Մեր կեանքը լեցուն է նոր բաներ սորվելու առիթներով. նորածին մանուկը սորվող կատարեալ “գործիք” մըն է. հետաքրքրութեամբ եւ սորվելու անսպառ ծարաւով կը փորձէ իր շրջապատը եւ կը ստանայ նոր գիտութիւն: Կ’աճի եւ կը զարգանայ: Անոր կու տանք ամէն առիթ՝ իմաստութեամբ եւ մարդկային գիտութեամբ առաջ երթալու եւ բարի ընտրութիւններով իրականացնելու իր ծրագիրները:
Բայց կեանքի ամէն փորձութիւնները բարի եւ օգտակար չեն, եւ մեզի չեն տար իմաստութեան եւ բարիին մէջ յառաջանալու առիթներ: Ի՞նչպէս պիտի սորվինք բարին եւ լաւը ընտրել: Մարմնական ցաւն ու նեղութիւնը կ’օգնեն խուսափելու մեզի վնաս հասցնող ընտրութիւններէն. բայց իցիւ թէ մնացած ամէն ինչ այդպէս յստակ ըլլար մեր կեանքին մէջ:
Սովորական գործածութեան մէջ՝ “փորձ” հասկացողութիւնը հիմը կը կազմէ ոչ-վերջնական, ժամանակաւոր ընտրութեան մը. տեսնելու եւ կշռելու համար եթէ մեր վերջնական ընտրութիւնը՝ մեզի համար պիտի ըլլա՞յ բարի եւ օգտակար: Արդեօք այ՞ս միտքով է որ հետամուտ ըլլալու ենք բարին ընտրելու մեր կեանքին մէջ: Արդեօք պէտք ենք շա՞տ տարբեր ծառերու պտուղներէն ուտել մինչեւ գտնենք կեանքի եւ անմահութեան պտուղը: Թէ՞ պէտք ենք ուշադիր ըլլալ որ զարգանանք եւ աճինք շնորհքի եւ իմաստութեան պարտէզներուն մէջ:
Մեր միջավայրը պահպանենք վնասակար եւ թունաւոր գաղափարներէ, տեսութիւններէ, եւ ախորժակներէ:
Եկեղեցին նոր դրախտն է, ուր կարող ենք գտնել Աստուծոյ առատ շնորհքները եւ Անոր անսահման բարութեան բերրի եւ արգաւանդ հողը՝ խրելու համար այնտեղ մեր արմատները եւ աճելու իմաստութեամբ, աստուածային շնորհքներուն գեղեցկութեամբ:
Իբրեւ ճշմարիտ պատկերներ Աստուծոյ՝ ամէն մարդ, զարգացած կամ ոչ, հարուստ թէ աղքատ, գիտուն եւ տգէտ, նոյն ազատ կարողութիւնն ունի ընտրելու բարին. եւ կրնայ ընտրել նաեւ չարը: Ընտրութեան այս կարողութիւնը ահաւոր եւ մեծ ուժ է, եւ մեր առջեւ կը դնէ ծանր յանձնառութիւնը կրթելու եւ դաստիարակելու այս ուժը՝ որուն զօրութեամբ գրեթէ բնազդաբար ընտրենք բարին եւ ո՛չ չարը:
Եկեղեցին նոր դպրոցն է, ուր կարող ենք ունկնդրել կեանքի դասեր, սորվիլ եւ ձեռք բերել այդ վեհագոյն գիտութիւնը՝ ընտրելու գերագոյն բարին, Աստուած, որ աղբիւրն է բոլոր բարի ձիրքերուն եւ կատարեալ պարգեւներուն:
Աստուածամօր ծննդեան տօնը առիթ թող ըլլայ մեզի՝ խորհրդածելու այս իրականութեան մասին. աղօթքի սուրբ դռներէն մտնելու Եկեղեցի, այս նոր դպրոցը, սորվելու թէ ի՛նչ է բարին. տեսնելու որ այս յարգի մարգարիտը նիւթական բարիք մը չէ, այլ ինքնին Աստուած՝ գերագոյն երջանկութիւն եւ անգերազանցելի Բարին: Տիրամօր մայրական գուրգուրոտ խնամածութեամբ ձեռք բերենք համեղ եւ ախորժ վարժութիւնը ընտրելու գերագոյն այս Բարին, եւ մնացած ամէն նիւթական բարիք պիտի տրուի մեզի հարիւրապատիկ:

