Բարեպաշտութիւնը պէ՞տք է սահմանափակուի սովորութիւններու մէջ. Ծննդեան զարդերը մէջտեղ հանելու, եղանակային ճաշերը պատրաստելու, Կաղանդ պապային գալուստը ողջունելու, տուն-տեղ տօնական լոյսերով զարդարելու. միայն ա՞յսչափ:
Եթէ Մկրտութեան կոչումով քրիստոնեան կը պատուաստուի Տէր Յիսուսի Մարմնին վրայ, ուրեմն Անոր բնութեան՝ Եկեղեցիին մաս կը կազմենք: Աղօթք եւ Աստուած մեր հոգիներուն մէջ յարգի եւ պատուական տեղ կ’ունենան: Ուստի տօնին օրը Աստուծոյ տունը երթալով՝ կը սպասենք հաղորդուիլ մեր Աստուծոյն հետ եւ Անոր ներկայութեան շնորհքներով կը հաւատանք վերանորոգել մեր մարդկութիւնը:
Ղուկաս եւ Մատթէոս աւետարանիչներուն պատմած դէպքերը պարզ բառերով կը նկարագրեն մեծ եւ սքանչելի խորհուրդ մը. զարդարուն մանրամասնութիւններ չունին. միայն կարեւոր կէտերը յիշուած են. այն կէտերը՝ որ Աստուծոյ սահմանած փրկութիւնը կ’իրականացնեն:
Յիսուսի ծնունդը այսպէս եղաւ, կ՛ըսէ Մատթէոս (1.18), ամէնէն անպաճոյճ բացատրութեամբ: Դէպքերուն հոլովոյթը մեծ եւ կարեւոր ըլլալու արտաքին շռինդն ու աղմուկը չունին. պարզունակ, խոնարհ ընտանիք մըն է որ կը ճամբորդէ, հպատակելու համար մարդահամարի հրամանին: Անոնց ճամբորդութիւնը կը հանդիպի Մարիամի յղութեան վերջին օրերուն, երբ ան պէտք ունէր մնալու Նազարէթի բնիկ տան մէջ եւ պատրաստուելու ծննդաբերութեան:
Մարիամ եւ Յովսէփ գիտէին որ դժուար պիտի ըլլար այս ճամբորդութիւնը: Մանուկին ապահովութիւնը հոգալով՝ Մարիամ երկար ամիսներ պատրաստած էր Մանուկին համար հագուստ, եւ խանձարուրն ու պէտք եղածը կապած էր. Բեթղեհէմ հասնելնուն՝ Յովսէփ իջեւան փնտռեց, բայց իրենց համար տեղ չկար, ուստի ապաստան գտան ախոռի մը մէջ:
Մկրտութեան խորհուրդին զօրութեամբ իւրաքանչիւրս կապուած ենք Յիսուս Մանուկին, եւ նոյն այդ խորհուրդին զօրութեամբ այսօր կրնանք մեր տուներուն մէջ իջեւան տալ Մարիամի եւ Յովսէփի, որպէսզի Յիսուս ծնի մեր մէջ. մեր մարդկային ամբողջ բնութեան մէջ. եւ ծագէ իր արդարութեան արեգակը ջերմացնելու եւ կեանք տալու համար մեր ամէն խորհուրդներուն եւ գործերուն:
Տօնական մսուրները եւ տօնածառերը թող չմնան լոկ զարդեր, որ տան միայն զգացական խնդութիւն, այլ դառնան առիթներ ներկայ դարձնելու Մանուկ Յիսուսի ծնունդը մեր տուներուն մէջ, լսելու աստուածային Մանուկին առաջին ճիչը մեր բնութեան մէջ, եւ թոյլ տալու որ աստուածային Մանուկին այդ առաջին ձայնը Հօր արքայութեան յաւիտենական կեանքը աւետէ մեր մէջ:

