Երկրաւոր հորիզոններէն դուրս ելլելու համար եւ բարձրանալու Երկինք, մարդկային մտածողութենէն ձերբազատուելու եւ Աստուծոյ պէս մտածելու համար՝ պէտք ենք մեր կողմնացոյցը լարել Տէր Յիսուսի վրայ. ինքն է ճանապարհը. բարի եւ ուղիղ, ճշմարիտ եւ կեանքով լեցուն:
Ամէն անգամ որ որոշում առնելու եւ ընտրութեան մը դիմաց գտնուինք՝ պէտք է նայինք այս կողմնացոյցին, ապահով ըլլալու համար որ կը մնանք ուղիղ ճամբուն վրայ եւ չենք կորսուիր:
Միշտ արթուն եւ պատրաստ հսկելու ենք որ Տէր Յիսուսի սէրէն տարբեր սէրեր չխանգարեն մեր կողմնացոյցին ձգողական դաշտը. մեր ամէնօրեայ աղօթքը քննութիւն պէտք է ըլլայ՝ մաքուր պահելու այս դաշտին տարածքը, պահպանելու անոր ընտիր եւ ջինջ յստակութիւնը, զոր մկրտութեան սրբարար շնորհքը հաստատած է, եւ ոչ թէ շատախօս խնդրանքներ՝ մեր ախորժակը յագեցնող նուէրներու:
Աղօթքի այս դպրոցին մէջ կը սորվինք ինչպէս կարդալ մեր կողմնացոյցին տուած տեղեկութիւնը. ի՞նչ հոգիի ազդեցութեան տակ կը դնենք մենք զմեզ երբ կը մեկնենք տրուած ուղղութեան իմաստը: Մեր կողմնացոյցը նշանն է որ ցոյց կու տայ երկնաւոր Հօր արքայութիւնը տանող ճանապարհը. կարո՞ղ ենք կարդալ եւ հասկնալ այդ նշանը:
Մեր կողմնացոյցը Աստուծոյ Խօսքն է՝ Տէր Յիսուս: Անոր ձայնը պէտք է ճանչնանք աշխարհի ժխորին մէջ. պէտք է մեր ականջները վարժեցնենք այդ ձայնին՝ Իր Աւետարանին ընդմէջէն, որովհետեւ միայն այդ ձայնը ունի զօրութիւնը ուղղութիւն տալու մեր իղձերուն: Աստուծոյ Խօսքը կը յայտնէ մեզի իր շնորհքը եւ կը բանայ այդ շնորհքին ուղիները մեր առջեւ՝ յագեցնելու մեր երջանկութեան ծարաւը, երբեմն մարգարէութեամբ, ուրիշ անգամներ գիտութեամբ, միշտ հաւատքով, բայց ամէն բանէ վեր՝ սիրով:
Միայն սիրով լեցուն այդ ձայնն է որ կարող է մեր մէջ բղխել կեանքի յաւիտենական ջուրը (Յովհաննէս 4.14), մեր բնութիւնը յաւիտենական կեանքով ոռոգելու համար. կը սնուցանէ մեզ անսպառ յոյսի շնորհքով, կը հաստատէ մեզ խաղաղութեան մէջ, որովհետեւ յարութեան այդ խօսքն է որ մեզ կ’ազատէ մահուան խռովութենէն: Քրիստոնէական կատարելութիւնը արդարեւ կը կայանայ ձեռք բերելուն մէջ գերբնական այս խաղաղութիւնը:
Մտնենք Աստուծոյ ձայնը ճանչնալու դպրոցը ոչ թէ մարդկային գիտութեան ճոխ պատրաստութեամբ, այլ՝ խոնարհութեան առաքինութեան աղքատութեամբ, որպէսզի մեր կողմնացոյցը տանի մեզ դէպի Երկնաւոր Հօր արքայութիւնը: Աստուծոյ ձայնը հրաւէր է, եւ եթէ վարժ չըլլանք լսելու այդ հրաւէրը, դուրս կը մնանք խաղաղութեան կոչունքին տօնախմբութենէն: Աստուածային որդեգրութեան սրբարար շնորհքը, որով Երկնաւոր Հայրը մեզ կը ստեղծէ որպէս իր զաւակները, մղիչ զօրութիւնն է մաքրելու մեր կարողութիւնները որպէսզի լսենք Աստուծոյ ձայնը: Այդ ազնուական դպրոցը պէտք է մտնենք եւ նուիրուինք սորվելու հոգեւոր նոր կեանքին կրթութիւնը:

