Աստուծոյ Սուրբ Հոգիին վարժապետութեան տակ կը սորվինք խօսիլ Աստուծոյ լեզուն, եւ այդ Խօսքը իր զօրութեամբ կը ծլի եւ կ’աճի մեր բնութեան մէջ, կ’առնէ մեր բնութիւնը եւ կը փոխակերպէ զայն Աստուծոյ պատկերին. կը սկսինք մտածել Աստուծոյ միտքով, կը գործենք Քրիստոսի Սուրբ Հոգիով: Կ’ապրինք Աստուծոյ կեանքը՝ Իր ստեղծագործ Շունչով որ կը կենագործէ մեր ապստամբ բնութիւնը, սորվեցնելով մեզի հնազանդութեան ազատ ուղին. կը նորաստեղծէ մեզ եւ իր Անունը կու տայ մեզի, որդեգրելով մեզ եւ իր հաճութիւնը տարածելով մեր վրայ:
Աստուած իր սուրբ Անունով կը սահմանէ մեր ինքնութիւնը, մեր “ես”ը: Կը հաստատէ գերագոյն աստիճանի ազնուական մեր ծագումը, որուն զօրութեամբ կը համարձակինք “Հայր” կոչել զԱստուած:
Որպէս Աստուծոյ ծառաներ եւ ընտրեալ որդիներ՝ ստացանք մեր Հօր Հոգին, եւ սահմանուած ենք իրաւունք եւ արդարութիւն սփռելու մեր չորս բոլորը: Եսայի մարգարէն կը գծէ նկարագիրը Աստուծոյ Հոգին կրող այս ծառային: Ան չ’աղաղակեր եւ չի վիճիր. ոչ ոք մէջտեղերը կը լսէ այս ծառային գոռգոռը: Ջաղջախեալ եղէգը չի բեկաներ, ոչ ալ կը շիջուցանէ առկայծեալ պատրոյկը: Ճշմարտութեան մէջ կը հաստատէ իրաւունքը, կը ծագի եւ չի խորտակուիր եւ նոյնիսկ հեթանոսները յոյսով կը լեցուին այդ անունը լսելով (Եսայի 42.1–4):
Երկնաւոր Հայրը իր ծառան կը կարգէ որպէս իր Ուխտը՝ լուսաւորելու համար հեթանոսները (42.6): Այս լոյսով կը բանայ կոյրերուն աչքերը, խաւարին բանտերէն ազատ կ’արձակէ կապեալները. “Ես եմ, Եահվէ է իմ անունս, եւ իմ փառքս ուրիշին չեմ զիջիր, ոչ ալ քաջութիւնս՝ դրօշեալներուն:” (42.8):
Ե՞րբ պիտի համոզուինք մեր կոչման բարձրութեան եւ ընդունինք մեծագոյն պատիւը եւ հրաւէրը ըլլալու կրողներ Աստուծոյ Անուան, թէ Ի՛րն ենք մենք (Եսայի 43.1): Սեփականութիւն՝ որուն շնորհիւ պատուական դարձանք, եւ Աստուծոյ առջեւ փառաւոր, եւ Աստուծոյ սիրելի (43.4):
Փոխանակ մեր մարդկային վրիպած միտքով մենք զմեզ կանգնելու դրօշեալ կուռքեր, ուրագը ձեռք առած դիւրավառ փայտ տաշելով կոփելու վաղանցուկ անուն մը՝ մարդկային գեղեցկութեան կանոններուն հետեւող պատկեր մը՝ ե՞րբ պիտի կանգնինք մեր Հօր դիմաց, որ զմեզ յաւիտեան մարդ արարչագործեց իր իսկ պատկերին օրինակով (44.7,12–14):
Աստուծոյ որդիներն ըլլալու ինքնութեան գիտակցութիւնը մեր մէջ կը վառէ լոյս մը, որ այս աշխարհէն չէ. այդ լոյսին փայլը չի շլացներ մեր ընկերները՝ ըլլան անոնք հաւատացեալ կամ ոչ, այլ կը ջերմացնէ անոնց ոչ միայն հոգիները այլ ամբողջ մարդկային բնութիւնը եւ կը պատրաստէ զանոնք ընդունելու այդ ընտիր եւ կեանքով յորդող լոյսին ակունքը՝ Տէր Յիսուս. կը լուսաւորէ ամէնուն առջեւ բացուող ուղին: Այդ լոյսին զօրութեամբ մենք կը դառնանք Աստուծոյ կերպարանքը. ունայնացնելով մեր եսը կը լեցնենք զայն Ամենասուրբ Երրորդութեան կեանքով, կը դառնանք ժառանգորդներ Աստուծոյ շնորհած գերազանց եւ ամէն բանէ վեր սուրբ Անունին: (Փիլիպեցիս 2.6–7, 9):

