Ընդունինք Առաքելական Հաւատքին Գիտութիւնը—Ամփոփուած Սիրոյ Մէջ

Ահաւասիկ, մանանեխի հատիկին ջնջին գոյութեան մէջ ամփոփուած՝ մեզի յանձնուած է առաքելական քարոզութեան կենարար խօսքը: Հաւատքի լուսաւորիչ գիտութիւնն է այդ, որ կը քննէ Աստուծոյ խորութիւնները ոչ իմացական կարողութեան մը ուժով, այլ յոյսի մարգարէական վստահութեան ամրութեամբ, եւ խորութիւններուն մէջ կը գտնէ սէրը, իր ամենազօր եւ փրկարար ներգործութեամբ (տե՛ս Հռոմայեցիս 1.17):

 

Աստուծոյ յիշատակը կ’ընդլայնէ սիրոյ ամփոփուած եւ ծրարուած ուժը, կը խնամէ յաւիտենական այդ կեանքին ծիլը՝ դիեցնելով անոր Սուրբ Հոգիին աւիշը, որպէսզի աճի եւ ստեղծէ աստուածաշէն մշակոյթի ոլորտ մը, որուն հովանին պաշտպանութիւն պիտի տայ Երկնքի արքայութիւնը իրականացնող առաքինութիւններուն եւ գործերուն:

 

Երկնաւոր արքայութիւնը իրականացնող այս նոր տրամաբանութիւնը կարելի է պատկերացնել մեր մտքերուն մէջ Յիսուսի տուած բարի հովիւին առակով: Մարդկային հովիւը կ’արածէ ոչխարները օգտուելու համար. ոչխարին գեղմէն, միսէն, կաթէն: Բարի եւ քաջ հովիւը ամենեւին հակառակ տրամաբանութեամբ կ’արածէ իր հօտը. դալար մարգեր կը տանի, եւ կարկաչահոս ջուրերու մօտ կը սնուցանէ, որպէսզի ոչինչ պակսի իր ոչխարին (Սաղմոս 22 / 23) եւ միայն կեանք ունենայ, եւ լիուլի ունենայ ապրելու երջանկութիւնը (Յովհաննէս 10.10):

 

Առաքելական հաւատքը կը քարոզէ երկնաւոր արքայութեան նոր տրամաբանութիւնը, եւ զայն ընդունելով քրիստոնեաներս ընդունած կ’ըլլանք իւրաքանչիւրս մեր ձիրքերուն եւ կարողութեան համեմատ տաղանդներ (Մատթէոս 25.14–30): Այս հաւատքը նոր կեանքին սկզբունքն է եւ Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեամբ մեզի կը հասցնէ յոյսի ապահովութեան (Գաղատացիս 5.5), եւ չենք կրնար զայն պահել ամուլ, թաշկինակի մէջ փաթաթուած եւ հողի տակ թաղուած, որովհետեւ զայն անպտուղ պահելը Սուրբ Հոգիին դէմ մեղանչել է. մեր փրկութիւնը կը կայանայ զայն կենսունակ պահելուն մէջ սիրոյ գործերով (Գաղատացիս 5.6):

 

Սիրոյ մէջ ամփոփուած մեր հաւատքին բերած ազատութիւնը կ’առաջնորդէ մեզի մտնելու երկնաւոր արքայութեան սքանչելի իրականութեան սահմաններէն ներս. այդտեղ մենք կը կենցաղավարինք Մկրտութեան սրբարար խորհուրդին զօրութեամբ մեր ստացած Սուրբ Հոգիով, կ’ըսէ Պօղոս Առաքեալ (Գաղատացիս 5.16) եւ ոչ մարմնի ցանկութեամբ հակառակ այս Հոգիին: Այստեղ կարեւոր է ստուգապէս իմանալ “մարմնական ցանկութիւն” արտայայտութիւնը, որ չի նշանակեր տռփական տենչանք միայն կամ գլխաւորապէս, այլ՝ մարդկային բնութեան ամբողջական կարողութիւնները իրենց հրաշալի կատարելութեան փառքով, բայց զուրկ Սուրբ Հոգիին տիրական ներկայութենէն:

Նոյնիսկ ամենակատարեալ մեր կարողութիւններով եթէ կը սերմանենք զուրկ Սուրբ Հոգիէն, պիտի հնձենք զուրկ Հոգիին կեանքէն՝ ապականութիւն (Գաղատացիս 6.8): Իսկ եթէ Սուրբ Հոգիին միութեամբ ցանենք, այն ատեն Անոր պտուղները պիտի հնձենք. “սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատք, հեզութիւն, ժուժկալութիւն:” (Անդ, 5.22-23):

 

Այսպէս ահա կ’ընդունինք առաքելական հաւատքին գիտութիւնը՝ ամփոփուած սիրոյ մէջ, եւ Սուրբ Հոգիին բեղնաւորութեամբ զայն կը ծնինք որպէս յաւիտենական կեանքի հրաշալի գործեր, եւ կը փոխարկենք մեր մարդկային բնութիւնը Տէր Քրիստոսի փառաւոր յարութեան մասնկացութեամբ:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment