Մարդուն Յիշատակը Աստուծոյ Մէջ — Աստուծոյ Յիշատակը Մարդուն Մէջ

Յիսուսի աշակերտ ըլլալ կը նշանակէ Աստուծոյ սիրտը ունենալ մեր մէջ. կը նշանակէ Աստուծոյ Հոգին ունենալ մեր մէջ (Հռոմէացիս 5.5). կը նշանակէ  Քրիստոսի միտքը ունենալ (1 Կորնթացիս 2.16): Սբ. Գրիգոր Նարեկացիին խօսքերով՝ կը նշանակէ ունենալ “Աստուծոյ յիշատակը հոգիին շարժումներուն քով, գարշապարը փոխելուն, աջը կարկառելուն եւ բազուկը բարձրացնելուն, բարի բաներուն՝ գոհանալով, գայթելուն՝ աղաչելով, ընտանի խօսքերուն, հասարակաց խօսակցութեան, բնաւորական ձայներուն, գործերու յաջողութեան, առաքինութիւններու ջերմութեան, (…) քնանալուն մէջ եւ արթնութեան, ժողովուրդներու պատերազմներուն, դէւերու մարտերուն, հերձուածողներու հակառակութիւններուն, մանուկներուն, մեծերուն, (…) ամէնքէն հաւատացուած:” (31.3):


Ի՞նչպէս կարելի է ըմբռնել Աստուծոյ այս ընդհանրական ներկայութիւնը, յիշատակը, ամէն բանի մէջ: Մարդկային մտածողութեամբ՝ հասկնալի է բանաւոր իմացութիւն ունեցող արարածներու մէջ Աստուծոյ յիշատակին կարելիութիւնը. բայց ի՞նչպէս հասկնալ այս զԱստուած մերժողներուն պարագային, կամ բանականութենէ եւ, եւս աւելի, կեանքէ զուրկ արարածներուն պարագային: Աստուծոյ պէս մտածելով (Մատթէոս 16.23) 


եւ իմանալով Անոր զօրութիւնը (Մարկոս 12.24), Աստուած ներկայ է, իր յիշատակը դրոշմուած է նախ եւ առաջ՝ որպէս արարիչ եւ խնամող բոլոր արարծներուն, եւ ապա՝ որպէս փրկիչ եւ բարեկամ բանաւոր իմացութեամբ իր պատկերին համաձայն ստեղծուած մարմնաւոր եւ հոգեղէն արարածներուն:


Աստուծոյ պատկերը մարդուն մէջ տպաւորուած է ոչ միայն բանականութեամբ, ինչպէս ընթացիկ կերպով Սբ. Գրքի մեկնիչները բացատրած են, այլ մանաւանդ՝ սիրելու կարողութեամբ, որ ոչ միայն կնիքն է Աստուծոյ պատկերին, այլ՝ Անոր բնութեան հաղորդութիւնն է մարդուն բնութեան հետ: Այ՛ս է խորագոյն միտքը՝ ստեղծուած ըլլալու Երկնաւոր Հօր պատկերով, նմանութեամբ Անոր Միածին Որդիին, եւ կրելով Անոր Սուրբ Հոգւոյն շունչը մեր ռունգերուն մէջ (Ծննդոց 2.7): Մենք կենդանի յիշատակներ ենք Արարիչ Հօր:


Աստուծոյ կենդանի յիշատակը կը կրենք մեր մէջ նաեւ, որովհետեւ մենք մեզմէ չենք կրնար բարին ընել: Երբ խզենք կապը մեր ռունգերուն մէջ Աստուծոյ շունչէն, մենք մեզմէ կարող ենք միայն կեղծ յոյսեր ստեղծել: Եթէ Տէր Յիսուս ի՛նք կարող չէ ինքնիրմէ բան մը ընել, ինչպէս կ’ըսէ Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ (5.30 եւ 40-44), ո՛րքան աւելի մենք պէտք ենք հաստատուած մնալ որթատունկին մէջ (Յովհաննէս 15.1-8):


Բայց Աստուծոյ կենդանի յիշատակը կը կրենք մեր մէջ մանաւանդ Մկրտութեան սրբարար խորհուրդին զօրութեամբ: Պօղոս Առաքեալ հիացմունքով կը գոչէ, “Չէ՞ք գիտեր որ դուք Աստուծոյ տաճարն էք, եւ թէ Աստուծոյ Հոգին կը բնակի ձեր մէջ:” (1 Կորնթացիս 3.16): 


Այս Հոգիին զօրութեամբ մենք կարող ենք ճանչնալ եւ սիրել զԱստուած. այս Հոգիին զօրութեամբ Երկնաւոր Հայրը կը ճանչնայ իր պատկերը եւ կը հաճի մեզի, հաճութիւն՝ որ կը կնքէ մեր գերագոյն արժէքը՝ գնուած ըլլալու իր Միածին Որդիին արեամբ (1 Կորնթացիս 6.20):

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment