Աստուծոյ Անունը–Եւ Ես

Ղուկաս կը պատմէ կարկամած կնոջ բժշկութեան դրուագը: Շաբաթ էր օրը, եւ Յիսուս ժողովարանի մը մէջ կ’ուսուցանէր, կ’ըսէ աւետարանիչը: Այդտեղ էր կին մը, որ տասնութը տարիէ ի վեր դեւի մը հիւանդութենէն բռնուած էր՝ կարկամած, ամենեւին անկարող վեր նայելու: (13.10–17):


Կինը չէր եկած բուժուելու համար, որովհետեւ տասնութ տարիներէ ի վեր կու գար ժողովարան լսելու Աստուծոյ խօսքը եւ իր աղօթքը նուիրելու Աստուծոյ. Յիսուսի քարոզութենէն շատ տարիներ առաջ. ոչ ալ կը մերձենայ Յիսուսի՝ բժշկութեան շնորհքը խնդրելու: Նկատի առած այն ժամանակներու տիրող անգութ տեսութիւնները, հաւանաբար հազիւ թէ թոյլ տուած էին անոր ժողովարան մուտքը, աչքէ հեռու տեղ մը քշելով զայն:


Յիսուս կը տեսնէ զայն: Փափկանկատ է մեր Տէրը. կը փնտռէ եւ կը գտնէ բոլոր անոնք որ կարիք ունին սիրոյ եւ գութի. Յիսուսի աչքերը լոյսով լեցուն են, եւ Նարեկացին գեղեցիկ կերպով կը նկարագրէ եւ կը թափանցէ այդ լոյսին աստուածային զօրութեան մէջ. “Զուարթ կը յայտնուիս իմ փրկութեանս համար, ով երանութիւն, պարարտութեան մը ախորժ տենչանքով կարծես լեցուած.” (3.1): Լոյսն է, որուն ծագումը կը փառաւորենք ամէն առաւօտ մեր ժամերգութեան մէջ, մեր օրը կ’անցնենք անոր խնամքին տակ, եւ կը գոհանանք երբ ամէն երեկոյ կը հաւագուինք նուիրելու մեր բանաւոր պատարագին օրհներգութիւնը–եթէ հաւատարիմ կերպով կը հետեւինք Հայ Եկեղեցւոյ Հասարակաց Աղօթքի Կարգաւորութեան:

Եւ Տէրը կանչեց կարկամած կինը ժողովարանին հեռաւոր անկիւնէն դէպի իր մօտ. ինք նստած էր պատուոյ տեղը՝ ուսուցանելու, եւ ամէնուն աչքերը իր վրայ սեւեռած էին. դրաւ ձեռքը կնոջ վրայ եւ բուժեց զայն. սրբեց զայն հիւանդութենէն, ներկայացուց իր Հօր որպէս ընդունելի պաշտօն (Ղեւտական 1.3–4). եւ կինը անմիջապէս սկսաւ փառաւորել զԱստուած՝ կը նշէ Ղուկաս:


Ժողովարանին նախագահը բարկացաւ եւ յիշեցուց բոլոր ներկաներուն, ներառեալ՝ Յիսուսի, որ Աստուծոյ օրէնքը ի՛նչ էր. ժողովրդապետը շատ լաւ գիտէր Իսրայէլի Աստուծոյ օրէնքը. շաբաթը եօթ օրեր ունէր, եւ ամէնքը կրնային վեց օր ներկայանալ բուժումներ ստանալու. բայց եօթներորդ օրը սուրբ էր եւ միայն Աստուծոյ վերապահուած: Պատմութեան ընթացքէն այնպէս կ’երեւի, որ վէճ մը ծագած ըլլալու է Յիսուսի եւ Աստուծոյ իրաւունքները պաշտպանողներուն միջեւ: Յիսուսի աչքերուն լոյսը կը թափանցէ ընդդիմախօսներուն հոգիներուն մէջ եւ անոնց կեղծաւորութեան հիւանդութիւնը մէջտեղ կը հանէ: Ձեզմէ ո՞վ իր եզան կամ իշուն ջուր ու խնամք կը զլանայ շաբաթ օրով, իսկ այս “Աբրահամի դուստրը” (հր. 16), որ մեր ընտանիքին անդամ է, ի՞նչպէս չարժանանայ գութի եւ սիրոյ: Յուզիչ է Յիսուսի արտայայտութիւնը, “Իսկ Աբրահամի այս դուստրը,” որով Տէրը կը փորձէ գութ յառաջացնել քննադատներուն մէջ…


Նոյն տրամաբանութեամբ, ի՞նչ կը մտածենք երբ կ’աղօթենք “Հայր մեր”ը. արդեօք մեր միտքէն կ’անցնի՞ որ մեր ընկերը, կարկամած, մեղաւոր, անկեալ, սխալներով լեցուն…զաւակն է նոյն Երկնաւոր Հօր, եւ մենք պէտք ենք գութ ու խնամք ունենալ՝ այդ ազնուական ազգակցութեան զօրութեամբ:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Post a comment