Ձեռք Բերել Խաղաղութիւն

Աւետարանին մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը թէ “խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, իմ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի. ոչ այնպէս ինչպէս աշխարհը կու տայ, կու տամ ես ձեզի” (Յովհաննէս 14.27), յստակ կերպով ցոյց կու տան որ մարդկային ըմբռնումին ծանօթ խաղաղութեան մասին չէ խօսքը: Ի՞նչ է տարբերութիւնը մարդկային ընկալումին խաղաղութեան եւ Յիսուսի ակնարկած այս խաղաղութեան միջեւ: Փորձենք կազմել ցուցակ մը այս երկու տարբեր խաղաղութիւնները բնորոշող առանձնայատկութիւններուն. յոյսով որ օգնէ մեզի տեսնելու իւրաքանչիւրին բնոյթը:


Մարդկային ընկալումով՝ խաղաղութեան առաջին եւ ամէնէն կարեւոր սահմանումը երկու պատերազմներու միջեւ երկարող հանդարտութեան ժամանակշրջանն է. պատերազմի չգոյութիւն է. անտեսանելի հանդարտութեան, արտաքին ապահովութեան վիճակ մը, որ հարկաւոր է մարդկային հասարակութեան անդամներուն հանգիստին եւ երջանկութեան համար: Կարգի ու կանոնի վիճակ մը, զերծ կռիւներէ եւ վէճերէ, բարեկարգութիւն՝ զոր կիրթ հասարակութիւն մը եւ զայն վարող օրէնքները կ’երաշխաւորեն:


Ովսէէ մարգարէն թէեւ մարդկային ընկալումին եզրերով, սակայն կ’աւետէ Աստուծոյ մտքին համաձայն խաղաղութեան իմաստը. “Այդ օր ուխտ պիտի դնեմ անոնց հետ, անապատի գազաններուն եւ երկնքի թռչուններուն եւ երկրի սողուններուն հետ. պիտի խորտակեմ աղեղ եւ սուր եւ ճակատամարտ՝ երկրէն, եւ պիտի բնակեցնեմ քեզ յոյսով. եւ պիտի նշանեմ քեզ ինծի յաւիտեան, արդարութեամբ եւ իրաւունքով պիտի նշանեմ քեզ ինծի, եւ ողորմութեամբ եւ գթութիւններով. պիտի նշանեմ քեզ ինծի հաւատքով եւ պիտի ճանչնաս Եահվէն:” (2.18–20):


Աստուծոյ խաղաղութիւնը անկարելի է բնութագրել արտաքին ազդակներով. գոռ ալիքներու փոթորկումը չի կարկիր եւ չի հանդարտիր եթէ ոչ Աստուծոյ տիրական ուխտին զօրութեամբ: Ուխտ մը որ ոչ միայն մարդը, այլ՝ անապատի գազանները, երկնքի թռչունները, եւ երկրի սողունները՝ ամբողջ արարչութիւնը, եւ այդ արարչութիւնը կեանքի զօրութեամբ հրահրող Աղբիւրը կը կապէ իրարու: Այս խաղաղութեան կապով, ահա՛, Աստուծոյ կեանքին զօրութիւնը կը սկսի հոսիլ ամբողջ արարչութեան կազմին մէջ եւ իր ներկայութեամբ կը հալածէ այնտեղէն չարին անհաւասարակշիռ խաւարը:


Յիսուսի տուած խաղաղութիւնը կ’ապահովէ Աստուծոյ ներկայութիւնը. արդարեւ, որեւէ միջավայր ուսկից մերժուած է Աստուծոյ ներկայութիւնը՝ կ’իյնայ չարին տիրակալութեան տակ. չէզոք տարածք գոյութիւն չունի: Եւ աչք աչքի դէմ, կամ ատամ ատամի դէմ հին պատուիրանական մտայնութիւնը ոչ ատակ է եւ ոչ ալ կարողութիւնն ունի ապահովելու հանդարտութեան եւ համերաշխութեան նոր գինին. այլ՝ ողորմութեան եւ գթութեան ու՛խտն է որ կը բերէ Աստուծոյ ներկայութիւնը հաստատող նոր արարածին նոր օրէնքը՝ հաւատք հայհոյութեան դէմ, յոյս մահուան դէմ, եւ սէր ընդդէմ ատելութեան:


Խաղաղութիւն ընդ քեզ:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment