Ու՞ր Է Աստուած

Երբ մեր հոգիները խռոված են՝ ականատես դժբախտութեան մը, կամ խոցուած՝ անարդար խօսքէ մը, կամ զրկուած՝ անիրաւ գործի մը հետեւանքով, կը լսենք այս հարցումը. “Ու՞ր է Աստուած”: Երբ գտնենք մենք զմեզ չարիքի մը դիմաց՝ ամենեւին անզօր եւ անկարող այդ չարիքին առաջքն առնելու, այդ րոպէին միտքերնիս կ’իյնայ որ Աստուած ամենազօր Տէր կրնայ ըլլալ, որուն հրամանները միշտ կը կատարուին: Կրնայ ըլլալ որ միայն հոգեբանական ակնկալութիւն մը ըլլայ այս՝ բայց որ նշան է, թէ մենք անզօր ենք. մեր կեանքին կարեւորագոյն դարձուածքները տեղի կ’ունենան ստիպողութիւններու եւ սահմանափակումներու շղթաներով. շղթաներ՝ որոնց ծանրութեան տակ մարդը միշտ հաստատած է իր ինքնիշխանութիւնը եւ ազատութիւնը, առանց ամչնալու այսքան հակասական հպարտութենէ:


Մարդկային այս անբարտաւանութեան սահմանափակ իշխանութենէն դուրս կը գտնուի Աստուծոյ Խօսքը: Ան չի կրնար կայանալ այս նեղ սահմաններուն մէջ. Պօղոս Առաքեալին բառերով՝ “Աստուծոյ Խօսքը շղթայուած չէ,” (2 Տիմոթէոս, 2.9) եւ Իր Սուրբ Հոգիին ազատութեամբ կը գործէ ուր եւ երբ ուզէ: (Յովհաննէս 3.8):


Աստուած արդար Հայրն է, եւ Անոր վճիռները միշտ ճշմարիտ են, եւ ճիշտ այս աստառին վրայ երեւան կու գան անարդարութիւնն ու մեղքը՝ ամէն անգամ որ մեր գործերը եւ միտքերը հակառակ դիրք կը բռնեն Աստուծոյ բարի Խօսքին եւ ողորմութեամբ յորդող Սուրբ Հոգիին դէմ: Երկնաւոր մեր Հայրը եւ Տէրը չի կոտրեր մեր սահմանափակ իշխանութեան ծանրութեամբ ջախջախուած բնութիւնը, ոչ ալ ի սպառ կը մարէ մարդուն իմացականութեան օրհասական վերջին հեծեծանքները: Ընդհակառակը, կը փութայ վերականգնելու այն՝ զոր Իր իսկ պատկերին համաձայն ստեղծեց. աստուածային Իր Խօսքը կը լեցնէ մեր բնութեան մէջ, եւ հաւատքի, յոյսի, եւ սիրոյ զօրութեամբ կը բորբոքէ մեր մխացող պատրոյգը իր Սուրբ Հոգիին նոր կեանքով:


Աստուած կը բնակի կարիքաւորներուս մէջ, որովհետեւ Սէր է Անոր բնութիւնը. աստուածային Նախախնամութեան իսկութիւնն է բուժել հիւանդը, մխիթարել սգաւորը, ջուր տալ ծարաւիներուն, սնուցանել անօթիները, փնտռել կորուսեալը, գրկել թողութեան յոյսով Իրեն մօտեցողները, գոյութիւն տալ չգոյին, արարչագործել՝ բաշխելու համար իր պարգեւները:


Աստուած նախ քան մեր կարող ըլալը բարին կամ չարը ընտրելու, սիրած է մեզ եւ կեանքի պարգեւով լիացուցած:  Սբ. Գրիգոր Նարեկացին սքանչելի կերպով կը նկարագրէ այս իրողութիւնը. “Փրկչիդ՝ Յիսուս Քրիստոսիդ մարդասիրութեան աննուազ լիութեան կը պաղատիմ, որ չէի երբեմն եւ ստեղծեցիր, չխնդրեցի եւ Դուն ըրիր, դեռ լոյսին չեկած՝ զիս տեսար, … չկանչած՝ խնամարկեցիր, ձեռքեր վեր չբարձրացուցած՝ նայեցար, չպաղատած՝ ողորմեցար, ձայնս կերպարանք չառած՝ լսեցիր, չհեծեծած՝ մտիկ ըրիր…” (Բան 18.1): 


Անոր արդարութիւնը չի հանգչիր նուէրներով բեռնաւոր Իրեն առջեւ կանգնած Փարիսեցիին մէջ, այլ առատօրէն կը յորդի իր պարապութեան զիղջով գիտակից Մաքսաւորին մէջ (Ղուկաս 18.9-14):

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment