Օրացոյցը կը պահէ մեր կեանքի ճանապարհորդութեան ժամանակագրութիւնը, եւ կարծես անիւ մըն է որ կը դառնայ առանց կենալու, իւրաքանչիւր օրուայ արեւուն ծագելէն մինչեւ մար մուտքը, եւ գիշերային խորհրդաւոր անցքով դարձեալ վերսկսելու անվերջ ընթացքը:
Հիները չունէին մերօրեայ գիտութեան յառաջացումով տիրապետած բնութեան օրէնքներուն խորհուրդներէ պարպուած մերկ ու չոր հասկացողութիւնը: Մենք գիտենք ուր է արեւը, գիտենք ուր է երկիրը: Բայց չենք գիտեր ուր ենք մենք, որովհետեւ շատ կարծիքներ ունինք. ամէն բանի մասին տարակոյսներ կը յարուցանենք. վստահ չենք նոյնիսկ եթէ ճշմարտութիւն կայ կամ չկայ. “ուսուցիչ” կ’անուանենք կարծողական իսկութիւններ գիտցողները, Սբ. Գրիգոր Նարեկացիին խօսքերով (Բան 17.2):
Խորհուրդը կը սահմանենք որպէս անհասկնալի բան մը, անիմանալի իրականութիւն մը, անբացատրելի երեւոյթ մը, ծածկուած իմաստ մը, եւ ոչ թէ հոգեւոր ու անմարմին ճշմարտութիւն մը՝ արեւէն աւելի պայծառ ու ջինջ, բարի եւ գեղեցիկ, ո՛չ այլ իրականութիւն՝ քան մեր Երկնաւոր Հայրը ինքնին:
Երկրաւոր արեւուն ծիրը եւ անոր շուրջ ճամբորդ երկիրը պատկերն են Աստուծոյ շուրջ դարձող մարդուն երգին: Ո՜րքան խաւարային է մեր ճամբան առանց այդ Արեգակին: Նարեկացին սքանչելի բառերով կը հիւսէ Աստուծոյ եւ մեր այս երգը.
“Եւ արդ, ամէն բանի մէջ, ամէն բանի համար՝ դու՛ն ես առաջին լոյս, ով Յիսուս. դուն ես բարութիւն, կեանք եւ անմահութիւն: Դարձի՛ր ինծի գթութեամբ, եւ պիտի պատրաստես զիս քեզի դառնալու կրկին բերկրութեամբ, որովհետեւ առանց քու կամքիդ չեմ կրնար նորոգ փոփոխուիլ. եւ եթէ քու կամքդ չգթայ՝ մահուան պարտականս ոյժ չունիմ փրկուելու. եւ եթէ կառավարդ դու՛ն յարդարելով չպատրաստես քեզի բերող ճանապարհին արահետը՝ խոր վիհեր կան աջէս ու ձախէս:” (Բան 54.1):
Դարձի հասկացողութիւնը էական է Աստուծոյ եւ մարդուն կապը ստոյգ իմաստով հասկնալու համար: Աստուած պիտի չհանգչի մինչեւ մեր փրկութիւնը պայծառ չփայլի: Փրկութիւնը ձգողական հզօր ոյժն է արարիչ Հօր եւ արարած մարդուն միջեւ. միաժամանակ կը սահմանէ մարդուն ճանապարհին ուղղութիւնը եւ վախճանը ինչպէս նաեւ Աստուծոյ խնամածութեան հոսքին նպատակը:
Մեր ընթացքը աստանդական եւ աննպատակ չէ. ոչ ալ գաղթականի հոգեբանութեամբ ետ-դարձ մը՝ դէպի Եգիպտոսի գերութիւնը, օրապահիկ հացի եւ միսի պատառի մը տուած գձուձ խշտեակին, կտաւին, գինիին, ձէթին ապահովութեան, (Ովսէէ 2.5) այլ՝ ուխտաւորին դէպի խորհրդաւոր բայց բարութեամբ, կեանքով, եւ անմահութեամբ լեցուն նպատակին–Հօր Ուխտին կ’առաջնորդէ: Ճանապարհն է դէպի Աւետեաց Երկիրը. Երկիր՝ ո՛չ նիւթական բարօրութեան պտուղներով յորդ, այլ լեցուն Աստուծոյ ներկայութեան լիութեամբ:
Աստուածային արդարութեան արեգակին շուրջ մեր պարը կրկին բերկրութեամբ կը լիացնէ զմեզ, եւ մեր կեանքի արահետներուն կու տայ սքանչելի նպատակ եւ մարմին: Այս արահետը բարձրացում մը չէ նուազ բարիէ մը դէպի աւելի բարին–որովհետեւ բարին չի կրնար նուազ կամ աւելի ըլլալ, բարին միշտ լիութիւն է–այլ դէպի գերագոյն գոյացական Բարին, որ “չափ” չունի. մեր ուխտաւորութիւնը ընթացքն է դէպի Հօր արքայութիւնը՝ Եսայի մարգարէին քարոզած շաւիղներէն (62.10–11), դէպի այդ Նոր Ուխտը, զոր Տէր Յիսուս հաստատեց իր Խաչին զոհով:
Մաղթենք որ աստուածային արեգակին շուրջ մեր դարձով՝ մենք եւս չհանգչինք մինչեւ մեր փրկութիւնը պայծառ չփայլի:

