Պիտի Խափանեմ Մեծամիտը

Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ ամէնօրեայ հպարդ գուպարը Աստուածաշունչը կը նկարագրէ երեք տիպար օրինակներով. Աբրահամի (Ծննդոց 22.1–19),  Յակոբի (Ծննդոց 32.24–31), եւ Մովսէսի (Ելից 4.24–26): Ասոնցմէ միայն մէկը յաղթական ելած է փորձութենէն. այն որ Աստուծոյ կամքը կատարեց առանց տատամսումի:


Աստուած փորձելով կը հրամայէ որ Աբրահամ իր օրինաւոր կնոջմէ ծնած զաւակը ողջակէզ զոհ մատուցանէ լեռան մը վրայ (Ծննդոց 22.1–19): Աբրահամ առանց այլեւայլի ճամբայ կ’ելլէ կատարելու Աստուծոյ պատուէրը, եւ իր կատարեալ հաւատքով արժանի կ’ըլլայ Աստուծոյ օրհնութեան՝ դառնալու հաւատքի հայրը բոլոր ազգերուն, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կը բացատրէ հռոմայեցիներուն գրած նամակին մէջ (4.16–17):


Աբրահամի հաւատքը ներգործութիւնն էր որով ան ամբողջովին յանձնուեցաւ Աստուծոյ խնամքին. լոյսն էր, որով ան իմացաւ որ միայն Աստուած էր իր կեանքի աղբիւրը, եւ թէ ինք ոչինչ էր առանց Աստուծոյ. ինքզինք բան մը ըլլալ չհամարեց, այլ հաւատքի կապով իր ամբողջ գոյութիւնը հաստատեց Աստուծոյ ամենազօր կարողութեան վրայ:


Տէր Յիսուսի Խաչին իրականութիւնը անկարելի է կշռել մարդկային իմաստութեամբ, այդ հին նժարով: Նոր նժարը յիմարութիւն կը թուի հինին: Յայտնի է որ մարդկային ողջմտութիւնը կը խրտչի իր հաւատքը հիմնելէ Աստուծոյ զօրութեան վրայ, որովհետեւ չունենալով Աստուծոյ կարողութիւնն ու փառքը չի կրնար “պատճառաբանել” Աստուծոյ տեսանկիւնէն: Կը սայթաքի ամէն քայլին եւ կը թաւալի մէկ անկումէն դէպի միւսը, գահավիժելով մեծամտութեան անդունդը: Փոխանակ զղջալու եւ ապաշխարութեան ուխտի վերելքը մտնելու, կ’որոշէ որ խիստ են Յիսուսի յաւիտենական կեանքի խօսքերը, ո՞վ կարող է հանդուրժել անոնց: (Յովհաննէս 6.60–61):


Աշխարհի այս հոգին չէ որ մենք ստացանք, այլ Աստուծոյ Հոգին, կ’ըսէ Պօղոս Առաքեալ (1 Կորնթացիս 2.12): Ոչ միայն առինք Աստուծոյ Հոգին, այլ մենք Քրիստոսի միտքը ունինք (Անդ, 2.16), այսինքն՝ այն “ուղեղ”ը որուն շնորհիւ Աստուծոյ Հոգին կը խորհի, կը մտածէ, կը ճանչնայ, կը սիրէ, կը հաւատայ, կը յուսայ: Կը գիտակցինք որ մենք բան մը չենք առանց Աստուծոյ Հոգիին: Եւս աւելին՝ Աստուծոյ Հոգին կը բռնէ մեզ եւ կը փոխուինք ուրիշ մարդու (1 Թագաւորաց 10.6). այն նոր մարդուն՝ որ Աստուծոյ կը պատկանի եւ Անոր ճշմարտագոյն ներկայութիւնը կը դառնայ իր շրջապատին մէջ:


Մարիամ, Նազարէթի խոնարհ օրիորդը, պայծառ օրինակն է այս իրականութեան: Սուրբ Հոգիին եկաւորութեամբ ան դարձաւ ուրիշ մարդ. մէկը՝ որուն համար Հզօրը մեծամեծ գործեր ըրաւ, այնպէս որ բոլոր սերունդները երանի կու տան իրեն: Ամբարտաւանները ցրեց իրենց սրտի խորհուրդներով, հզօրները տապալեց իրենց աթոռներէն, եւ բարձրացուց խոնարհները: Քաղցածները լիացուց բարիքներով եւ մեծահարուստները ձեռնունայն արձակեց: Ամէն անգամ որ նայեցաւ այս նոր մարդուն, Աստուած յիշեց իր ողորմած եւ առատահոգի գութն ու սէրը եւ խնայեց իր ստեղծած արարչութեան: (Ղուկաս 1.46–55):


Ամէնօրեայ կեանքին մեր դէմ հանած փորձութիւններուն մէջ հաւատքի ներգործութեամբ յանձնենք մենք զմեզ Աստուծոյ խնամքին. տեսնենք մեր Երկնաւոր Հօր մէջ մեր կեանքին միակ աղբիւրը. հաստատենք մեր ամբողջ գոյութիւնը Անոր ամենակարող ողորմութեան վրայ, որպէսզի առաքէ մեր վրայ իր Հոգին եւ գրաւէ մեզ. փոխէ մեզ մեր նոր տիպարին, որ կը մտածէ Աստուծոյ պէս, կը հաւատայ Աստուծոյ պէս, կը յուսայ Աստուծոյ պէս, որ մանաւնդ կը սիրէ Աստուծոյ պէս:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment