Հակառակ որ Հին Կտակարանը Երկնաւոր Հօր Խօսքն էր ուղղուած մարդկութեան եւ ի մասնաւորի խօսակցութիւնը իր եւ իր ժողովուրդին միջեւ, Տէր Յիսուս անտարակոյս կերպով քարոզած է որ այդ հին տիկը պիտի փճանայ եւ կորսուի, եթէ Նոր Գինին փորձենք այդ Կտակարանին մէջ լեցնել եւ ամփոփել:
Հին Կտակարանին պատիւն ու դերը պահպանելու համար, Աստուծոյ Նոր Ժողովուրդը՝ մենք՝ պէտք ենք մեր Հօր Խօսքը եւ Անոր Նոր Կտակին Արիւնը պահել նոր տիկերու մէջ՝ մեր նորաստեղծ բնութեան մէջ:
Քրիստոնէական ապաշխարութեան կեանքի ճանապարհը կը մտնենք Մկրտութեան սրբարար խորհուրդով. այս հասկացողութիւնը հին տիկին մէջ դրուած՝ կը կորսնցնէ իր բնիկ եւ նոր իմաստը՝ որ կը կայանայ աստուածային շնորհքին զղջումի հրաւէրին մէջ ապրիլ. ո՛չ անպայման որովհետեւ մեղք կը գործենք–ահա՛ հին տիկի հասկացողութիւնը–այլ որովհետեւ մեղաւորութեան վտանգին տակ կ’ապրինք, կամ կարող ենք Աստուծոյ դէմ դնել, որ նոր տիկն է նոր գինիին համար:
Զղջումի միտքը հին տիկի տրամաբանութիւնը կ’ուղղէ դէպի մարդկային բնութեան անկումները, այդ անհատնում ձեռք երկարելները ուտելու պտուղը, եւ այդ սխալ ընտրութիւններուն վրայ ողբալը, անդամալոյծ նստած՝ սպասելը որ մէկը նետէ մեզ հրեշտակին յուզած առողջական ջուրերուն մէջ:
Ասոր դիմաց կայ նոր տիկի հաւատքին հրաւէրը, որ ոտքի ելլենք, առնենք մեր մահիճը եւ երթանք տուն՝ քարոզելու համար Հօր արքայութեան գալուստին աւետիսը եւ մեր մեղքերէն փրկութեան աւետարանը, որովհետեւ, Պօղոս Առաքեալին հետ եւ նման՝ ամէն մկրտուած անձ կը կրէ իր մարմնով, իր բնութեամբ, Քրիստոսի չարչարանքները (Գաղատացիս 6.17) եւ կը սփռէ այս հաղորդութեան զօրութեամբ Երկնաւոր Հօր առատ ողորմութիւնը: Կը հրամցնէ ամէնուն այդ համեղ եւ յաւիտենական կեանքով լեցուն հզօր նոր գինին:
Գրիգոր Նարեկացիին խօսքերով՝ հին տիկի հասկացողութիւնը կը վտանգէ մեր փրկութիւնը, որովհետեւ կ’ունայնացնէ այդ բարիքին երախտիքը, եւ–յարասելով սուրբին խօսքերը–Բարձրեալին խնամքներով յորդառատ անճառ շնորհքներու լուսաւորութիւնը կը ցնդէ (Բան 5.3): Իսկ նոր տիկի զղջումի ապաշխարութեան յոյսին նշոյլը կ’աւետէ քրիստոսեան աւետիսը՝ թէ “շատ մեղքերուն դէմ կայ դարձը, պարտքերուն՝ շնորհքը, եղծումին՝ նորոգութիւնը, անօրէնութեան՝ քաւութիւնը, վէրքին՝ բժշկութիւնը, վտանգին՝ անդորրութիւնը, պատիժին՝ ներումը, պատերազմին՝ հանդարտութիւնը, կրակին՝ անձրեւը, պատուհասին՝ պարգեւը, սատակումի ակնկալութեան՝ նուէրը, մահուան կառափին՝ կեանքի ազատութիւնը:” (Բան 33.2):
Ահաւասիկ գերազանց նկարագրութիւնը երկու ճանապարհներուն. լայնին՝ յուսահատութեան, եւ նեղին՝ բնականէն դէպի գերբնական կեանքի պայծառակերպութեան: Հինին եւ Նորին: Մարդկային իմաստութեան եւ զօրութեան չափին, ընդդէմ Աստուծոյ յիմարութեան եւ տկարութեան չափին (1 Կորնթացիս 1.25): Ուխտաւորի մեր նո՛ր ճանապարհին, որ ուղիղ կը տանի դէպի խոստացուած երկիրը՝ յաւիտենական բարութիւններու Հօր արքայութիւնը. ո՛չ թէ այն երկիրը՝ որ առատ է մեծատուններով եւ ոչնչանալու սահմանափակութեամբ: Այլ այն նոր երկիրը՝ որ Աստուծոյ հողն է, եւ այդ հողէն նոր կը ստեղծուինք՝ հասնելու համար աստուածային շնորհքներու անմահական կատարելութեան:

