Խոնարհութեան ամէնէն ակնյայտ նշաններէն մին է ճանչնալ բարի խորհուրդը եւ հետեւիլ անոր: Բարի խորհուրդին հետեւելու կարողութիւնը շաղախն է, որ ամուր կերպով իրարու կը զօդէ անհատական մարդիկ՝ եւ կը կազմէ մեզ ընտանիք, ընկերութիւն, ազգ, եւ պետութիւն:
Առաջնորդութիւն ընդունիլ կը նշանակէ ճանչնալ Աստուծոյ գեղեցիկ ձայնը իր հրաշալի արարչութեան մէջէն եւ միանալ Անոր երգին՝ ներդաշնակօրէն եւ վայելչութեամբ:
Բայց, ինչպէս ամէն կարողութիւն, պէտք ենք մշակել եւ սորվիլ ի՛նչպէս նպատակաւոր կերպով գործածել մեր այս կարողութիւնը. դպրոց պէտք է մտնենք այս գիտութեան մէջ զարգանալու համար. պէտք ենք հաւատարմօրէն եւ ճշգրտօրէն կատարել հրահանգները, տնային պարտականութիւնները, որպէսզի կարենանք ձեռք բերել եւ հաստատել մեր սորված դասերը:
Աստուածային այս դպրոցը ժամացոյցով եւ օրակարգով չէ պայմանաւորուած. միշտ բաց է եւ միշտ կը պահանջէ մեր ներկայութիւնը, որովհետեւ ուսուցիչը Սուրբ Հոգին է՝ իր շնորհքներով եւ անսպառ մղումներով ու ցուցմունքներով:
Առաջին հրահանգը, ուրեմն, կը կայանայ մեր մտքին լսողութիւնն ու տեսութիւնը լարելուն մէջ: Շնորհքի այս հարուստ եւ ճոխ մղումները բռնել եւ արձանագրել մեր բնութեան մէջ՝ ընտիր յառաջընդաց կը բերէ. մեր առօրեան կը լիացնէ մխիթարութեամբ՝ ճիշդ որովհետեւ Սուրբ Հոգիին ներկայութեան ամէնէն անվրէպ նշանն է մխիթարութիւնը—Սուրբ Հոգին ինք Մխիթարիչն է:
Մկրտութեան խորհուրդին աղօթքները շատ գեղեցիկ եւ յստակ կերպով կը նկարագրեն այս դպրոցին բնոյթը. Սուրբ Հոգին կը նորոգէ մեզ իր լոյսով, եւ ով որ կ’օծուի սուրբ միւռոնին իւղով՝ անոր մէջ կը հաստատուի հոգեւոր իմաստութեան սրբութիւնը. աստուածային զօրութիւնը կը պատէ մեզ զգեստի նման, եւ առաքելական հաւատքին գիտութիւնը ձեռք բերելով՝ հաստատուն եւ ամուր կը մնանք չարին եւ սուտին հնարքներուն դէմ. կը սորվինք գտնել Աստուծոյ կամքը, կը փորձենք եւ կը զտենք մեր խորհուրդներն ու կամքի շարժումները՝ այնպէս որ ծանօթ դառնանք Յիսուսի ձայնին եւ հետեւինք այդ ձայնին յայտնած ուղղութեան եւ տուած խորհուրդներուն:
Աստուած ճշմարտութիւն է՝ յաւիտենական եւ անսահման. անկարելի է որ Յիսուսի ձայնը ներշնչէ աւելորդ, թեթեւսոլիկ, եւ յիմարական միտքեր: Ան միշտ կը մղէ մեր հոգիները կարեւոր եւ լուրջ բաներուն:
Աստուած լոյս է՝ պայծառ եւ ջինջ. անկարելի է որ խաւարային խորհուրդներ յառաջ բերէ մեր հոգիներուն մէջ: Ան միշտ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ լոյսով շողակաթ գործեր կ’առաջադրէ մեր հոգիներուն:
Աստուած հեզ է՝ խոնարհ եւ պարզ. անկարելի է որ հպարտութեան մղէ մեզ. ընդհակառակը, Աստուծոյ ձայնին հետեւող հոգին խոնարհաբար կ’ընդունի իր տգիտութիւնը, ճկուն է եւ որքան աւելի կիրթ ու մշակուած՝ այնքան աւելի ազատօրէն կը հնազանդի Սուրբ Հոգիին մղումներուն:

