերպը փայլեցնելն է մեր մէջ դրուած աստուածային լոյսը բարի գործերով. Աստուծոյ Խօսքը, մեր Տէր Յիսուս, քարոզելու ամէնէն մաքուր ձեւն է, ինչպէս կ’անդրադարձնէ Սբ. Եփրեմ Ասորին մնասներու առակին մասին տուած մեկնութեան մէջ:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment