Ինչպէս Գրիգոր նարեկացին կ’աղօթէ, յոյսը բարակ եւ անզօր առասանի մը կը նմանի, բայց որ Յիսուսի ձեռքերուն մէջ կը ստանայ աստուածային զօրութիւն՝ քաշելու մեզ դուրս մահուան եւ խաւարին իշխանութենէն, դէպի սիրոյ երկնաւոր կեանքը: (Բան 25.2):
Չըլլայ թէ մեր հոգեւոր կեանքի սեղանէն վար թափենք յոյսի փշրանքները, որովհետեւ նոյնիսկ ամէնէն փոքր նշխարն անգամ յաւիտենական կեանքին զօրութիւնն ունի:
Դէպի Եմմաւուս վերադարձող երկու աշակերտներուն նման չկորսնցնենք այս յոյսը. անոնք Յիսուսի բացատրեցին թէ ինչու՛ թախիծը պատած էր իրենց հոգիները. “մենք յոյս ունէինք որ…” (Ղուկաս 24.21), բայց հիմա այլեւս այդ յոյսի կայծը մարած էր անոնց հոգիներուն մէջ:
Դատելով Յիսուսի մի քիչ խոցող պատասխանէն–“Ո՜վ յիմարներ…”–անոնց սիրտերը դադրած էին ըլլալէ կեանքի եւ իմացութեան բաբախող կեդրոնները. որպէս աղբիւրը անոնց միտքերուն, փափաքներուն, համակրութեան եւ կամքի նպատակներուն՝ անոնց սիրտերը կեցած էին մղելէ զիրենք դէպի կեանքի գերագոյն նպատակը՝ ամփոփուած “յոյսին” մէջ, որ Յիսուսի աշակերտներուն համար Երկնաւոր Հօր սէրէն բղխող աղբիւրն էր:
Յիսուսի հաստատած Նոր Ուխտն է այդ Յոյսը, որուն վրայ հիմնուած էր Առաջին Ուխտը զոր Աստուած կնքած էր Աբրահամի հետ, եւ որ մարդուն ընտանութիւնը չարին հետ՝ մաշեցուցած էր վերածելով զայն հին տիկերու, այլեւս անկարող տանելու աստուածային հզօր սիրոյն զգլխիչ գինին: Այդ Յոյսն էր, զոր Երկնաւոր Հայրը աշխարհ ղրկեց՝ որպէս Իր իսկ Միածին Որդին, որպէսզի Անոր մէջ կարողանանք գտնել մեր կատարեալ պատկերն ու նմանութիւնը, այսինքն՝ այն ինչ սուրբ գիրքերը եւ ինքնին Յիսուսի քարոզութիւնը կը կոչեն մեր փրկութիւնը:
Յոյսը երկնաւոր սնունդն է՝ որ կարելի կը դարձնէ մեր մարդկային բնութեան մէջ սիրոյ կեանքը: Աստուածային սրբութեան կաթիլն է, որ ցօղելով մեր հոգիներուն մէջ՝ կը ցանէ այնտեղ Աստուծոյ սէրը, այսինքն՝ Անոր ինքնութիւնը–արդարեւ, Աստուած Սէր է:
Աշխարհական հրապոյրներուն յորձանուտ մղումներուն մէջ, յոյսը երկնաւոր եւ անքոյթ նաւահանգիստին ուղղութիւնը կը փայլեցնէ: Անոր շնորհաբեր ճառագայթները կը գծեն մեր առջեւ ամէնէն ապահով եւ ուղիղ ճամբան դէպի Աստուծոյ սէրը: Յոյսին ձայնը աւելի հզօր է քան փորձութիւններուն գանգիւնը, անոր երգը աւելի դիւթիչ է քան չարին սադրանքները. անոր պաշտպանութեան հովանին ապաւէն է եւ սուրբ կայան դէպի Աստուած մեր ճանապարհորդութեան ամբողջ տեւողութեան, որովհետեւ անսպառ է իր առատութեամբ:
Մօտենանք յոյսի կենսատու սեղանին, եւ ամէն օր լեցնենք մեր տիկերը այդ առատ աղբիւրէն, եւ երբեք ի թերեւ պիտի չելլեն մեր ակնկալութիւնները Աստուծոյ հարուստ ներկայութեան, ինչպէս Յիսուս եղաւ դէպի Եմմաւուս հեռացող իր աշակերտներուն կողքին:

