Նոր Ինքնութեան Մարմինը

Մարդկային մեր բնութիւնը ամբողջ այդ գործարանն է որուն շնորհիւ Երկնաւոր Հօր Խօսքը ձայն կ’առնէ, կը յայտնուի մեր նիւթական աշխարհին մէջ, եւ Սուրբ Հոգին պտղաբեր կը դարձնէ այս Խօսքը: 


Կերպարանք եւ ձեւ կ’առնէ մեր ինքնութիւնը՝ նման արարչութեան սկզբնաւորութեան անկերպարան եւ աներեւոյթ երկրին եւ երկինքներուն. Աստուած, ինչպէս Գրիգոր Նարեկացին կը նկարագրէ, բանականութեամբ կը զարդարէ զմեզ, փչմամբ կը փայլեցնէ, մտքով կը ճոխացնէ, իմաստով կ’աճեցնէ, հանճարով կը հաստատէ, շնչականներէն կը զատէ, իմանալի հոգիով կը խառնէ, իշխանական գոյացութեամբ կը պճնէ, կը ծնի հայրաբար, որպէս դայեակ կը սնուցանէ, կեանքի ջուրով կ’ոռոգէ, աւազանին լոյսի ցողով կը մաքրէ, երկնային հացը կը ջամբէ, աստուածային արիւնը կ’արբուցանէ: (Նարեկ 5.2):


Հայրը իր Խօսքին կոչով կը կազմէ զմեզ որպէս մէկ մարմին–Եկեղեցին, որուն գլուխը ինքնին Իր Խօսքն է: Ահա, այս է մեր իսկական ինքնութիւնը: Նարեկացիին նկարագրութիւնը ստուգապէս հասկնալու համար պէտք է թափանցենք Երկնաւոր Հօր Խօսքին Հոգիին մէջ՝ ճանչնալու համար Խօսքին նկարագիրն ու՝ ճիշդ՝ Անոր արարչական Հոգեբանութիւնը: 


Այս Խօսքը մեզ չի կերպաւորեր որպէս բանականութեամբ օժտուած օգնականներ, կամ քարտուղարներ, կամ ներկայացուցիչներ: Ան կը ստեղծէ մեզ իբրեւ երկնաւոր ինքնիշխան նոր քաղաքացիներ, որոնք Մկրտութեան սրբարար խորհուրդին զօրութեամբ կ’ընդունին “ամէն ինչ որ Հայրը ունի” (տես Ղուկաս 15.31): Ամէն ինչ: “Բիւրապատիկ հրաշքներով Քրիստոս աստուածագէտ ըրաւ իր աշակերտները, որ մերձաւոր եւ ծանօթ ըլլանք Աստուծոյ միասնական բնութեան եւ երեք անձերուն գեղեցկութեան եւ կերպարանքին,” սորվեցուց Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Տրդատ թագաւորին, կ’ըսէ Ագաթանգեղոս:


Երբ իսկապէս հասնինք տեսնելու եւ ճշմարտապէս ընդունելու Հօր Խօսքը, այն ատեն պիտի գտնենք մեր ինքնութիւնը. մեր պատկերին նոյնութիւնը աստուածային բնութեան հետ: Մենք եւս պիտի խօսինք Սուրբ Հոգիին լեզուն այնպէս որ մարդիկ մեր մէջ պիտի տեսնեն Աստուծոյ ճշմարիտ պատկերը: Ճոն Հենրի Նիւմըն այս աստուածային ինքնութեան մէջ կը տեսնէ մարդկային խղճին իսկական բնոյթը, եւ կը կոչէ զայն “Աստուծոյ ձայնը:” Մեր բնութեան խորը դրուած այս ձայնը ճշմարտութիւնն է, որուն պէտք ենք հետեւիլ. միայն այն ատեն կարող պիտի ըլլանք հասկնալու թէ ի՛նչ կը նշանակէ ստուգիւ “խղճի ազատութիւն” բացատրութիւնը. ո՛չ թէ իմ ուզածս ընել, այլ՝ Աստուծոյ ձայնին հետեւիլ, որ կը հրաւիրէ մեզ հասնելու ճշմարտութեան: Միտ դնել Երկնաւոր Հօր Խօսքին, որպէսզի Անոր Սուրբ Հոգին ներգործէ իմ կարողութիւններուն ընդմէջէն եւ հրաշագործէ իմ շրջապատս:


Երբ հասնինք ճշմարտութեան եւ մեր սնունդը առնենք անկէ՝ սիրոյ լեզուն պիտի խօսինք: Սիրոյ տրամաբանութեամբ պիտի գործենք: Սիրոյ կեանքը պիտի ապրինք:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment