Արեւը Ծագելուն Ելաւ Աղօթելու

Աւետարանիչները ստէպ կը յիշեն որ Յիսուս արեւը մար մտնելուն շատ բժշկութիւններ կ’ընէր (օրինակի համար տես՝ Մատթէոս 8.16–17, Մարկոս 1.32–34, Ղուկաս 4.40–41) եւ բժշկութիւն ըսելով չեն հասկնար միայն մարմնական հիւանդութիւններէ առողջութիւն, այլ՝ մանաւանդ՝ ուսուցում Աստուծոյ արքայութիւն առաջնորդող ճամբաներուն մասին, եւ տգիտութեան եւ չարութեան դեւերէն բժշկութիւն:

 

Բժշկական գիտութիւններուն յառաջացումով, շատ հիւանդութիւններ որ հիները դեւերուն կը վերագրէին, իրենց մասնակի բուժումը կը գտնեն առողջապահութեան “առաքեալներով”–բժիշկներու, դեղերու, հիւանդապահներու, հիւանդանոցներու օգնութեամբ:

 

Տգիտութեան դիւահարութենէն բուժուիլը, սակայն, ամէնէն երկար եւ դժուար աշխատանքը կը պահանջէ. սերունդներ կը տեւէ, եւ պէտք ունի մշակոյթի բարձրագոյն միջավայր՝ որպէսզի կարենայ ատակ ըլլալ տանելու ոչ միայն մարդկային շնորհքներու եւ քաղաքակրթութեան գոյացութիւնը, այլ Աստուծոյ եւ Անոր Շնորհքին գործարանը կայանայ, ինչպէս մեր մարմինը՝ իրեն կեանք տուող հոգիին:

 

Տգիտութեան դիւահարութենէն բուժուելու համար չի բաւեր մարդկային գիտութիւններուն օգնութեամբ մաքրել եւ յարդարել մեր միտքն ու հոգին, դուրս վտարել տգիտութեան սատանան: Այլ պէտք ենք հետամուտ ըլլալ Աստուծոյ Սուրբ Հոգիով լեցնելու մեր բնութիւնը, որովհետեւ տգիտութեան սատանան շատ շուտով կրնայ ետ վերադառնալ, եւ երբ տեսնէ որ մեր բնութիւնը յարաբերական արժէքներով պատրաստ ու մաքուր է՝ իրմէ շատ աւելի դաժան եօթ դեւեր կը գտնէ ու կը հրաւիրէ տեղաւորուելու մեր բնութեան մէջ: (Մատթէոս 12.43–45): 

 

Արդարեւ մարդուն պատմութիւնը փաստ է այս անուրանալի ճշմարտութեան–“յառաջդիմութեան” անունով մղուած պատերազմներու, բարբարոսական բարքերու, ահաւոր խժդուժութիւններու անսպառ շտեմարանով. ո՞վ կրնար երեւակայել, օրինակի համար, որ Գերմանիոյ նման յառաջդիմական ընկերութիւն մը իյնար խորագոյն բարբարոսութիւններուն մէջ՝ հազիւ հարիւր տարիներ առաջ, մարդուն արժէքը ճճիներէն իսկ նուազ կշռելով:

 

Աստուծոյ Սուրբ Հոգիով լեցնելու համար մեր բնութիւնը՝ Յիսուսի հետ պէտք ենք արեւը ծագելուն երթալ մեկուսի տեղ մը (Ղուկաս 4.42), զոր Գրիգոր Նարեկացին կ’ըսէ որ մեր սրտերուն խորհրդակիր սենեակն է (Բան 1.1), աղօթելու, եւ լեցուելու Սուրբ Հոգիին շնորհքներուն լոյսով (3.3): Այդ արեւագալին շքեղ պայծառութեան մէջ տեսնելու համար Երկնաւոր Հօր առատազեղ խնամածութիւնը, որ մէկ դանգով վաճառուող երկու ճնճղուկն անգամ իր սիրով կը պատէ:

 

Ամէնօրեայ այս հրահանգով պիտի կարենանք փայլեցնել մեր նիւթեղէն հոգին Աստուծոյ շունչով, պիտի բարձրացնենք մեր բանականութիւնը դէպի Աստուծոյ Խօսքին վայելչութիւնը, եւ մեր մարմնեղէն տաղաւարին մէջ պիտի հիւրընկալենք Աստուծոյ Հոգին՝ մեր բնութեան շունչին խառնելով անոր շնորհքներուն պարգեւները (Բան 5.3):

 

Ահա, այս է իմաստը իմաստուն կոյսերուն հետ մեր լապտերները միշտ կազմ ու պատրաստ պահելուն: Մեր իւղը պէտք չէ լեցնենք մարդկային անցաւոր փառքին աւաղելի աղբիւրէն, այլ՝ երկնաւոր արքայութեան–մեր այդ նոր դրախտին յաւիտենական սեղանէն:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment